ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ
Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքէն ներս, շաբաթավերջին փայլուն համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Մեներգիչներ Լեռնա Աքպուլութ, Տիանա Յարութիւնեան, Արթիւր Պաղտասարեան եւ Արի Էտիրնէ կեանքի կոչեցին այս համերգի ծրագիրը՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ փրոֆ. Մարգարիտ Սարգսեանի։
Ձեռնարկը հովանաւորեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Ներկայ էին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Տ. Յովակիմ Վարդապետ Սերովբեան, Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆէնէրճեան եւ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեան։ Մխիթարեանի Իսթանպուլի վանատան հայրերը, մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ գործակից ընկերները, նաեւ դպրոցի տնօրէնուհիները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, իսկ ձեռնարկի աւարտին, ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ, յուշանուէրներ յանձնեցին արուեստագէտներուն։
«Ողջո՜յն գարնան» կարգախօսով կազմակերպուած եւ Մխիթարեանի 200-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգը նշանաւորուեցաւ արուեստագէտներու վարպետութեան վառ դրսեւորումներով։