ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԵՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Բարեկենդանի աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Օրուան պատգամին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ Մեծ պահքի շրջանը իւրաքանչիւրին համար կեանքը կատարելագործելու հնարաւորութիւն մըն է։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Հաւաքոյթի ընթացքին տօնախմբուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դասի հիմնադրութեան 116-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 93-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Յայտագրին մաս կազմեց Բարեկենդանի աւանդական տողանցքը։ Երգչախումբը հանդէս եկաւ աշխարհիկ երգերով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ գնահատեց երգչախումբին ծաւալած գործունէութիւնը:

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025