ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սի գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Հարկ է նշել, որ այս շրջա­նին ի հի­մա­նէ կը բե­րա­կար­գուի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­նե­րուն՝ Պա­լեան բա­րե­համ­բաւ ու բա­րե­յի­շա­տակ գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն շի­րի­մը։ Այս ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նացուի «Հայ­ճար»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րուն բա­րե­րա­րու­թեամբ ձեռ­նար­կուած է այս կա­րե­ւոր գոր­ծին, որ զա­նա­զան ա­ռում­նե­րով կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ։

Պա­լեան­նե­րու շի­րի­մը ու­նի ըն­դար­ձակ տա­րա­ծու­թիւն։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ան կը մնար իր ա­ւան­դա­կան ձե­ւին մէջ։ Կա­րե­լի չէ ը­սել, որ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը խնամ­քէ զուրկ թո­ղած էր Պա­լեան­նե­րու շի­րի­մը, սա­կայն ա­նոր ա­ւան­դա­կան ձե­ւը չէր ցո­լաց­ներ Պա­լեան­նե­րու համ­բա­ւին հա­մա­պա­տաս­խան շուք մը։ Բնիկ սկիւ­տար­ցի Քըր­մը­զեան ըն­տա­նի­քի շա­ռա­ւիղ­նե­րը՝ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րը փա­փա­քած են Պա­լեան­նե­րուն հա­մար ա­պա­հո­վել ա­նոնց թո­ղած ժա­ռան­գին ու վա­յե­լած համ­բա­ւին հա­մա­պա­տաս­խան՝ յու­շար­ձա­նա­յին ձե­ւա­չա­փով յա­ւի­տե­նա­կան հանգս­տա­րան մը։ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րը, ո­րոնք ար­տա­սահ­ման հաս­տա­տուած ըլ­լա­լով հան­դերձ կա­յուն կապ կը պա­հեն ի­րենց ծննդա­վայ­րին հետ, այս մտադ­րու­թիւ­նը նախ բաժ­նած են գե­րեզ­մա­նա­տան տնօ­րէն Ստե­փան Թա­լաս­լըօղ­լուի հետ։ Նկա­տե­լով օգ­տա­կար մտադ­րու­թիւ­նը՝ տնօ­րէ­նը կապ ա­պա­հո­ված է Քըր­մը­զեան­նե­րուն եւ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեա­նի մի­ջեւ։ Այս վեր­ջինն ալ ող­ջու­նած է Քըր­մը­զեան­նե­րուն կող­մէ յղացուած գա­ղա­փա­րը եւ ի վեր­ջոյ ծրա­գի­րը գործ­նա­կան փուլ թե­ւա­կո­խած է՝ «Հայ­ճար»ի մաս­նա­գի­տա­կան ներդ­րու­մով եւ ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Ներ­կա­յիս Պա­լեան­նե­րու շի­րի­մը ար­դէն չու­նի նախ­կին տես­քը։ Ամ­փո­փուած ա­ճիւն­նե­րու հա­տուած­նե­րը ա­ռանձ­նա­ցուած ըլ­լա­լով այն­տեղ կը կա­ռու­ցուի յու­շար­ձա­նի ձե­ւա­չա­փով նոր շի­րիմ մը։ Ա­նոնց յա­ւի­տե­նա­կան հանգս­տա­րա­նը եր­կինք պի­տի խո­յա­նայ պե­թո­նէ հիմ­քե­րու վրայ։ Ե­րէկ, բա­րե­րար Հրաչ Քըր­մը­զեան եւ «Հայ­ճար»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը միաս­նա­բար այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը՝ շի­նա­րա­րու­թեան վայ­րը։ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին Հրաչ Քըր­մը­զեա­նին։ Ի­րա­րու մէջ ան­ցած եր­կու կի­սա­կա­մար­նե­րու տես­քով, սիւ­նա­զարդ ձե­ւով կը հաս­տա­տուի այս նոր շի­րի­մը, ո­րուն շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­ւա­նա­բար ա­ւար­տին յա­ռա­ջի­կայ Փետ­րուա­րին, իսկ գար­նան նա­խա­տե­սուած է բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Ըն­թաց­քին կը խնա­մուին նաեւ շիր­մի հին քա­րե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն լուրջ ար­ժէք։ Ընդ­հա­նուր մաք­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ռըն­թեր, կը յստա­կա­ցուին նաեւ այդ տա­պա­նա­քա­րե­րուն վրայ բա­նուած փո­րագ­րու­թիւն­նե­րը։

Պա­լեան­նե­րու նոր շի­րի­մի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ սրտի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Հրաչ Քըր­մը­զեան, «Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօֆ, աշ­խոյժ տար­րե­րէն Նա­զար Պի­նաթ­լը եւ Դա­ւիթ Այ­նա­լը։ Հարկ է նշել, որ յու­շար­ձա­նի նա­խա-գըծին հե­ղի­նակ­ներն են՝ Դա­ւիթ Այ­նա­լը, Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ եւ Նա­զար Պի­նաթ­լը։ 

Ներ­կա­յիս ամ­բողջ թա­փով կը շա­րու­-նակուին Պա­լեան­նե­րու յու­շա­կո­թո­ղի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015