ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ
Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբը վերջին շրջանին ապահոված է յաղթական ընթացք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է։ Այսպէս, Թուրքիոյ պասքեթպոլի լիկի F խմբակին մէջ շիշլիցիները բոլոր՝ ութ խաղերէն յաղթական դուրս եկան՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը։
Աւագ մարզիչ Թուրկայ Վէյսէլ Եիւճէլի մականին ներքեւ խումբը ներկայիս աւարտական փուլի մրցումներուն կը պատրաստուի։
Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք նշած է, որ այս յաղթարշաւին մէջ բոլոր դեր ստանձնածներուն նկատմամբ կայ մեծ գնահատանք։ Ան նշած է, որ Շիշլի մարզակումբը բոլոր ճիւղերու մէջ կը դրսեւորէ իր տարբերութիւնը։
Շիշլիի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.
Ալեքս Քոստանդինիտիս, Ալէն Նուրիճան, Արտէն Ինճէկիւլ, Առէն Կեչէր, Առէն Մուխթարեան, Այգ Չամքերեսթէճեան, Այգ Էլիպոլ, Ազատ Տեմիրքըրան, Պերկ Տենիզ Կէօչէք, Ճան Այքա, Տորուք Չաղան Էրտէմ, Մուհամմէտ Չեւրէ, Ռոպին Հիճազօղլու, Թահա Սելման Տեմիր, Թայկա Եուճա, Թոփրաք Էլիք եւ Ութքու Պարըշ Թիւլիւ։