ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս, ներկայ ուսման շրջանի երկրորդ եռամսեան կը բնորոշուի՝ մասնաւորապէս մարմնամարզի ձեռնարկներու աշխուժութեամբ։ Շաբաթավերջին, համայնքային 14 վարժարաններու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ Տատեանի երդիքին տակ։ Դպրոցի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Երեք օրերու վրայ տարածուած ծրագիր մը ունէր այս միջվարժարանային նախաձեռնութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուած խանդավառութիւնը գագաթանակէտին հասաւ մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին։ Հիւրերու շարքին էին երախտաշատ բարերար Եթքին Պէրպէրօղլու, Տատեան գերդաստանի շառաւիղներէն Ռոպէր Տատեան, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ յայտնի հասարակական գործիչ Վազգէն Պարըն։

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ այլ պատասխանատուներ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Զանազան ճիւղերու մէջ դափնեկիր դարձած խումբերու անդամները ջերմ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց բաժակներն ու մետայլները։ Մրցանակ յանձնողներու շարքին էր նաեւ բարերար Եթքին Պէրպէրօղլու։

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025