«ԱՐՄԵՆԻԱ-ԷՔՍՓՕ 2015» ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Արմենիա-Էքսփօ 2015» տարեկան ցուցահանդէսին հանդիսաւոր բացումը։ Արդէն 15-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս ցուցահանդէսը, որու բացումը պատուեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Համաշխարհային մակարդակով առեւտրաարդիւնաբերական տօնավաճառ մըն է այս մէկը, որ նոյն հարթակին վրայ կը համախմբէ Հայաստանի խոշորագոյն արտադրողները՝ աւելի քան հարիւր ընկերութիւններ, ընկերակցութիւններ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ արդիւնաբերական բնագաւառի ձեռնարկատէրեր։ Այս տօնավաճառը մասնակիցներուն համար հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ներկայացնելու իրենց արտադրանքը, գտնելու շահաւէտ գործընկերներ կամ օտարերկրեայ ներդրողներ։ Ցուցահանդէսը կը նպաստէ նաեւ յաջող մարքեթինկի իրականացման, արդիւնաբերական արտադրութեան ոլորտի վերջին զարգացումներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ մասնագէտներուն եւ գործարարներուն տեսակէտէ եւ ի լրումն այս բոլորին փորձագիտական ու նորարական համակարգերու նորութիւններուն հետեւելու լաւ առիթ մը կը հանդիսանայ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իրեն ընկերակից բարձրաստիճան պաշտօնատարները ցուցահանդէսի բացման ընթացքին շրջայց մը կատարեցին տաղաւարներով, ծանօթացան արտադրութիւններուն։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան զրուցեց ցուցահանդէսին մասնակից ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ հետաքրքրուելով անոնց ձեռքբերումներով, խնդիրներով եւ հետագայ զարգացման ծրագրերով։
«Արմենիա-Էքսփօ 2015» տօնավաճառի բացման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան եւ Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան։