ՀԱԳՈՒՍՏ՝ ԿԱՐՍԷՆ, ԽԱՐԲԵՐԴԷՆ, ԱՅՆԹԱՊԷՆ, ԿԵՍԱՐԻԱՅԷՆ… ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՄՈՅՇՆԵՐ
Ինչպէս այսօր, անցեալին նոյնպէս հասարակութիւններ մեծ տեղ տուած են հագուստին, անոր լրացումներուն եւ առհասարակ կարեւորուած է մարդու ներկայանալի տեսքը։ Բարեկեցիկ հասարակութեան մէջ առաւել եւս միշտ ալ գնահատելի եղած է լաւ հագուկապը։
19-20-րդ դարերու Երեւանի հասարակութիւնը յառաջադէմ կը սեպուէր․ այդ տարիներուն Երեւանի մէջ արհեստներն ու առեւտուրը բուռն զարգացում կ՚ապրէին: Ռուս-պարսկական պատերազմէն յետոյ հաստատուած խաղաղութիւնը, կարաւաններու անվտանգ երթեւեկութեան ապահովումը, չափ ու կշռի միասնական միաւորներուն գործադրումը, մաքսային համակարգի, դրամական հարկերու սահմանումը, ճանապարհաշինութեան զարգացումը, հեռագրական կապի ստեղծումը, թղթատարական կապի մշտական հաստատումը՝ Երեւանի մէջ տակաւին 18-րդ դարէն խթանած են առեւտուրը։ Երեւանցի խոշոր վաճառականները կը զբաղէին նաեւ բամպակի վերավաճառքով եւ ներկրուած կտորեղէնի առեւտուրով՝ յաճախ ճանապարհորդելով Պոլիս, Մոսկուա, Թիֆլիզ, Մարսէյլ։ Այդ տարիներուն Երեւանի մէջ հարիւրէ աւելի գործարաններ կային՝ պահածոներու, բամպակազտիչ, գարեջուրի, հանքային ջուրերու եւ այլն, կային տպարաններ, ձիթհաններ։ Այդ ամէն ինչը նպաստած է բնակիչներու կենցաղի բարելաւման, մարդիկ հասարակութեան մէջ, զանազան առիթներու գեղեցիկ, տպաւորիչ հագուստ կրելու կը ջանային։ Հագուստը նաեւ ընտանիքին ապրելակերպը, աւանդոյթները, ճաշակը, հասարակութեան մէջ անոր ունեցած դիրքը ցոյց կու տար։ Կը յատկանշուէր՝ մանաւանդ կիներու հագուստը, զարդերը․․․
Այդ դարաշրջանին նաեւ Երեւանի մէջ բազմաթիւ էին կանացի արդուզարդի եւ հանդերձանքի խանութները։ 19-20-րդ դարու մամուլի էջերուն մէջ կարելի է յաճախ տեսնել այդ խանութներուն գովազդները, ունեցած ապրանքներուն ցանկը։ Քաղաքային մամուլը՝ (օրինակ՝ «Երեւանեան յայտարարութիւններ» թերթը) մանաւանդ տեղեկութիւններ կու տար այդ խանութներուն մասին։ Կը կարդանք գովազդային նիւթեր ո՛չ միայն կիներու, այլեւ՝ տղամարդոց հագուստի մասին։ Թերթերուն մէջ կը յայտարարուէր, որ գուլպաներու, ձեռնոցներու, ժանեակներու, ծածկոցներու տեսականի կարելի էր գտնել Երեւանի մէջ գործող «Նատեժտա» արդուզարդի խանութին մէջ։ Նոյն ժամանակաշրջանին Վարդանեան եղբայրներու գործուածքներու խանութին մէջ կը վաճառուէին արտասահմանեան եւ ռուսական յայտնի գործարաններու ապրանքներ, իսկ Տէր-Օհանեանցի խանութին մասին գրուած էր, որ հոն կան նորաձեւ գուլպաներ եւ սեղմիրաններ:
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Այդ տարիներուն հայ կիներու կրած հագուստի, անոնց հետ գործածած պայուսակներու, զարդերու, հովանոցներու, հովահարներու եւ այլ լրացումներու բացառիկ նմոյշներ պահպանուած են Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։ Հայաստանի մէջ կիներու միամսեակի առթիւ յատկանշական ցուցահանդէս մը բացուած է թանգարանին մէջ, որ լայն պատկերացում կու տայ 19-րդ դարու եւ 20-րդ դարասկիզբի երեւանցի կիներու հանդերձանքի՝ մանաւանդ ներքնազգեստի մասին։ Այդ տարիներուն տարածուն եղած են ասեղնագործ հագուստները, ձեռակերտ իրերը, ձեռագործները, որոնք ա՛լ աւելի արժէքաւոր դարձուցած են հագուստը։ Ֆրանսական լաւագոյն գործուածքներուն վրայ յաճախ կ՚աշխատցուէին հայկական աւանդական նախշեր, իսկ ատոնք վերջնական տեսքի կը բերուէին կարի արհեստանոցներուն մէջ։
Առաջին իսկ օրէն «Կնոջ զգեստապահարանի գաղտնիքը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը մեծ արձագանգ եւ ընդունելութիւն ունեցաւ։ Շեշտուած է մա՛նաւանդ ժամանակին գաղտնի պահուող ներքնազգեստը, որ կիներ կրած են զանազան ձեւերով, եղած են ներքնատաբատներ, կրկնավարտիքներ, երկար վարտիքներ, իրանը սեղմող շապիկներ,փոխանորդներ, ներքնագօտիներ եւ այլն․․․
Եթէ Երեւանի Պատմութեան թանգարանը ժամանակ առ ժամանակ ցուցադրութեան կը հանէ իր հաւաքածոյին հագուստները, ապա ներքնազգեստները կը ցուցադրուին առաջին անգամ։
Ցուցահանդէսի խորագիրն ալ կը վերաբերի մանաւանդ ներքնազգեստին՝ «Կնոջ զգեստապահարանի գաղտնիքը»․ այդպէս կոչուած է, քանի որ ներքնազգեստը կը պահուէր պահարանին ետին կամ խորը դարակներուն մէջ, փաթթուած կ՚ըլլար ուրիշ կտորներով, ժանեակներով, կը դրուէր ձեռագործ նուրբ պարկերու մէջ եւ որպէս այդպիսին գաղտնիք էր դուրսի աչքի համար։ Այսօր այդ գաղտնիքը մէջտեղ հանուած է եւ մէկ ամիս տակաւին պիտի ցուցադրուի թանգարանին մէջ։
Երկարափէշ զգեստներու տակէն հագնուող ներքնազգեստը հագուստի պարտադիր մաս կազմած է, նաեւ իր մէջ կրած է այդ դարաշրջանի նորաձեւութեան բոլոր տարրերը։
Միաժամանակ ներքնազգեստը միայն հագուստի մասնիկ չէր, այլ կանացիութիւն, նազանք եւ հրապուրանք խորհրդանշող իմաստ մը ունէր։
Այդ ժամանակաշրջանին պակաս կարեւոր չէին քունքակախիկները, օծանելիքը, սպասքը, մանաւանդ՝ կահոյքը, որու խորապատկերին ալ ցուցադրուած են միւս հիանալի նմոյշները։
Ցուցահանդէսէն յստակ կը դառնայ, որ երեւանցի կիներ հետեւած են եւրոպական նորաձեւութեան, հայ դերձակները անմիջապէս ընդօրինակած են զարգացած քաղաքներուն մէջ տարածուած հագուստի, պայուսակի ձեւերը, իսկ շատ յաճախ ալ կիներ զանոնք ձեռք բերած են արտասահմանէն։ Յարգի եղած է ինչպէս արտասահմանեան հագուստը, այնպէս ալ տեղացի նշանաւոր դերձակներուն մօտ կարուածը։
Երեւանը աւանդաբար ունեցած է լաւ դերձակներ, որոնք իրենց արհեստը սերունդէ սերունդ կը փոխանցէին եւ մինչեւ շուրջ երեսուն տարի առաջ ալ Երեւանի մէջ տակաւին կային ընտանեկան աւանդոյթներով աշխատող նշանաւոր դերձակներ։
«Կնոջ զգեստապահարանի գաղտնիքը» ցուցահանդէսին ներկայացուած հինգ հարիւր նմոյշներն ալ ինքնատիպ են եւ անկրկնելի։
Ցուցահանդէսի գլխաւոր զարդը կը նկատուի երեւանցի կնոջ հարսանեկան զգեստը՝ շատ նուրբ երանգով, որ ամբողջութեամբ ձեռագործ է, զարդարուած է՝ գօտի-գոգնոցով, որուն վրայ ասեղնագործուած են կենաց ծառի, պտղաբերութեան եւ այլ խորհրդանիշներ։
Ցուցադրութիւնը կ՚ամբողջացնեն նամակները, լուսանկարները, կարի մեքենաները եւ լուսանկարչական սրահը, ուր այցելուները կրնան լուսանկարուիլ իրենց նախընտրած զարդով կամ հագուստով։
ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐ
Ցուցահանդէսին ներկայացուած աշխատանքներէն ուշագրաւ են՝ մանաւանդ ասեղնագործուած ներքնազգեստներուն եւ միւս հագուստներուն նմոյշները։ Անոնց մեծ մասը Երեւան հասած է Կարս, Խարբերդ, Կեսարիա, Այնթապ, Հալէպ, Դամասկոս, Աղեքսանդրապոլ եւ այլ քաղաքներէն․ ամէն մէկը կը ներկայացնէ տուեալ քաղաքի ասեղնագործութեան աւանդութիւնները եւ ձեռքի աշխատանքներու գլուխ գործոցներ են։
Այդ քաղաքներէն ասեղնագործութեան վարպետներ, բնակութիւն հաստատելով Երեւան, նաեւ այդպէս փոխանցած են ասեղնագործութեան իրենց դպրոցներուն բնորոշ ձեւերը։ Ասեղնագործութիւնը նոյնպէս կիներ կը փոխանցէին իրենց դուստրերուն, այդ մէկը նաեւ նեղ օրուայ ապրուստ կը հոգար, քանի միշտ յարգի էին ձեռքի աշխատանքները եւ կիներ նաեւ կը վաճառէին զանոնք։
Այսօր ալ մերօրեայ վարպետները կը կրկնօրինակեն զանոնք, միտում կայ հինը նորացնելու, նորովի տարածելու եւ այս ցուցահանդէսը նաեւ այդ նպատակը ունի։
ԳՕՏԻՆԵՐԸ
19-20-րդ դարերուն գօտին անբաժան էր կիներու զգեստներէն։ Գօտին ո՛չ միայն կը հաւաքէր հագուստը, այլեւ ունէր ուժի, պաշտպանուածութեան, չար աչքէ հեռու պահելու խորհրդանիշ։ Կիներ կը հաւատային, որ կախարդական այդ շղթան նաեւ հիւանդութիւններէ զերծ կը պահէր, ահա, թէ ինչո,ւ հագուստին հաւասար մեծ տեղ կը տրուէր նաեւ գօտիներուն։
Այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են գօտիներ, որոնք փորագրուած են, նկարազարդուած, ձեռագործ կնիք ունին եւ յաճախ պատուիրուած են լաւագոյն վարպետներուն քով։ Գօտիները նաեւ հայերու հմուտ արծաթագործութեան աւանդութիւնները ցոյց կու տան, յայտնի եղած են մանաւանդ Կարինի, Վանի, իսկ աւելի ուշ՝ Ախալցխայի ու Աղեքսանդրապոլի արծաթագործութեան դպրոցները։
Այս ցուցահանդէսին դրուած բոլոր նմոյշները Երեւանի Պատմութեան թանգարանը հաւաքած, գնած, նուէր ստացած է տարիներու ընթացքին։ Ինք՝ թանգարանը, նոյնպէս պատմական է, նաեւ շուտով կը բոլորէ իր հիմնադրման 95-ամեակը։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Արգիշտի 1/1 հասցէին վրայ կը գտնուի Երեւանի Պատմութեան թանգարանը՝ հայոց 12-րդ մայրաքաղաքի պատմութիւնը ամփոփող եզակի վայր մը, որ վերջին տարիներուն մա՛նաւանդ շատ աշխոյժ մշակութային կեդրոն դարձած է։ Ըլլալով պատմութեան թանգարան՝ ան նոյնպէս իր իւրայատուկ պատմութիւնը ունի։ Հիմնադրուած է 1931 թուականին, սկիզբը եղած է քաղաքային խորհուրդին կից բաժին մը, իսկ 1936 թուականին վերանուանուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան։ Այդ ժամանակ զայն տեղափոխուած է Կապոյտ մզկիթի շէնք, ուր գործած է շուրջ վաթսուն տարի։ 1994-1997-ականներուն թանգարանը գտնուած է նախկին Հռիփսիմեան իգական կրթարանի շէնքին մէջ, իսկ 1997-2005-ը՝ Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնքին մէջ։
Եւ թանգարանը, երկար տարիներու դեգերումներէ ետք 2005 թուականին վերջապէս հաստատուած է Երեւանի քաղաքապետարանի նորակառոյց շէնքին մէջ, որ Երեւանի քաղաքապետարանի հետ կը կազմէ միասնական ճարտարապետական համալիր մը։ Այստեղ կայ հարուստ հաւաքածոյ, որ մանրամասն մշակուած, ուսումնասիրուած է եւ կը վկայէ Երեւանի հնագոյն պատմութեան, այդ պատմութիւնը կերտողներուն, պահողներուն մասին։ 94 հազար առարկայ կայ, որոնք Երեւանի նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը վաղնջական ժամանակներէն կը ներկայացնեն մինչեւ մեր օրերը։ Թանգարանին մէջ կը պահուին հնագիտական, ազգագրական, դրամագիտական, կերպարուեստի, գրաւոր աղբիւրներու, լուսանկարներու եւ այլ հաւաքածոներ։ Թանգարանին կից կը գործէ գիտական խորհուրդ, որու անդամները անցեալին եղած են ժամանակի խոշորագոյն մտաւորականներն ու արուեստագէտները եւ այսօր ալ լաւագոյն մասնագէտներ ներգրաւուած են այդ խորհուրդին մէջ։
Երեւանի տարածքին մէջ մարդը ապրած է տակաւին հնագոյն ժամանակներէն։ Հրազդան գետի քաղցրահամ ջուրը, մեղմ ու տաք կլիման բարենպաստ պայմաններ ստեղծած են կեանքի զարգացման համար, որու վառ ապացոյցն են Երեւանեան քարայրէն յայտնաբերուած աւելի քան 100 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող հրաբխային ապակեայ գործիքները։ Նախքան Քրիստոս 4-3-րդ հազարամեակներուն կը թուագրուի Առաջաւոր Ասիոյ հնագոյն ու յայտնի պարսպապատ բնակավայրերէն մէկը՝ Շէնգաւիթ բնակատեղին, որ այսօր Երեւանի մէջ է։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին պեղուած զարդանախշերով եւ արձանիկներով պաշտամունքային օճախներ, երկգոյն սեւ եւ կարմիր փայլեցուած խեցեղէն անօթներ, աղօրիքներ, հացահատիկային բոյսերու մնացորդներ։
Հնագիտական հաւաքածոյին մէջ կ՚առանձնանան Կարմիր բլուրէն յայտնաբերուած գարեջուրի խեցեղէն անօթները, որոնք կը վկայեն, որ տակաւին Նախքան Քրիստոս 7-րդ դարուն հայերը գարեջուր խմած են, որ աւելի ուշ կը հաստատէ յոյն պատմիչ Քսենոփոն։ Նախքան Քրիստոս Ա․ հազարամեակին կը թուագրուի Կարմիր բերդի բնակավայրը, ուրկէ պեղուած է հարուստ հնագիտական հաւաքածոյ՝ պրոնզէ գօտիներ, խեցեղէն անօթներ, քարէ կուռքեր, նետասլաքներ, դանակներ, զարդեր եւ այլն։ Քաղաքի հելլէնական մշակոյթը թանգարանին մէջ կը ներկայացնեն Աւան-Առինջէն պեղուած առարկաները։
Միջնադարեան Երեւանի մէջ կը գործէին Պօղոս-Պետրոս (5-րդ դար), Կաթողիկէ Ս. Աստուածածին (13-րդ դար), Ս. Յովհաննէս (17-րդ դար), Ս. Սարգիս (17-րդ դար) եւ այլ եկեղեցիներ։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին խոնարհուած եկեղեցիներու երկաթեայ դռները, որմնանկարներ, ծիսական անօթներ, վարագոյրներ, զանգ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 13-րդ դարու մանրակերտը եւ այլ մասունքներ։ Քաղաքի կառավարման, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են Մելիք-Աղամալեան, Գեղամեան, Աֆրիկեան, Տէր-Աւետիքեան եւ այլ ընտանիքներ, որոնց մասին պատմող առարկաները տեղ գտած են թանգարանին մէջ։
1834 թուականին ռուսաց Նիքոլայ Ա. կայսրը ոսկեայ ժամացոյց մը նուիրած է Մելիք-Աղամալեաններու տոհմին՝ ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ ռուսական զօրքերուն մատուցած մեծ ծառայութիւններուն համար եւ այդ ժամացոյցն ալ կը պահպանուի թանգարանին մէջ։
Թանգարանային առարկաներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն տառաձուլական եւ տպագրական մեքենաները, որոնք նոյնքան հետաքրքրաշարժ պատմութիւն ունին։ Մխիթարեանները 19-րդ դարուն Վիեննայի մէջ հիմնած են տպարան եւ առանձին գրաձուլարան, ուր ձուլած են հայերէն, լատիներէն եւ այլ լեզուներու նոր տառատեսակներ։ Այստեղ կարելի էր շարել եւ տպագրել յիսուն լեզուով գրականութիւն։ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան՝ Խրիմեան Հայրիկ, տառաձուլական մեքենան ձեռք բերած է Մխիթարեաններէն, օգտագործած է Վարագայ վանքի տպարանին մէջ։ Աւելի ուշ ան տեղափոխուած է Էջմիածին, իսկ խորհրդային տարիներուն օգտագործուած է Երեւանի թիւ 1 տպարանին մէջ։ 1960-ին մեքենան հանգրուանած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։ Նոյնպիսի ճանապարհ անցած է տպագրական մեքենան, որով 1913-ին տպագրուած է «Խօսք» թերթը՝ Արշաւիր Մելիքեանի խմբագրութեամբ։
1938-ին Երեւանի Պատմութեան թանգարանի բակին մէջ հայ անուանի նկարիչներ Սարեանի, Թերլեմէզեանի, Առաքելեանի, Կիւրճեանի ջանքերով կազմակերպուած է Երեւանին նուիրուած ցուցահանդէս, որու աւարտէն ետք ցուցադրուած աշխատանքները նուիրուած են թանգարանին՝ հարստացնելով անոր կերպարուեստի շտեմարանը։
Թանգարանի դրոշմանիշերու հաւաքածոն, որ ամփոփուած է քանի մը ալպոմներու մէջ, թողարկուած է Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն։ Դրոշմանիշերը ունին գեղարուեստական բարձր ճաշակ եւ կ՚արտացոլեն մեր ժողովուրդի բազմադարեան մշակոյթը ու հոգեւոր կեանքը (նկարիչ՝ Արշակ Ֆեթվաճեան, ծնեալ Օսմանեան կայսրութիւն, 1866-ին)։ Անոնք տպագրուած են Փարիզի մէջ։ Հաւաքորդ Հայկ Գավուքճեանի դրոշմանիշերու հաւաքածոն 1936-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած դրոշմաթուղթերու ցուցահանդէսին արժանացած է պրոնզէ մետայլի։ Յետագային այդ հաւաքածոն նուիրուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդին, որն ալ յանձնած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանին։
Այս թանգարանը ժամանցի վայր է բոլոր տարիքի, զբաղմունքի եւ նախասիրութիւններու տէր մարդոց համար եւ հոն միշտ հետաքրքրական ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան