ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս ընթացքի մէջ է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ նստաշրջանի սկիզբին, բացման աղօթքէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով մը։ Ան գնահատած է ժողովականներուն կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը։

Նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են՝ Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպչական աշխատանքները, եկեղեցւոյ հովուական, կրթական, կանոնական, վարչական, կարգապահական, ընկերային եւ ընդհանրապէս առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկման առարկայ կը դառնան նաեւ Հայաստանի արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերաբերեալ խնդիրներով հանդերձ։

ԳՀԽ նկատի կ՚ունենայ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2024 թուականի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025