ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Թուրքիայէն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներ վերջին օրերուն այցելեցին Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ճամբորդութիւնը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ։ Թուրք լրագրողներու խումբը ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Բաց աստի, անոնք տեսակցեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացի բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ի լրումն այս բոլորին, շփումներ ալ տեղի ունեցան փորձագիտական հանրոյթի ներկայացուցիչներուն հետ։
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ տեղի ունեցած է այս մետիաթուրը։ Թուրք լրագրողներու խումբին մաս կազմած են՝ Մեթէ Չուպուքճուի եւ Պարչըն Եինանչի նման յայտնի դէմքեր։ Ռուբէն Ռուբինեան հերթական անգամ յայտնած է, որ Հայաստան պատրաստ է սահմանի բացման ու կը սպասէ Թուրքիոյ քայլին։ «Որեւէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենան եւ երկիրներուն սահմանները բաց չըլլան», ըսած է ան։
Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ կը գտնեն նաեւ Երեւան այցելած թուրք լրագրողներու հրապարակումները։ Այսպէս, Պարչըն Եինանչ անգլերէն վերլուծականին մէջ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ վրայ կ՚աճի Ատրպէյճանի ազդեցութիւնը։
Միւս կողմէ, լրագրողներու խումբը այցելեց նաեւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը։ Պատասխանատուները տեղւոյն վրայ անոնց բացատրեցին, որ Հայաստանի կողմէ սահմանի անցակէտը ամէն պահ օգտագործման պատրաստ է բոլոր առումներով։