ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Ֆրան­սա­կան «Օ­րանժ» բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն­նե­րու ըն­կե­րու­թիւ­նը դուրս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի շու­կա­յէն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Օ­րանժ Ար­մե­նիա» ըն­կե­րու­թիւ­նը վա­ճա­ռուե­ցաւ «Եու­քոմ» ըն­կե­րու­թեան, որ նոյն բնա­գա­ւա­ռին մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ Հա­յաս­տա­նէն ներս՝ ռու­սա­կան դրա­մագ­լու­խով։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վը ար­դէն հա­ւա­նու­թիւն տուած է այս գոր­ծար­քին հա­մար։ Յի­շեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վը այս գոր­ծար­քը հա­մա­ձայ­նե­ցու­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րա­րու­թեան հետ։

«Օ­րանժ»ի կող­մէ տե­ղե­կա­ցու­ցե­ցաւ, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը վե­րա­տե­սու­թեան կ՚են­թար­կէ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ու­նե­ցած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը եւ ար­դիւն­քին ո­րո­շած է դուրս գալ շարք մը եր­կիր­նե­րու շու­կա­նե­րէն. օ­րի­նակ՝ Հա­յաս­տան, Զուի­ցե­րիա, Տո­մի­նի­քեան Հան­րա­պե­տու­թիւն ե­ւայլն։

Հե­ռա­նա­լով Հա­յաս­տա­նէն՝ «Օ­րանժ» ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը երկ­րի խո­շո­րա­գոյն հար­կա­տու­նե­րու վի­ճա­կագ­րու­թեան մէջ թո­ղեց հե­տաքր­քիր փաստ մը։ Տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ, 2015-ի ա­ռա­ջին կէ­սին, Հա­յաս­տա­նի հա­զար խո­շո­րա­գոյն հար­կա­տու­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ տեղ գտաւ ֆի­զի­քա­կան անձ մը։ «Օ­րանժ-Ար­մե­նիա»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ֆրան­սիս Ժե­լիպ­թէրն էր այդ մէ­կը, որ տուրք վճա­րած էր շուրջ 105 հա­զար տո­լար։

«news.am» կայ­քէ­ջը զար­մա­նա­լի չի նկա­տեր, որ ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը իր մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րը կը վար­ձատ­րէ եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րով։ Յա­մե­նայն­դէպս, կայ­քէ­ջը հարց կու տայ, թէ ին­չո՞ւ ղե­կա­վար­նե­րու շար­քին խո­շո­րա­գոյն հար­կա­տուն դար­ձաւ թէեւ մեծ, սա­կայն բո­լո­րո­վին ալ Հա­յաս­տա­նի ո՛չ խո­շո­րա­գոյն եւ ոչ ալ ա­մե­նա­յա­ջո­ղակ ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վա­րը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նը «Օ­րանժ»ի Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծու­նէու­թեան դադ­րե­ցու­մը մեկ­նա­բա­նած է ա­ւե­լի տար­բեր տե­սան­կիւ­նէ մը։ Ար­դա­րեւ, մի­ջազ­գա­յին շարք մը վա­ճա­ռա­նի­շներ այս շրջա­նին կը հե­ռա­նան Հա­յաս­տա­նի շու­կա­յէն։ «Օ­րանժ»ի ա­ռըն­թեր Հա­յաս­տա­նի շու­կա­յէն հե­ռա­նալ ո­րո­շած է «Սամ­սունկ» Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այս ըն­կե­րու­թեան ար­տադ­րան­քը թէեւ պի­տի վա­ճա­ռուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, սա­կայն շու­կան պի­տի կա­ռա­վա­րուի ա­նոր Վրաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կէն։

Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու «Է­թի­հատ» օ­դա­յին ըն­կե­րու­թիւնն ալ վեր­ջերս ո­րո­շած է փա­կել Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղը։ Պատ­ճա­ռը այն է, որ այս ըն­կե­րու­թիւ­նը մշտա­պէս վե­րա­տե­սու­թեան կ՚են­թար­կէ իր չուա­ցու­ցակ­նե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր օ­դա­նաւ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել թռիչ­քա­յին հոս­քե­րու հա­մա­ձայն ու բա­ւա­րա­րէ շու­կա­յի պա­հանջ­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ այս ըն­կե­րու­թիւ­նը տա­րի մը ա­ռաջ մուտք գոր­ծած էր Հա­յաս­տա­նի շու­կայ։

Այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան յայ­տա­րա­րեց, թէ պէտք է բնա­կա­նոն վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րել ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եր­կիր գա­լուն կամ երկ­րէն հե­ռա­նա­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, նոյն­պէս «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը վեր­ջերս հրա­պա­րա­կած է երկ­րի ար­տա­քին ա­ռեւ­տու­րին վե­րա­բե­րեալ տուեալ­ներ, ո­րոնք այդ­քան ալ փա­յլուն չեն հա­մա­րուիր։ Ար­դա­րեւ, 2009 թուա­կա­նի ճգնա­ժա­մէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ կրճա­տուած է Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին ա­ռեւ­տու­րը։ Այս տա­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին ա­ռեւ­տու­րը նուա­զած է 20.6 տո­կո­սով՝ ան­ցեալ տա­րուան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին բաղ­դատ­մամբ ու կազ­մած՝ 2 մի­լիառ 186 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։ 2009 թուա­կա­նի ճգնա­ժա­մէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ կրճա­տուած է նաեւ երկ­րի ներ­քին ա­ռեւ­տու­րը։

Կայ նաեւ ու­րիշ ու­շագ­րաւ ու մտա­հո­գիչ տուեալ մը։ Այս տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­ւա­քած է 1 մի­լիառ 59 մի­լիոն տո­լար տուրք, ինչ որ գրե­թէ 13.5 տո­կո­սով պա­կաս է ան­ցեալ տա­րուան ա­ռա­ջին կէ­սի ցու­ցա­նի­շէն։ Սա նոյն­պէս խո­շո­րա­գոյն ան­կումն է 2009 թուա­կա­նի ճգնա­ժա­մէն ի վեր։

Ան­հատ­նե­րու փո­խան­ցում­նե­րը, ո­րոնք նոյն­պէս կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան հա­մար, ներ­կայ տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին կազ­մած են 682.6 մի­լիոն տո­լար, ինչ որ 28.4 տո­կո­սով պա­կաս է ան­ցեալ տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին բաղ­դատ­մամբ։ Փո­խան­ցում­նե­րու անկ­ման հա­մե­մա­տու­թիւնն ալ նոյն­պէս խո­շո­րա­գոյ­նը կը հան­դի­սա­նայ 2009 թուա­կա­նէն ի վեր:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015