ԱՅՍ ՄԱՐԴԻԿԸ ՄԱՐԴ ՉԵ՞Ն

Մեր թուականէն մօտաւորապէս 23 տարիներ առաջ, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2001 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի «9/11» գործողութիւնը, որ չես գիտեր ինչո՞ւ, ամբողջ աշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն մը ունեցաւ. մէկէն ի մէկ խոր ազդեցութիւն մը ձգեց ու յանկարծ աշխարհը ամբողջ զգաց ահաբեկչութեան դաժանութիւնը: Այդ ազդեցութիւնը հարցականի տակ կ՚ուզենք դնել, որովհետեւ իրապէս կ՚ուզենք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ մէկ-երկու շէնքի մը պայթումը շատ աւելի աղմուկ յաջողեցաւ բարձրացնել աշխարհի մէջ, քան բազմահազար ու անթիւ շէնքերը, որոնք կործանեցան եւ կը շարունակուին կործանիլ Միջին Արեւելքի մէջ: Ինչո՞ւ յաջողեցաւ այդ երկու շէնքը այդքան մեծ արձագանգ ձգել, երբ հազարապատիկը կը կատարուի այդտեղ՝ Սուրիոյ, Պաղեստինի, Լիբանանի, Իրաքի, Արցախի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր մարդը այնքան մարդ չէ՝ ինչքան ամերիկացին: 

Մարդկային աղէտներու դիմաց ինչո՞ւ համար մարդկութիւնը նոյն արձագանգը չ՚ունենար. նոյն սարսափելի ոճիրն ու դաժանութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ տեղ մը կը դառնայ համաշխարհային ողբերգութիւն, իսկ միւսը աննկատ սովորական իրադարձութիւն մը: 

Վիճակագրական տեղեկութիւններու համաձայն, «9/11» գործողութենէն ետք աւելի քան 80 հազար մանուկներ դիմած են հոգեբաններու եւ հոգեբոյժներու օգնութեան՝ ազատելու համար այն ազդեցութենէն, որ պատճառած էր երկու շէնքերու պայթումը։ Պայթումէն կարճ ժամանակ ետք, Նիւ Եորքի Բժշկական ակադեմիան կը յայտարարէր, որ բնակիչներուն 7.5 առ հարիւրը ունեցած է ջղային խանգարումներ, իսկ 20 առ հարիւրը՝ վախ ու լարուածութիւն: Որպէս եզրակացութիւն, աւելի քան մի քանի միլիոն մանուկ, պատանի, երիտասարդ ու մեծահասակ ապրած են տագնապը «ահաւոր» այդ պայթումին: 

Այս բոլորը սկսանք հարցականի տակ դնել՝ մանաւանդ ա՛յն ժամանակ, երբ տեսանք, թէ ինչպէս Սուրիոյ մէջ 5-6 տարեկան մանուկներ դիակներու կոյտերուն մէջ պտտելով իրենց հարազատ դէմք մը կը փորձեն գտնել. երբ տեսանք, թէ ինչպէս մանուկի մը աչքերուն դիմաց կը սպաննուի հայրը, կը սպաննուի մայրն ու տան միւս անդամները. այս բոլորը հարցականի տակ դնել սկսանք, երբ տեսանք, թէ ինչպէս մանուկներ իրենց փլատակ շէնքերու շուրջ կը փորձեն իրենց մանկական խաղերը շարունակել եւ ապրիլ այնպէս, որպէս թէ մահը, ոճիրը, դաժանութիւնն ու դժբախտութիւնը անոնց կեանքին բնական մէկ մասը եղած ըլլայ: Աշխարհի ո՞ր հոգեբանն ու հոգեբոյժը կրնայ բուժել այն վէրքը, որ կեանքը դրած է անոնց մէջ. ո՞վ կրնայ վերականգնել անոնց հոգեկան աշխարհը. ինչո՞ւ համար անոնց ցաւը մարդկութեան ցաւը չէ:

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած «9/11» գործողութեան ժամանակ զոհուեցաւ ոչ աւել քան 3 հազար մարդ. աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած այդ գործողութիւնը տեղի ունեցաւ միայն մէկ անգամ, մէկ օր, մի քանի ժամուան ընթացքին։ Միջին Արեւելքի մէջ ո՞վ կրնայ զոհերու յստակ թիւ մը ըսել. ո՞վ կրնայ հաշուել այն շէնքերն ու կեանքերը, որոնք փլան. ո՞վ կրնայ այդ ողբերգութիւններուն սկիզբը յիշել՝ եթէ ոչ աւարտը: Միջին Արեւելքը «9/11»ին տուած զոհերուն հազարապատիկը տուաւ. շա՛տ աւելի սարսափազդու եւ անմարդկային ձեւով, սակայն այդքան ուշադրութեան, այնպէս ալ միջազգային ուշադրութեան չարժանացաւ:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի արդարութեան եւ հաւասարութեան համակարգ. տառապանքն ու ցաւը իր բոլոր տեսակներուն մէջ նոյնը չէ այսօր: Մարդկային կեանքն ու տառապանքը տարբեր արժեչափեր ունին այսօր՝ հիմնուած աշխարհագրական, քաղաքական եւ մշակութային տարբերութիւններով: Մարդկային կեանքը նոյն արժէքը չունի՛ այսօր: 

Յայտնի հրեայ լրագրող եւ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Ուիզէլ իր «Ես եմ վկան» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Աշխարհի մէջ ամէն մարդ որ կը տառապի՝ մեզի կը պատկանի: Երբ մէկը կը տառապի, բոլորս կը տառապինք». յառաջդիմած ու զարգացած աշխարհը այսօր ի՛նք թող պատասխանէ, թէ ինչո՞ւ համար կեանքի չենք կոչեր այն արդարութիւնը, որուն մասին Էլի Ուիզէլ կը գրէ։ Սիրելի Ուիզէլ, այսօր, ցաւ ի սիրտ, երբ մէկը տառապի, բոլորը չեն որ կը տառապին։ Բոլորին տառապելուն համար անհրաժեշտ է, որ տառապողը ըլլայ արեւելեան երկիրներու բախտաւոր բնակիչներէն. այս արժեչափերու անտրամաբանական տարբերութեամբ ո՛չ միայն խիղճը, այլ հարցականի տակ է նաեւ այն արդարութիւնը, որ ամբողջ աշխարհը հաստատել «կը փորէ»: 

Գուցէ այս բոլորին գիտակցութիւնը ունենալով էր, որ արաբ մեծանուն գրող Խալիլ Ճըպրան կը գրէր. «Դուք կրնաք ձեր աչքերը փակել այն ամէնուն դիմաց՝ որ չէք ուզեր տեսնել, բայց դուք չէք կրնար ձեր սիրտերը գոցել այն ամէնուն դիմաց՝ որ չէք ուզեր զգալ»։ Այսօր աշխարհը իր աչքերը կը գոցէ... բայց, կարծես սկսած է սիրտն ալ գոցել եւ չզգալ. չզգալ՝ որ օր ցերեկով մարդը մարդուն կը խոշտանգէ. չզգալ՝ որ բազմահազար մանուկներ նոյնիսկ այս վայրկեանիս մահուան եւ կեանքին միջեւ իրենց մանկական խաղերը շարունակել կը փորձեն: Ամերիկայի մէջ մէկ անգամ կատարուեցաւ «9/11»ը. այդ օրը թուական ունի, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ ունենալ թուական մը… որովհետեւ հոն ամէ՛ն օր «9/11» է. հոն ամէն օր մահ է ու դժոխք: 

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի մեծագոյն անարդարութիւնը:

Պատասխան. Աշխարհի մեծագոյն անարդարութիւնը ուժեղ ու հարուստ մարդոց մութ աշխարհն ու շահերն են, ուր կ՚ոտնակոխուի ուրիշներու կարիքներն ու շահերը: Մեծագոյն անարդարութիւնը այն է, որ որոշ խմբաւորումներ իրենց շահերը հետապնդելով կ՚անտեսեն փոքր կամ հպատակ խումբի կարիքները, բողոքները՝ որպէսզի սեփական շահեր հետապնդեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 15, 2025