ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի ապ­րուի կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ, Նիւ Եոր­քի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով՝ ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշր­ջա­նի բաց­ման հանգ­րուա­նին շրջագ­ծով։ Թէ՛ վեր­ջին շրջա­նին ապ­րուած հրա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ու ճա­կա­տի լա­րուա­ծու­թիւ­նը եւ թէ մի­ջազ­գա­յին ար­դի ի­րադ­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւոր կա­րե­ւո­րու­թիւն կը վե­րագ­րեն այս տե­սակ­ցու­թեան։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի ծի­րէն ներս եւս վեր­ջին շրջա­նին կը շօ­շա­փուին զա­նա­զան վար­կած­ներ, ո­րոնք են­թադ­րու­թիւն­նե­րու տե­ղի կու տան ներ­կայ կա­ցու­թեան փո­փո­խու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս, օ­րա­կար­գը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նեն այն պնդում­նե­րը, թէ Ռու­սաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան սկսած են ի­րա­րու հետ ա­ւե­լի սերտ աշ­խա­տանք տա­նիլ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ եւ ա­նոնց մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցած է, որ­պէս­զի ռուս խա­ղա­ղա­պահ­ներ տե­ղա­կա­յուին հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին կամ ղա­րա­բա­ղա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գծին եր­կայն­քով։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի Պա­քու կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, ըստ պնդում­նե­րու, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ սկզբուն­քօ­րէն հա­ւա­նու­թիւն տուած է ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման, սա­կայն դրած է պայ­ման մը։ Պայ­մա­նը այն է, որ ռուս խա­ղա­ղա­րար­նե­րը պէտք է տե­ղա­կա­յուին շփման նոր գծի մը ուղ­ղու­թեամբ եւ այդ նոր գի­ծը պի­տի ո­րո­շուի ռու­սե­րուն եւ ա­զէ­րի­նե­րուն կող­մէ։ Սէրկէյ Լաւ­րո­վի այ­ցե­լու­թեան յա­ջոր­դող օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին նաեւ, որ Ատր­պէյ­ճան նոր զէն­քեր ու ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ պի­տի գնէ Ռու­սաս­տա­նէն։

Հա­յաս­տա­նեան կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­ներ կը շեշ­տեն, որ ռու­սե­րը կ՚ա­ռա­ջար­կեն փո­խել ներ­կայ սահ­ման­նե­րը, շրջան­նե­րուն մէկ մա­սը յանձ­նել Ատր­պէյ­ճա­նին եւ այն­տեղ տե­ղա­կա­յել ի­րենց սե­փա­կան զօր­քե­րը։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը կը պնդեն, որ այս վար­կա­ծին կա­պակ­ցու­թեամբ միան­շա­նակ չեն ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ միւս եր­կիր­նե­րուն՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի մօ­տե­ցում­նե­րը։

Վեր­ջին օ­րե­րուն Պա­քու այ­ցե­լած ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Է­վե­լին Ֆա­րա­քաս նշեց, թէ Ար­ցա­խի մէջ ռուս խա­ղա­ղա­րա­րնե­րու տե­ղա­կայ­ման վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րը չա­րա­շահ­մու­ներ են։ Փեն­թա­կո­նի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րը նշեց, թէ Ռու­սաս­տան Մինս­քեան գոր­ծըն­թա­ցի մաս­նա­կիցն է եւ ե­թէ ա­պա­գա­յին այդ­պի­սի ծրա­գիր մը յա­ռաջ գայ, ա­պա այդ մէ­կը բաց քննարկ­ման պի­տի դրուի Մինս­քեան խմբա­կի միւս մաս­նա­կից­նե­րուն հետ։ «Ին­թէր­ֆաքս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ֆա­րա­քաս նշեց, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն մտա­հո­գուած է նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րած­քէն ներս առ­կայ չլու­ծուած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով ու մշտա­պէս կը վե­րահս­կէ այդ հար­ցը։ «Մենք հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու ար­դար լուծ­ման ու­ղի­ներ կը փնտռենք՝ հե­տե­ւե­լով մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րուն», ը­սաւ ան։

Վար­կած­նե­րը որ­քան որ ալ զգա­յա­ցունց ըլ­լան, այս պա­հու դրու­թեամբ, նա­խա­րար­նե­րու տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ բո­լո­րը կը նա­խընտ­րեն ըլ­լալ վե­րա­պահ եւ սպա­սել ար­դիւնք­նե­րուն։ Մա­նա­ւանդ, որ նա­խա­րար­նե­րու մօ­տա­լուտ հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն հի­ման վրայ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի նաեւ տա­րե­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ նոր տե­սակ­ցու­թեան մը կազ­մա­կերպ­ման վար­կա­ծը։

Ա­րեւմ­տեան աղ­բիւր­նե­րը վեր­ջին շրջան­նե­րուն դար­ձեալ մօ­տա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տե­ցին ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ, մա­նա­ւանդ որ Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին եւս անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ հայ-ա­զէ­րի հա­կա­մար­տու­թեան։ ԵՄ-ի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ֆրե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի յայտ­նեց, որ Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ քննար­կուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թիւ­նը։ Եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը չխո­րա­ցաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ։ Իր կար­գին, ԵՄ-ի ընդ­լայն­ման եւ հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով նախ­կին յանձ­նա­կա­տար Շթե­ֆան Ֆիւ­լէն ալ ը­սաւ. «Ես յոյս ու­նիմ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ա­ռըն­չու­թեամբ կող­մե­րը ու­նին կամք, պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն եւ լու­ծում գտնե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ Կը կար­ծեմ, անհ­րա­ժեշտ է այս ուղ­ղու­թեամբ պայ­ման­ներ ստեղ­ծել»։ Ֆիւ­լէ հա­մո­զուած է, թէ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ աշ­խոյժ աշ­խա­տանք կ՚ակն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նէն եւ Ատր­պէյ­ճա­նէն։

Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի գծով մաս­նա­գէտ Փրոֆ. Նիլ Մաք Ֆար­լէյն ընդգ­ծեց, որ հա­կա­մարտ կող­մե­րը չեն փա­փա­քիր, որ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախն­դի­րը դուրս գայ վե­րահս­կո­ղու­թե­նէ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ան հա­մո­զուած է, թէ եր­բեմն դժուար կրնայ ըլ­լալ նաեւ լա­րուա­ծու­թիւ­նը պա­հել կա­ռա­վա­րե­լի սահ­ման­նե­րու մէջ։

Ֆրան­սա­կան «La Tribune» թերթն ալ վեր­ջերս հրա­տա­րա­կեց յօ­դուած մը, ո­րու խո­րա­գիրն էր՝ «Ին­չո՞ւ պէտք է սա­տա­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին»։ Հարկ է նշել, որ վեր­ջին շրջան­նե­րուն Ֆրան­սա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան կամ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ։ Յօ­դուա­ծին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է տնտե­սա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս Ար­ցա­խի ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քին։ «Աշ­խար­հի մէջ առ­կայ ան­կա­նոն զար­գաց­ման պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ տե­ղա­կան մա­կար­դա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մով է, որ պի­տի բա­ցուին մտա­հո­րի­զոն­նե­րը եւ ազ­գե­րը պի­տի մեր­ձե­նան ի­րա­րու հետ։ Այս տե­սան­կիւ­նէն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը օ­րի­նա­կե­լի եւ յու­սադ­րիչ է», նշուած է ֆրան­սա­կան «La Tribune» թեր­թի յօ­դուա­ծին մէջ։

Իր կար­գին, Պա­քուի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Փաս­քալ Մո­նիէն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն յայտ­նեց, թէ ա­մէն ինչ կա­խեալ է ար­տա­քին գոր­ծօն­նե­րէ։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ կ՚ը­նեն՝ սահ­մա­նի լա­րուա­ծու­թիւ­նը թու­լաց­նե­լու հա­մար։ «Վեր­ջերս խօ­սած եմ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ապ­րող մար­դոց հետ, ո­րոնք ինծի ը­սին, որ ա­զէ­րի­ներն ու հա­յե­րը հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ ապ­րած են խա­ղաղ։ Շա­տեր յոյս ու­նին, որ այդ ժա­մա­նակ­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան։ Ա­մէն ինչ կա­խեալ է ար­տա­քին գոր­ծօն­նե­րէ», ը­սաւ Փաս­քալ Մո­նիէ։

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէն ալ նա­խըն­թաց օր յայ­տա­րա­րեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը ներ­կա­յիս կ՚աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թեան վերսկ­սու­մը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Նիւ Եոր­քի Նալ­պան­տեան-Մա­մէ­տեա­րով տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ շա­բա­թա­վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան։ Ան ը­սաւ, թէ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը սահ­մա­նին վրայ լիար­ժէք կեր­պով կը կա­տա­րեն ի­րենց առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րը՝ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին հա­մա­չափ հա­կա­հա­րուած տա­լով ա­զէ­րի զօր­քե­րու սադ­րանք­նե­րուն։ «Չեմ կար­ծեր, որ այ­սօ­րուան նման խախ­տում­նե­րուն հա­մար պէտք է ձայն բարձ­րաց­նել, ա­ղա­ղա­կել։ Ե­թէ բա­նա­կը ի վի­ճա­կի չէ պա­տաս­խա­նե­լու այդ­պի­սի փոքր խնդիր­նե­րուն, ա­պա մեծ պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ժա­մա­նակ ինչ­պէս պի­տի գոր­ծենք։ Մենք մեր առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րը այ­սօր կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք. կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք պաշտ­պա­նու­թեան, յար­ձա­կող­մա­կան եւ կան­խար­գե­լիչ տար­բեր խնդիր­ներ», ը­սաւ Սէյրան Օ­հա­նեան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­րա­րը տե­ղե­կա­ցուց, թէ վեր­ջին օ­րե­րուն սահ­մա­նին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը քիչ մը նուա­զած է յա­րա­բե­րա­կա­նօ­րէն։

Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր, շա­բա­թա­վեր­ջի իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Սէյ­րան Օ­հա­նեան շեշ­տեց, որ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն այս պա­հուն չկայ։ Հայ­կա­կան զօր­քե­րու ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը կը յա­ջո­ղին պահ­պա­նել ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ Ըստ Սէյրան Օհանեանի, հայ­կա­կան բա­նա­կը մշտա­պէս ձեռք կը բե­րէ ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թեան մի­ջոց­ներ եւ ա­նընդ­հատ կ­՚աշ­խա­տի՝ իր մար­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի փոխ-նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մով­սէս Յա­կո­բեանն ալ նշեց, թէ սահ­մա­նին վրայ ապ­րուած լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քը կը հա­մա­րուին։ Պա­քու կը փոր­ձէ շան­թա­ժի են­թար­կել միջ­նորդ­նե­րը։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ ա­ռա­ջին գծին վրայ ար­դէն ձեռք առ­նուած են հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ՝ հայ­կա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ։  

Ե­րե­ւա­նէն կամ Ստե­փա­նա­կեր­տէն պար­բե­րա­բար հնչած հայ­կա­կան զօր­քե­րու գոր­ծու­նէու­թեան դրա­կան ար­դիւն­քին շեշ­տադր­ման վե­րա­բե­րեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մեկ­նա­բան­նե­րու կող­մէ միշտ կ՚ըն­կա­լուին նաեւ որ­պէս պա­տաս­խան՝ մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­րար­նե­րու տե­ղա­կայ­ման մօ­տե­ցում­նե­րուն դէմ։

Նիւ Եորք մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Եդուարդ Նալ­պան­տեանն ալ յայ­տա­րա­րեց, թէ Ատր­պէյ­ճան եւ Թուր­քիա կը խո­չըն­դո­տեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Կով­կա­սի մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Նալ­պան­տեան-Մա­մէ­տեա­րով մօ­տա­լուտ տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու այ­ցե­լեց Պա­քու եւ ա­պա Սո­չիի մէջ զրու­ցեց Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Սի­նիր­լիօղ­լու-Լաւ­րով տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դած ներ­կայ փու­լին՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 23-ին ալ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան պի­տի այ­ցե­լէ Մոս­կուա, ուր պի­տի տե­սակ­ցի Վլատիմիր Փու­թի­նի հետ։ Ա­նոնք պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ քա­ղա­քին մէջ կա­ռու­ցուած նոր՝ կեդ­րո­նա­կան մզկի­թի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­ն։ Հե­տե­ւա­բար, ու­շագ­րաւ էր, որ Նիւ Եոր­քի տե­սակ­ցու­թեան սե­մին Նալ­պան­տեան Պա­քուի ա­ռըն­թեր քննա­դա­տու­թիւն­ներ հաս­ցէագ­րեց նաեւ Ան­գա­րա­յին։ Ան այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ը­րաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ մաս­նակ­ցե­լով ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու տե­ղա­կան եւ տա­րած­քա­յին իշ­խա­նու­թեան մար­մին­նե­րու խորհրդա­ժո­ղո­վին՝ CORLEAP-ի գրա­սե­նեա­կի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ «Հա­րե­ւան Ատրպէյ­ճան, խախ­տե­լով ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­կա­սե­լով տա­րած­քաշրջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիին՝ ա­նընդ­հատ կը հրա­ժա­րի ա­մէն տե­սակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թե­նէ, նե­րա­ռեալ սահ­մա­նի վրայ ի­րա­վի­ճա­կի վե­րահս­կո­ղու­թեան հար­ցը», ը­սաւ Եդուարդ Նալ­պան­տեան եւ յի­շե­ցուց, թէ միւս կող­մէ Հա­յաս­տան շրջա­փա­կուած կը մնայ Թուր­քիոյ կող­մէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015