ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

«Աս­տուած» եւ «Բնու­թիւն»՝ այս եր­կու­քը միշտ զբա­ղե­ցու­ցած է մարդ­կա­յին միտ­քը։ Մա­նա­ւանդ՝ Ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կա­նը մեր­ձի­մաստ հա­մա­րեց զա­նոնք։

Ուս­տի ի­մաս­տա­սէր­ներ՝ Lock, Descartes, Henry Bergson, Gottfried Wilhelm Leibniz, E-tienne Bonnot de Condillac, եւ ու­րիշ­ներ զբա­ղած եւ միտք յոգ­նե­ցու­ցած են այս մա­սին, ու­սում­նա­սի­րած եւ գա­ղա­փար յայտ­նած են այս նիւ­թին վրայ։ Ան­շուշտ մեր սահ­մա­նա­ւոր պա­րու­նա­կու­թեամբ ա­մէն մէ­կը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ծա­նօ­թաց­նե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը չու­նինք, բայց սա ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է՝ թէ միտ­քեր միշտ զբա­ղած են այս եր­կու ճշմար­տու­թիւն­նե­րու ի­րո­ղու­թեամբ եւ երկ­բա­յու­թեամբ։

Սա ա­նու­րա­նա­լի է՝ որ բնու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ար­դիւնքն է աս­տուա­ծա­յին ի­մաս­տու­թեան։

Դի­տե­ցէ՛ք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, բնու­թիւ­նը, ձեր ամ­բողջ շրջա­պա­տը, զոր օ­րի­նակ, ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն՝ թէ ա­րե­ւու ճա­ռա­գայթ­ներ հետզ­հե­տէ կը բարձ­րա­նան եւ կը կեն­դա­նաց­նեն խա­ւա­րի մէջ ննջած բնու­թիւ­նը՝ եր­կի­րը եւ բնա­կիչ­նե­րը՝ մար­դի՛կ։ Հրա՜շք մըն է ա­տի­կա՝ խա­ւա­րէն լոյ­սի գալ, հաս­նիլ, քու­նէն ել­լել՝ արթն­նալ, սթա­փիլ, եւ այս կը պա­տա­հի ա­մէն օր, ան­խա­փա՛ն՝ ա­ռանց մարդ­կա­յին ո­րե­ւէ մի­ջա-մ­ըտու­թեան…։

Ի­մաս­տու­թեամբ ծրագ­րուած եւ գոր­ծադ-րըւած նա­խո­րո­շու­մի մը, մտադ­րու­թեան մը ար­դիւն­քը միայն կրնայ ըլ­լալ այս­պի­սի ան­հասկ­նա­լի, ա­նի­մա­նա­լի ե­րե­ւոյթ մը։

Եւ սա, ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ ա­ռանց պատ­ճա­ռի ար­դիւնք չի՛ գո­յա­նար։ Եւ ու­րեմն բնու­թեան հրա­շա­լիք­ներն ալ պէ՛տք է ու­նե­նան «Պատ­ճա՛ռ» մը։

Այն ե­րե­ւոյ­թը, զոր կը զար­մաց­նէ, կը հրա­պու­րէ մար­դը, ան ար­դիւնք է՝ ի­մաս­տու­թեան, ի­մաս­տու­թեամբ պատ­րաս­տուած «ծրա­գիր»ի մը՝ նա­խա­գի­ծի մը։ Եւ ա­մէն ե­րե­ւոյթ, ա­մէն պա­տա­հար, ա­մէն մի­ջա­դէպ ու­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան պատ­ճառ մը, եւ ա­մէն բա­նի նա­խա­պատ­ճա­ռը, ա­կը եւ սկզբնա­կէ­տը Աս­տուա՛ծ է, ա­մէն բա­նի Ստեղ­ծի­չը եւ Նա­խախ­նա՛­մը։ Եւ քա­նի որ բնու­թիւնն ալ ամ­բող­ջու­թեամբ եւ գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ մաս կը կազ­մէ աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին՝ որ­պէս տա­րածք, մի­ջա­վայր ա­նոր կի­րա­ռու­թիւն­նե­րուն, ի­րա­գոր­ծու­թեան ու գոր­ծադ­րու­թեան։

Բնու­թիւ­նը այն ըն­դար­ձակ դա՛շտն է՝ ուր ա­զա­տօ­րէն կը գոր­ծադ­րուի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրա­գի­րը։

Ուս­տի Բնու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ գո՛րծն է՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ամ­բա­ժան մէկ մա­սը՝ ուր կը գոր­ծադ­րուի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը կա­տա­րուին, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուին, կը լիա­նան ու կը զօ­րա­նան։ Բնու­թիւ­նը մի­ջա­վայր մըն է, ան­դաս­տան մը, մարզ մը, աս­պա­րէզ մը՝ ուր կը գոր­ծէ Աս­տուած ըստ իր ծրագ­րին պայ­ման­նե­րուն։

Ու­րեմն Աս­տուած-Բնու­թիւն կա­պը՝ պատ­ճառ եւ ար­դիւն­քի, ստեղ­ծող եւ ստեղ­ծուա­ծի յա­րա­բե­րու­թիւն մը, հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մըն է։ Աս­տուած՝ ստեղ­ծիչն է եւ տէ՛­րը Բնու­թեան։ Սի­րե­լի՜­ներ, դի­տե­ցէք բնու­թիւ­նը, հոն այդ հրա­շա­լիք­նե­րը ո՞վ  կրնայ ստեղ­ծել, ե­թէ ոչ՝ Աս­տուած, եւ այդ հրաշք ե­րե­ւոյթ­նե­րը ինչ­պէ՞ս կը կա­տա­րուին, ե­թէ ոչ՝ աս­տուա­ծա­յին ի­մաս­տու­թեան շնոր­հիւ։ Ե­թէ ի՛նչ­պէս ա­մէն ար­ժէ­քի բա­ցար­ձա­կը՝ ամ­բող­ջը եւ ան­վի­ճե­լին, գա­գաթ­նա­կէ­տը եւ զե­նի­թը, նո՛յն­պէս ի­մաս­տու­թեան լիա­ցու­մը՝ Աս­տուա՛ծ Ինքն է։

Բնու­թիւ­նը ո՛չ միայն «տե­սա­րան» մը, այլ նաեւ՝ գոր­ծա­րան մը, գոր­ծե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու լայն, տա­րա­ծուն «վա՛յր» մըն է։ Բնու­թիւ­նը մի­ջոցն է աս­տուա­ծա­յին հրա­շա­լիք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման եւ ի­րա­գործ­ման, կա­տար­ման ու կի­րար­կման։ Բնու­թեան մէջ եւ բնու­թեան մի­ջո­ցով է, որ Աս­տուած կը յայտ­նէ Ինք­զինք մարդ­կու­թեան։ Եւ ինչ­պի­սի՜ տե­սա­րան է այն, ինչ­պի­սի՜ վայր, ուր մարդ կը տես­նէ իր Ա­րար­չին ան­տե­սա­նե­լի ձեռ­քը, կը հիա­նայ ու կը հա­ւա­տա՛յ։ Բնու­թիւ­նը ար­դա­րեւ, հսկայ, վիթ­խա­րի «գիրք» մըն է բա­ցուած՝ կար­դա­լու եւ հասկ­նա­լու հա­մար աս­տուա­ծա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը։

Սա­կայն ան­տար­բեր մար­դը չի տես­ներ զԱյն, չ՚անդ­րա­դառ­նար Ա­նոր ճշմար­տու­թեան լոյ­սին։ Ան­տար­բեր մար­դը, ան­փոյթ ու անզ­գայ մար­դը՝ իր բթամ­տու­թեամբ կը մնայ միշտ խա­ւա­րին մէջ։ Եւ երբ քիչ մը հե­տաքրք­րուի «բնու­թեան գիրք»ին մէ­ջը նա­յե­լու՝ ա­նոր պա­րու­նա­կած դա­սե­րը սոր­վե­լու կը դժուա­րա­նայ, քա­նի որ ա­նոնք բո­լո­րո­վին օ­տար են եւ ան­ծա­նօթ։ Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սած ենք, թէ ճանչ­նալ, ծա­նօ­թա­նալ պայ­մա՛ն է սի­րե­լու, հա­մակ­րե­լու հա­մար ո­րե­ւէ ի­րի կամ ի­րո­ղու­թեան։

Ուս­տի եւ Աս­տուած սի­րե­լու հա­մար պէտք է նախ ճանչ­նալ զԱյն, եւ զԱյն ճանչ­նա­լու հա­մար, մարդ պէտք է լա՛ւ կար­դայ «բնու­թեան գիրք»ը, լաւ ու­սա­նի ա­նոր պա­րու­նա­կած դա­սե­րը եւ անդ­րա­դառ­նայ ա­նոնց ճա­ռա­գայ­թած լոյ­սին։ Ո՜վ «ի­մաս­տուն» մարդ, ո՜վ «գի­տուն» մարդ։ Եր­բեք խոր­հա՞ծ ես, թէ ո՛ւր­կէ է քու ի­մաս­տու­թիւնդ, ո՛ւր­կէ է քու գի­տու­թիւնդ։ Մտա­ծա՞ծ ես, հե­տաքրք­րուա՞ծ ես բնաւ, թէ ո՛ւր է քու ի­մաս­տու­թեան ա­կը, ո՛ւր է գի­տու­թեան սկիզ­բը։ Սի­րե­լի՜­ներ, ա­մէն ի­մաս­տու­թիւն, ա­մէն գի­տու­թիւն ու­նի սկզբնա­կէտ մը, ակ մը, աղ­բիւր մը՝ որ է Աս­տուած, որ կը յայտ­նուի բնու­թեան մէ­ջէն՝ ի­մաս­տու­թեան եւ գի­տու­թեան մի­ջո­ցով։ Ու­րեմն Բնու­թիւ­նը մի­ջոց մըն է ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թեան եւ ճա­նա­չո­ղու­թեան։

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց՝ որ կ՚անդ­րա­դառ­նան բնու­թեան, կ՚անդ­րա­դառ­նան եւ ան­տար­բեր չեն գտնուիր ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան, պաշ­տօ­նին ու ստեղծ­ման նպա­տա­կին։

Մարդ ե­թէ հա­յեացք մը նե­տէ իր գի­տու­թեա­նը վրայ, տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու լա՜յն դաշ­տին, բնա­կա­նա­բար ինք­նա­հաճ գո­հու­նա­կու­թիւն կը զգայ, գու­ցէ կը հպար­տա­նայ ինք­նիր­մով, եւ սիր­տը կը լե­ցուի իր մտա­յին «գանձ»ե­րուն մա­սին բարձր գա­ղա­փար­նե­րով, եւ ինք­նի­րեն կ՚ը­սէ. «Ի­մաս­տու­թիւ­նը ի՛մս է, ա­նով կը բարձ­րա­նամ ես միւս բո­լոր մահ­կա­նա­ցու­նե­րէ վե՛ր։ Իմ ի­մաս­տու­թիւ­նով կ՚իշ­խեմ բնու­թեան ա­նեզր, ան­սահ­ման տա­րա­ծու­թեան վրայ»։ Խե՜ղճ մարդ, գի­տէ՞ ար­դեօք իր ի­մաս­տու­թեան ակն ու աղ­բիւ­րը, գի­տէ՞ թէ ո՛ւր է իր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կար­ծած ի­մաս­տու­թեան իս­կա­կան Տէ­րը…։

Աս­տուած-Բնու­թիւն, եւ բնու­թեան մէջ մա՛ր­դը։

Ինչ­պէս ը­սինք՝ Աս­տուած, բնու­թեան մի­ջո­ցով է, որ կը փո­խան­ցէ իր ի­մաս­տու­թե­նէն մաս մը, մար­դուն, եւ մարդ, ընդ­հան­րա­պէս կը կար­ծէ եւ կը սխա­լի կար­ծե­լով, թէ ու­նե­ցած ի­մաս­տու­թիւ­նը իր­մէ է եւ կա­տա­րեալ է։ Մինչ­դեռ բնու­թիւ­նը ճանչ­ցո­ղը՝ կը ծա­նօ­թա­նայ Աս­տուած-գե­րա­գիւն Ի­մաս­տու­թեան հետ եւ այն ա­տեն կը հասկ­նայ, թէ ո՜ր­քան թե­րի եւ ան­կա­տար է իր ի­մաս­տու­թիւ­նը եւ կար­ծեալ գի­տու­թիւ­նը։

Զոր օ­րի­նակ, ո՞վ գի­տէ թի­ւը ծո­վու մէջ գտնուող ա­ւա­զի հա­տիկ­նե­րուն, օ­դին մէջ պա­րող փո­շի­նե­րուն, ջու­րի կա­թիլ­նե­րուն, լոյ­սի ճա­ռա­գայթ­նե­րուն։

Կա­րե­լի է ը­սել, թէ ին­չո՞ւ մարդ գիտ­նայ ա­սոնց թի­ւը, ի՞նչ օ­գուտ ու­նի տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նալ ա­նոնց մա­սին։ Բայց բո­լոր ա­սոնք բնա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ, ի­րո­ղու­թիւն­ներ են եւ ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը ան­տե­սել, կամ ու­րա­նալ կա­րե­լի չէ՛, եւ ե­թէ մարդ ինք­զինք կա­տա­րեալ ի­մաս­տուն եւ ա­մե­նա­գէտ կը կար­ծէ, պէտք չէ՞ որ ա­նոնց մա­սին ալ տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նայ։ Բնու­թիւ­նը ան­հո՜ւն է, իսկ մարդ­կա­յին միտ­քը՝ սահ­մա­նա­ւո՛ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015