ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐ ՄԸ
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ՝ ներկայիս աշխատանք կը տարուի կղզիէն ներս կրօնական գետնի վրայ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած է յառաջընթաց եւ ստեղծուած՝ յուսադրիչ մթնոլորտ մը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, օրակարգի վրայ եկած է առաջարկ մը, որ կը նախատեսէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծել կղզիի կրօնական առաջնորդներէն բաղկացեալ միաւոր մը։ Սոյն առաջարկը քննարկուած է նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըի եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի անցեալ շաբթուան վերջին հանդիպման ընթացքին։ Կղզիի միջանկեալ հատուածէն ներս տեղի ունեցած հաւաքին մասնակցած են կրօնական ղեկավարներ, որոնց շարքին գտնուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան։
Ըստ մշակուած ծրագրին, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծուելիք այս միաւորին մէջ պաշտօն պիտի ստանձնեն կղզիի հինգ կրօնական առաջնորդները։ Անոնք աշխատանք պիտի տանին հասարակական համաձայնութեան կարօտ նիւթերուն եւ սրբավայրերու կացութեան վրայ։ Իրաւասուները կը հաղորդեն, որ ՄԱԿ-ն ալ հաշտ աչքով կը դիտէ սոյն առաջարկը։