«ԱԼ ԱՔՍԱ» ՄԶԿԻԹԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

Ե­րու­սա­ղէ­մի «Ալ Աք­սա» մզկի­թին շուրջ ըն­թա­ցող բա­խում­նե­րը կրնան կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի մը պատ­րոյ­գը վա­ռել: Անց­նող օ­րե­րուն գրան­ցուած բա­խում­նե­րը կը դառ­նա­յին հա­մա­տա­րած, երբ Իս­րա­յէ­լի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը յա­ւե­լեալ ար­գե­լա­փա­կում­ներ կը դնէին մզկիթ մուտք գոր­ծել ու­զող պա­ղես­տին­ցի (եւ ոչ միայն պա­ղես­տին­ցի) մահ­մե­տա­կան­նե­րուն դէմ: Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ մի­տում­նա­ւոր կեր­պով յա­ւե­լեալ խիստ կար­գադ­րու­թիւն­ներ գոր­ծի կը դնէր, կ­­՚ար­գի­լէր քա­ռա­սուն տա­րի­քը չբո­լո­րած բո­լոր մահ­մե­տա­կան­նե­րուն մզկիթ մուտ­քը: Այս սեղ­մում­նե­րը նո­րու­թիւն չեն: Նոր զար­գա­ցու­մը իս­րա­յէ­լա­ցի ծայ­րա­յե­ղական­նե­րուն կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ տրուած թոյլ­տուու­թիւն­ներն են, ո­րոնց հի­ման վրայ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան ի­րենց կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել «Ալ Աք­սա» մզկի­թի շրջա­փա­կին մէջ: Այս մա­սին ա­մե­նէն ծանր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը լսուէր Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ի բեր­նով, երբ ան կ­­՚ը­սէր. «Բո­լոր հրեա­նե­րը ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան «Տա­ճա­րի լե­րան» («Ալ Աք­սա» մզկի­թի հա­տուա­ծին իս­րա­յէ­լեան ա­նուա­նու­մը) մէջ ի­րենց կրօ­նա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել եւ ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պի­տի վա­յե­լեն կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը:»

Այս եւ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետք փո­ղո­ցը կը սկսէր ե­ռալ: Բա­խում­ներ կը գրան­ցուէին ա­րեւմ­տեան ա­փի տար­բեր շրջան­նե­րու եւ յատ­կա­պէս՝ Ժա­պալ Զայ­թուն, Ալ Շահ­ֆաթ, Հայ Ալ Թաուր, Ռաս Ալ Ա­մուտ, ինչ­պէս նաեւ Քը­լըն­տիա անց­քին շուրջ:

Պա­ղես­տին­ցի­ներ պա­հան­ջե­լով «Ալ Աք­սա» մզկի­թին ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւ­նը՝ բո­ղո­քի եր­թեր կը կա­տա­րէին եւ այդ եր­թե­րը կը վե­րա­ծուէին թէժ ընդ­հան­րում­նե­րու: Իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը կրակ կը բա­նար «Քը­լըն­տիա» անց­քին մերձ շըր-ջա­նին մէջ ե­ղող պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն դէմ, ուր ե­րեք ցու­ցա­րար­ներ ծան­րօ­րէն կը վի­րա­ւո­րուէին: Բո­ղո­քի կիր­քին կրա­կը կը փո­խադ­րուէր Ամ­ման, ուր նոյն­պէս բո­ղո­քի եր­թե­րը կը լեց­նէին Ամ­մա­նի բո­լոր փո­ղոց­նե­րը: Նոյն ժա­մա­նակ Յոր­դա­նա­նի Ապ­տալ­լա Բ­. ու Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սըլ­ման Պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ թա­գա­ւոր­նե­րը հե­ռա­խօ­սազ­րոյց ու­նե­նա­լէ ետք կը զգու­շաց­նէին Իս­րա­յէ­լը «կրա­կի հետ խա­ղե­լէ»: Ամ­ման նոյն­պէս կը սպառ­նար, իր Թէլ Ա­ւիւ գտնուող դես­պա­նը տուն կան­չել:

Իս­րա­յէ­լեան կող­մին հա­մար բա­ցա­յայտ մի­տում կայ 1967 թուա­կա­նէն ի վեր առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը դար­ձեալ փո­խել: Այ­սինքն «Ալ Աք­սա» մզկի­թը կի­սել եւ տեղ տալ հրեայ ծայ­րա­յե­ղական­նե­րուն, որ­պէս­զի «բաժ­նեկ­ցին» «Ալ Աք­սա» մզկի­թը եւ ա­նոր շրջա­փա­կին մէջ հրեա­նե­րուն յա­տուկ կրօ­նա­կան ծէ­սեր կա­տա­րե­լը դարձ­նեն ի­րա­կա­նու­թիւն: Տե­ղին է յի­շա­տա­կել, որ ա­րաբ­նե­րուն հա­մար «Մեք­քէ»ի մզկի­թէն ետք «Ալ Աք­սա»ն կա­րե­ւո­րա­գոյն մզկիթ կը հա­մա­րուի եւ ա­նոր շուրջ ըլ­լա­լիք ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն ոչ միայն մեր­ժե­լի է, այլ նզո­վե­լի:

Իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն հա­մար այդ վայ­րը (որ ըստ Սուրբ գրա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու կա­ռու­ցուած է Սո­ղո­մոն ի­մաս­տու­նին կող­մէ) սրբա­գոյն է: Ու մով­սի­սա­կա­նու­թեան հի­մունք­նե­րով իս­րա­յէ­լա­ցիք օր մը ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­կա­ռու­ցեն այդ «փլած» տա­ճա­րը: Իսկ պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն, եւ առ­հա­սա­րակ մահ­մե­տա­կան­նե­րուն հա­մար, վայ­րը սրբա­ցուած է Քու­րա­նին մէջ յի­շա­տա­կուած Մու­համ­մէտ մար­գա­րէին գի­շե­րա­յին ճամ­բոր­դու­թե­նէն ետք, ուր ան ներշնչում ստա­նա­լով կը հե­ռա­նար «Մեք­քէ»էն եւ իր հե­տե­ւորդ­նե­րը կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դէր դէ­պի «Ալ Աք­սա», ուր ա­միս­ներ ա­պաս­տա­նե­լէ ետք յաղ­թա­կան կեր­պով մուտք կը գոր­ծէր մահ­մե­տա­կան­նե­րու հիմ­նա­կան սրբա­վայր ճանչ­ցուած՝ Ալ Քահ­պա:

«Ալ Աք­սա»ի մզկի­թին կա­ռու­ցու­մը սկիզբ ա­ռած է Ապ­տըլ Մա­լէք խա­լի­ֆա­յին կող­մէ եւ կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րենց լրու­մին հա­սած են ա­նոր որդ­ւոյն՝ Ալ Ո­ւա­լիտ խա­լի­ֆա­յի իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րուն, 705 թուա­կա­նին:

Հա­կա­ռակ պա­ղես­տի­նեան ճա­կա­տին վրայ առ­կայ բա­ւա­կան ան­հա­մե­րաշխ ի­րադ­րու­թեան (Հա­մաս-Ֆաթհ հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով) «Ալ Աք­սա»ի անվ­տան­գու­թիւ­նը բա­ւա­րար նե­րուժ ու­նի դար­ձեալ ոտ­քի հա­նե­լու բո­լոր պա­ղես­տին­ցի­նե­րը: Այս խօս­քին կա­րե­ւոր ա­պա­ցոյ­ցը Պա­ղես­տի­նի մէջ «Իս­լա­մա­կան շար­ժում»ի ա­ռաջ­նորդ շէյխ Ռաէտ Սա­լա­հի յայ­տա­րա­րու­թիւնն է, ուր ան խօ­սե­լով «Ա­նա­տո­լու» լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան՝ դի­տել կու տար, թէ՝ «Ե­թէ Իս­րա­յէլ շա­րու­նա­կէ իր սեղ­մում­նե­րը, ի­րա­վի­ճա­կը կրնայ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­նալ եւ նոր «ին­թի­ֆա­տա»ի (յե­ղա­փո­խու­թիւն) մը կրա­կը վա­ռել»: Շէյխ Սա­լահ Իս­րա­յէ­լի կա­տա­րած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը ծրագ­րուած հա­մա­րե­լէ բա­ցի, դրա­կան խօ­սած է պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րած կամ­քին եւ ըմ­բոս­տա­նա­լու ո­գիին մա­սին: Մահ­մե­տա­կան կրօ­նա­ւո­րը չէ թաքց­ու­ցած նաեւ պա­ղես­տի­նեան նա­խա­գա­հու­թեան, Մահ­մուտ Ապ­պասի, ցու­ցա­բե­րած կե­ցուած­քին թու­լու­թիւ­նը՝ նկա­տել տա­լով, որ պաշ­տօ­նա­կան Ռա­մալ­լան պէտք է շատ ա­ւե­լի ազ­դու կեր­պով հա­կազ­դէ գրանցուող մտա­հո­գիչ զար­գա­ցում­նե­րուն:

Այլ գետ­նի վրայ պա­ղես­տի­նեան եր­կու ար­մա­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը՝ «Հա­մաս» եւ «Ժի­հատ իս­լա­մի» շատ ա­ւե­լի կարծր կե­ցուածք­նե­րով հան­դէս գա­լով՝ նկա­տել տուած են, որ ի­րենք պատ­րաստ են ա­մէն գնով թի­կունք կանգ­նիլ պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին եւ յա­ռաջ մղել «Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­զա­տագ­րու­թեան հար­ցը»: Խա­լէտ Պաթշ («Ժի­հատ իս­լա­մի» կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն) կար­կի­նը ա­ւե­լի լայն բա­նա­լով ը­սած է, թէ՝ «Պա­ղես­տի­նը կա­րիքն ու­նի հա­մա­արա­բա­կան փո­թո­րի­կի մը, ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար Ե­րու­սա­ղէ­մը»: Իսկ «Հա­մաս»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Իս­մա­իլ Ռա­տուա­նի կար­ծի­քով՝ Մահ­մուտ Ապ­պա­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է ժամ ա­ռաջ դադ­րեց­նեն ի­րենց «ա­պա­հո­վա­կան» հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Նե­թա­նի­յա­հու­ի իշ­խա­նու­թեանց հետ:

Այս­տեղ տե­ղին է յի­շա­տա­կել, որ Ֆաթ­հի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող Վար­չա­պետ Ռա­մի Ալ Համ­տալ­լա, որ իր շքա­խում­բով «Ալ Աք­սա» պի­տի այ­ցե­լէր, վեր­ջին պա­հուն հան­դի­պե­ցաւ իս­րա­յէ­լեան ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու ար­գելք­նե­րուն եւ ա­նոր այ­ցը ջնջուե­ցաւ: Բնա­կա­նա­բար այս դէպ­քը բա­ւա­կան ծանր սքան­տալ մըն էր Ապ­պա­սի հո­վա­նա­ւո­րած կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար, սա­կայն մին­չեւ այս պա­հը Նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ապ­պաս կը մեր­ժէ հա­կազ­դել այս դէպ­քին ու կը շա­րու­նա­կէ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան լե­զուով խօ­սիլ:

Մինչ Իս­րա­յէլ այս հա­տուա­ծա­կան ա­րարք­նե­րուն կը դի­մէ, Ապ­պաս իր առ­ջեւ դրած է մէկ գե­րա­գոյն նպա­տակ: Ստա­նալ եւ­րո­պա­կան հա­մայն­քին նե­ցու­կը եւ ա­մէն գնով ջա­նալ ճանչ­ցնել Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թեան ի­րա­ւա­կան գո­յու­թիւ­նը:

Զար­մա­նա­լին Նե­թա­նի­յա­հուի վար­մունքն է, ու վեր­ջինս Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կո­րի­զա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ստա­ցած քա­ղա­քա­կան հա­րուա­ծէն ետք այ­սօր նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան կը դի­մէ:

Անց­նող Մար­տին Նե­թա­նի­յա­հուի Ուաշինկ­թըն տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը «կը պսա­կուէր» գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան ձա­խո­ղու­թեամբ ու բա­ցի ատ­կէ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը յայտ­նուէր հա­մա­տա­րած չէ­զո­քաց­ման մէջ:

Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը «քա­ղա­քա­կան ա­ղուէս» է, սա­կայն յատ­կա­պէս այս հանգ­րուա­նին ա­նոր կրա­կով խա­ղա­լու փոր­ձը կը մնայ ան­բա­ցատ­րե­լի:

Թէ ի՛նչ հի­մունք­նե­րու վրայ կը հիմ­նուի, զայն տա­կա­ւին կա­նուխ է կռա­հել: Մէկ բան յստակ է, որ պա­ղես­տի­նեան գե­տի­նը հրաբ­խա­յին վի­ճակ ու­նի ու ո­րե­ւէ յա­ւե­լեալ սրա­ցում «Ալ Աք­սա» մզկի­թին շուրջ ի­րա­վի­ճա­կը կրնայ տա­նիլ ամ­բող­ջա­կան բա­խում­նե­րու: Բա­խում­ներ ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ «ին­թի­ֆա­տա» կամ յե­ղա­փո­խու­թիւն: Իսկ պա­ղես­տին­ցի բո­ղո­քա­րար­նե­րուն հա­մար այս ար­դէն եր­րորդ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը քա­րե­րու փո­խա­րէն պի­տի ըլ­լայ զէն­քե­րով:

Նե­թա­նի­յա­հու, որ ար­դէն բա­ւա­կան բարդ քա­ղա­քա­կան դրու­թեան մը մէջ է: Իսկ ա­նոր ը­րած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան հա­մա­տա­րած կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի մը յան­գեց­նել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015