ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ի պատիւ յառաջիկայ ամսուան մէջ մեծարանքի հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան Լոս Անճելըսի մէջ։ Թեմէն ներս պիտի նշուի բարեջան առաջնորդին քահանայագործութեան 35-ամեայ եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեայ կրկնակ յոբելեանները։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ գոհաբանական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ Առաջնորդարանի «Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահէն ներս մեծարանքի ճաշկերոյթ մը պիտի սարքուի ի պատիւ իրեն։
Մինչ այդ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յայտարարեց, թէ Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական միութիւնը (ՀԵԵՄ) կը յաւակնի դառնալ համահայկական երիտասարդական շարժում մը։ Ինչպէս ծանօթ է, ՀԵԵՄ-ի գործունէութիւնները կ՚ընթանան Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նորին Սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է հետեւեալը.
«ՀԵԵՄ մը ունենալու հոգելոյս Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեանի տեսիլքը մեզի միշտ խանդավառած է որպէս հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդ։ Անցեալ երեսու-նըհինգ տարիներուն ընթացքին, ուր որ ալ կանչուեցանք ծառայութեան, փորձեցինք կեանքի կոչել Ներսոյեան Սրբազանին տեսիլքը՝ 1946-ին Ամերիկայի մէջ իր իսկ ստեղծած ՀԵԵՄ-ի նախատիպը որպէս օրինակ ունենալով։ Աշխարհի չորս ծագերէն հայ երիտասարդները եկեղեցւոյ յարկին տակ ի մի բերելու գաղափարը յղացանք 2001-ին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի յոբելենական միջոցառումներուն ընթացքին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ լիակատար աջակցութեամբ անմիջապէս ձեռնամուխ եղանք այս նուիրական գործին՝ զանազան հանդիպումներ կազմակերպելով հայ երիտասարդութեան հետ։ Այսօր, տասնչորս տարի վերջ, հետադարձ հայեացքով կրնանք իսկապէս ըսել, որ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համահայկական երիտասարդական կազմակերպութիւն մը ստեղծելու մեր տեսիլքը որոշապէս յաջողած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ՝ ծխական կամ թեմական մակարդակով։ Այդուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ, որ նման ընդգրկումով կազմակերպութեան մը համար տասնչորս տարին բաւարար ժամանակ մը չէ ինքնակազմակերպուելու տեսանկիւնէն։ Մեր տեսիլքին ակնդէտ՝ մենք կը շարունակենք հետեւողական աշխատանքով համախմբել հայ երիտասարդները, կանոնակարգել կառոյցին վարչաժողովական կեանքը, յստակեցնել յառաջիկայ ընելիքները եւ լրջօրէն մշակել հեռահար ծրագրեր։ Ի վերջոյ, ՀԵԵՄ-ի նպատակը մէկ է՝ հասցնել գիտակից, պատրաստուած, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ նախանձախնդիր սերունդ մը, որ իր հոգեւոր եւ բարոյական նկարագրով նոր որակ մը պիտի հաղորդէ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին»։
Ըստ Նորին Սրբազնութեան բացատրութիւններուն, ՀԵԵՄ-ի թեմական եւ ծխական մասնաճիւղերը ունին իրենց հաստատուած տարեկան ծրագրերը եւ ժամանակացոյցը։ Կեդրոնական գրասենեակը կը համակարգէ եւ ի պահանջել հարկին՝ կ՚աջակցի տեղական մարմիններուն զանազան հարցերով։ «Գիտակից ենք, որ այսպիսի ընդգրկուն եւ լայնածաւալ առաքելութիւն մը կը կարօտի մնայուն հոգածութեան եւ աշխատանքի։ Մենք այդ յանձնառութիւնով կը շարունակենք մեր ջանքերը՝ ժրաջանութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ եռանդով», ըսաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ընդգծեց, թէ ՀԵԵՄ ինքնին մեծ ուժ մըն է, որովհետեւ կը ներկայացնէ մեր եկեղեցւոյ զաւակները աշխարհի զանազան կողմերէն։ Անձնական շփումներու, բարեկամութեան եւ մտերմութեան շնորհիւ մեր երիտասարդները յարաբերութիւններ կը հաստատեն այլ երկիրներու մէջ ապրող ու գործող իրենց տարեկիցներուն հետ եւ այս երեւոյթը գործնական տեսանկիւնէ հեռանկարային է ինքնին։ «Համագործակցութիւնը, իրարու օգնելը, գործնական կապեր հաստատելը եւ ինչու չէ նաեւ, հայ ընտանիքներ կազմելը առանցքային նպատակներ են ՀԵԵՄ-ի համար։ «Այդուհանդերձ, մեր գերակայ խնդիրը կը մնայ նոր, գիտակից, պատրաստուած սերունդ մը հասցնելը։ Երիտասարդութեան եւ եկեղեցւոյ կապը պէտք է ըլլայ հոգեւոր, գիտակցական եւ իմացական հիմքի վրայ, այլ ոչ՝ զգացական կամ աւանդութեան ուժի։ Միայն այնպէս կրնանք պատրաստել վաղուան առաջնորդները, նախանձախնդիր պաշտպանները, մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն։ Մեր համատեղ աշխատանքի արդիւնքը արդէն յուսադրիչ է։ Ինչպէս որ մշակ մը կը սպասէ հունձքին, մենք ալ որպէս եկեղեցի անհամբեր կը սպասենք՝ մեր ջանքերուն բարի պտուղները քաղելու», եզրափակեց Նորին Սրբազնութիւնը։
ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Միւս կողմէ, «Հանգրուաններ եւ սիւներ» նշանաբանն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի օծման հինգերորդ տարեդարձի տօնախմբութեան: Ս. Պատարագի աւարտին, շուրջ երեք հարիւր բարեկամներ, համակիրներ եւ նուիրատուներ մասնակցեցան Առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին եւ յայտագիրին: Ճաշկերոյթը ազնուաբար հիւրընկալեցին Տքթ. Արամայիս Պարոնեան եւ Նաթելլա Լալաբէկեան-Պարոնեան:
Ներկայ գտնուող պատուարժան հիւրերուն մաս կը կազմէին Գալիֆորնիոյ Պետական խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ, Լոս Անճելըս քաղաքի Քաղաքային խորհուրդի հայազգի անդամ Փոլ Գրիգորեան եւ կողակիցը՝ Թամար, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սէրկէյ Սարկիսով եւ իր փոխանորդը՝ Վալերի Մկրտումեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, Թեմական խորհուրդի անդամներ, բարերարներ եւ Մայր տաճարի կնքահայրներ:
Բարի Գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Մայր տաճարի օծման հինգերորդ տարեդարձի յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Ագեան, որ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հովուական եւ հայրական ցուցմունքներուն եւ զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց մատուցած նուիրեալ ծառայութեան եւ անխախտ քրիստոնէական ոգիին համար:
Բացման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ի սրտէ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք գործնականապէս եւ զանազան միջոցներով մասնակցեցան Մայր տաճարի կառուցման նուիրական առաքելութեան: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հինգ տարի առաջ բոլորս ալ ականատեսներն էինք պատմական օծման Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին՝ ձեռամբ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Կաթողիկոսի Ամենայն Հայոց: Այսօր մենք ո՛չ թէ միայն կը տօնախմբենք երկար տարինրէ ի վեր սպասուած կառուցումը Մայր տաճարին, այլ կը նախաձեռնենք նոր ծրագրի մը, որն է Մայր տաճարի Պահապաններ ծրագիրը: Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը փոխանցենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր կեդրոնի կառուցման մասնակցութեան համար»:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, ապա հիւրերը վայելեցին ճաշը եւ դիտեցին Առաջնորդարանի Հեռուստացոյցի եւ արտաքին յարաբերութեանց (media) բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզը, որ կը ցուցադրէր Մայր տաճարի կրօնական եւ մշակութային դերը՝ համայնքային կեանքէն ներս:
Ճաշկերոյթի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ պատուի արժանացուց Գալիֆորնիա Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօն՝ առ ի գնահատութիւն ամերիկահայ համայնքին իր մատուցած սեպուհ ծառայութիւններուն եւ իրեն յանձնեց խորհրդանշանական նուէր մը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նոյնպէս պատուի արժանացուց Լոս Անճելըս Քաղաքի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանը՝ նշելով անոր պատուաբեր ծառայութիւնը Լոս Անճելըսի համայն բնակիչներուն:
Հանդիսավար Լենա Ագեան անդրադարձաւ Հայց. Եկեղեցւոյ ունեցած դերին իր անձնական կեանքին մէջ: Շեշտելով փոքր տարիքէն ի վեր իր մասնակցութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս։ Անգեան նշեց կարեւորութիւնը, թէ պէտք է Հայ Եկեղեցւոյ վերադարձնենք մեր ստացածները, որ ապաւէնն է մեր ազգային ինքնութեան: Ապա ան ներկայացուց նորագոյն առաքելութիւնը Արեւմտեան Թեմին, որն է դառնալ «Պահապանները մայր տաճարի ծրագիրին»:
Փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Մայր տաճարի օծման հինգերորդ տարեդարձի յանձնախումբին կատարած կազմակերպչական սքանչելի աշխատանքը՝ ատենապետութեամբ Լենա Ագեանի: Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն շարունակելու իրենց գործօն մասնակցութիւնը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Արեւմտեան Թեմի եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի առաւել պայծառացման եւ բարգաւաճման համար:
Բաց աստի, Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Խաչվերացի տօնը, որ տարուան վերջին տաղաւար տօնն է, նշուեցաւ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ: Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցութեամբ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի, Տ. Սիփան Ա. Քհնյ. Մխսեանի եւ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի, հանդիսապետեց Խաչվերացի աւանդական անդաստանի արարողութեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Խաչվերացի հակիրճ պատմականին: 614 թուականին պարսիկները յարձակեցան Երուսաղէմի վրայ, կործանեցին քրիստոնէական սրբավայրեր եւ եկեղեցիներ, որոնց մէջ կային նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատկանող վանքեր եւ եկեղեցիներ եւ որպէս անարգանք քրիստոնեաներուն, Քրիստոսի Խաչափայտը իրենց հետ Պարսկաստան տարին: Սակայն 628 թուականին յոյներուն բանակը՝ հրամանատարութեամբ Հերակլ կայսեր եւ հայոց բանակը՝ գլխաւորութեամբ Մժեժ Գնունիի յարձակեցան Պարսկաստանի վրայ, յաղթեցին եւ ազատագրեցին Քրիստոսի Սուրբ Խաչը եւ մեծ հանդիսութեամբ զայն Վանի, Վասպուրականի եւ Պոլսոյ ճամբով առաջնորդեցին դէպի Երուսաղէմ եւ բարձրացուցին Գողգոթայի վրայ, ուր խաչուած էր մեր Փրկիչը:
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ շեշտեց Ս. Խաչին նշանակութիւնը հայ հաւատացեալներու կեանքէն ներս՝ ըսելով. «Ս. Խաչը կը խորհրդանշէ մեր ինքնութիւ-նը եւ կոչ կÿուղղէ մեզի առաջնորդելու մնայուն եւ շարունակական ճանապարհորդութիւն Աստուծոյ հետ»: