ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի, այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք­. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 4-ին պի­տի կա­տա­րո­ւի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը ու Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին հանգստեան ա­ղօթք­նե­րով պի­տի յի­շո­ւին ե­կե­ղեց­ւոյ հան­գու­ցեալ սա­տա­րող­նե­րը։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի պի­տի սար­քո­ւի սի­րոյ սե­ղան ի նպաստ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին։ Ա­նոնք շա­բա­թա­վեր­ջի սոյն կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեանց հրա­ւի­րե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դա­ռա­ջեց ե­ղած խնդրան­քին։ Կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն՝ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեանց մէ­ջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015