Ռաֆայէլ Իսրայէլեան. Հայու Ոգեղէն Խոյանքին Քարեղէն Շնչաւորումը
Սեպտեմբեր 17-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծանուն արժէքներէն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի (1908¬1973), որ յատկապէս «Սարդարապատի ճակատամարտը» յաւերժացնող իր յուշահամալիրով՝ բարձրադիր պատուանդան մը նուաճած է հայոց անմահ արժէքներու պանթէոնին ու, իբրեւ այդպիսին, հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Ռաֆայէլ Իսրայէլեան արժանաւորապէս կը հանդիսանայ հայկական ճարտարապետութեան տաղանդաւոր այն վարպետը, որ քարեղէն շնչաւորում տուաւ հայ ժողովուրդի ազգային խոյանքին եւ խրոխտ սլացքին։ Ինչպէս որ մեծատաղանդ ճարտարապետին նուիրուած կայքէջը կ՚ընդգծէ՝
«Հայ ականաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան համադրած է ժամանակակիցն ու աւանդականը եւ ազգային ոգիով լուծել արդի ճարտարապետութեան մարտահրաւէրները:
«Մեծ վարպետի ժառանգութիւնը յիրաւի կը զարդարէ Հայաստանի լեռներն ու ձորերը: Իսրայէլեանի արուեստին մէջ ամենաբարձր մակարդակով կը ներկայացուի Հայաստանի անցեալն ու ապագան: Անոր ուղենշած ճանապարհը կը տանի դէպի արդիականի եւ ազգայինի ներդաշնակութիւնը: Այս ճանապարհին Մեծ ճարտարապետը դրսեւորած է հայ ազգային ստեղծագործական ներուժը»:
Ռաֆայէլ Սարգիսի Իսրայէլեան ծնած էր 1908-ի Սեպտեմբեր 17-ին, Թիֆլիզ։ Հայրը՝ Սարգիս Յակոբի Իսրայէլեան ծնած էր Շուշի եւ եղած էր Հայոց լեզուի ու գրականութեան մասնագէտ, բանահաւաք՝ ծաւալելով գիտական եւ կրթական աշխոյժ գործունէութիւն Արցախի տարբեր շրջաններուն եւ Թիֆլիզի մէջ։ Իսկ մայրը՝ Մարիամ Հախնազարեան ծնած էր Նախիջեւան։
Կենսագրական արմատներով արդէն նախագծուած էր հայ արդի ճարտարապետութեան վարպետին ստեղծագործական ներշնչման ուղին։
Ռաֆայէլ Իսրայէլեան 1925-ին աւարտեց Թիֆլիզի թիւ 72 Աշխատանքային դպրոցը։ 1926-1928-ին ուսանեցաւ Վրաստանի Գեղարուեստի ակադեմիոյ ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ։ 1929-1932 Իսրայէլեան ուսումը կատարելագործեց Լենինկրատի Կոմունալ Շինարարութեան հիմնարկի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ։
Իբրեւ ճարտարապետ¬նախագծող աւարտելով ուսումը՝ 1932-1934-ին Իսրայէլեան մասնագիտացման հետեւեցաւ Լենինկրատի Խ.Ս.Հ.Մ. Գեղարուեստի ակադեմիոյ Ի. Ե. Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկին մէջ եւ 1934-ին աւարտեց Տիպլոմային Նախագիծերու նախապատրաստական դասընթացքները։ «Գերազանցութեամբ» պաշտպանելով Տիպլոմային Նախագիծը՝ ան ստացաւ ճարտարապետ-արուեստագէտի կոչում։ Իսկ 1936-ին աւարտելով միեւնոյն հիմնարկի Վարպետութեան կատարելագործման դասընթացքները՝ Իսրայէլեան ըս-տացաւ ճարտարապետ-նկարիչի կոչում։
1936-ին տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ մինչեւ 1941 աշխատեցաւ Հ.Խ.Ս.Հ. Կոմունալ Տնտեսութեան ժողկոմատին առընթեր ճարտարապետական-Նախագծային թիւ 2 Արուեստանոցին («Հայպետնախագիծ») մէջ, իբրեւ ճարտարապետ։
1941-1943 թուականներուն աշխատեցաւ Հայաստանի Պատմական յուշարձաններու ՚ահպանութեան կոմիտէին մէջ, իբրեւ աւագ գիտաշխատող։
Միաժամանակ՝ 1941-էն սկսեալ մինչեւ 1963-ը, Իսրայէլեան դասաւանդեց Երեւանի Պոլիտեխնիկական ինստիտուտին մէջ, իբրեւ աւագ դասախօս, իսկ 1947-էն ետք, իբրեւ տոցենտ։
1944-ին կայացաւ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի Ճարտարապետներու տան մէջ։
Առաջին կարգի մրցանակի արժանացաւ Երեւանի մէջ կառուցուելիք Յաղթանակի կամարի նախագծին համար կատարուած բաց մրցոյթին։
1945-ին պարգեւատրուեցաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն Խորհուրդի պատուոյ գիրով։ 1947-ին, ճարտարապետութեան երիտասարդ վարպետներու ստեղծագործութեանց 2-րդ Համամիութեանական ստուգատեսի ընթացքին արժանացաւ առաջին մրցանակի։
1947-1949 տարիներուն աշխատեցաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Նախարարներու Խորհուրդին առընթեր Ճարտարապետութեան գործերու վարչութեան արուեստանոցին մէջ, իբրեւ ճարտարապետ-նախագծող։ 1950-ին ընտրուեցաւ Երեւանի Քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր։
Նոյն տարին պարգեւատրուեցաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն խորհուրդի պատուոյ գիրով։ 1951-ին Յաղթանակ յուշարձանի ճարտարապետութեան համար արժանացաւ Խ.Ս.Հ.Մ. պետական առաջին կարգի մրցանակի։
1952-ին, Լենինկրատի Խ.Ս.Հ.Մ. Գեղարուեստի Ակադեմիայի Ի. Ե. Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկին մէջ, պաշտպանեց «Իմ աշխատանքները ճարտարապետութեան մէջ» թեմայով ատենախօսութիւնը եւ ստացաւ ճարտարապետութեան թեկնածուի գիտական աստիճան։
1961-ին, Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով, արժանացաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Արուեստի վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչման։
Իսկ 1968-ին, Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով, արժանացաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. վաստակաւոր ճարտարապետի պատուաւոր կոչման։
1970-ին, Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով՝ հայ մեծ ճարտարապետը արժանացաւ Խ.Ս.Հ.Մ. ժողովրդական ճարտարապետի պատուաւոր կոչումին։
Հայ Հոգիին եւ ազգային խոյանքին քարեղէն մարմնաւորումը իրագործած մեծատաղանդ ճարտարապետը վախճանեցաւ Երեւան, 1973 թուականի Սեպտեմբերի 8-ին։
Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ստեղծագործական հարուստ ժառանգութեան մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի են՝
-«Արարատ» Տրեստի գինիի մառանները (Գ. Քոչարի համահեղինակութեամբ)։
-«Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրը», Արմաւիրի մարզ։
-«Չարենցի կամար» յուշակոթողը, Երեւան-Գառնի մայրուղի։
-«Յաղթանակ» զբօսայգիի մուտքի յաղթակամարը՝ Ազատութեան պողոտայ։
-«Յաղթանակի յուշարձան-թանգարան»ը, «Յաղթանակ» զբօսայգի։
-1918-ի Բաշ Ապարանի Հերոսամարտի յուշահամալիրը՝ Ապարան։
-«Մուսա լերան հերոսական ճակատամարտը» յուշարձանը, գ. Մուսալեռ։
-«1920 թուի Հաճընի հերոսամարտը» յուշարձանը՝ Նոր Հաճըն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ