ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ…
Օծումը ունի նուիրագործողի եւ սրբագործողի իմաստ։ Այսպէս, Աստուծոյ սպասարկութեան կոչուած անձեր, պաշտօնեաներ, առարկաներ եւ անօթներ կ՚օծուէին ձիթենիի իւղով Աստուածընտիր անձերու ձեռամբ։ Օծումով իշխանութեան կու գային նաեւ թագաւորները, օրէնքով կառավարելու համար իրենց ժողովուրդը։
Հայ քրիստոնեային համար Սուրբ Միւռոնը ամենէն նուիրական եւ խորհրդաւոր սրբութիւնն է։
Իւրաքանչիւր անձ կամ իւրաքանչիւր իր, որ կապ ունի քրիստոնէական պաշտամունքի հետ, սրբազան բնութիւն եւ նկարագիր կը ստանայ, եթէ ունի Սուրբ Միւռոնի օծումը եւ կը կրէ անոր դրոշմը իր վրայ։
Աստուածային շնորհ ընծայող եւ նուիրագործող օծման իւղը բաղադրութիւնն է բազմատեսակ նիւթերու, գլխաւորապէս ձէթի եւ չափաւոր քանակութեամբ բալասան եւ դարձեալ քառասունէ աւելի հոտաւէտ խունկերու եւ բոյսերու։
Արեւմտեան եկեղեցին, Սուրբ Միւռոնի պատրաստութեան համար անփոփոխ կը պահէ ձէթի եւ բալասանի բաղադրութիւնը։ Իսկ Արեւելեան եկեղեցիները, բացի այս երկու գլխաւոր նիւթերէն, կը գործածեն նաեւ վարդ, սպիտակ խունկ, քրքում, մուշկ, կինամոն եւայլն։
Յայտնի չէ, թէ հին շրջաններուն ի՛նչ կը գործածէր Հայ Եկեղեցին Սուրբ Միւռոնի պատրաստութեան համար, բացի ձէթէ եւ բալասանէ։ Լամբրոնացիի Մաշտոցին մէջ այս մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ։ Գէորգեան Մաշտոցը, որ տպուած է 1876-ին Վաղարշապատի (Էջմիածին) մէջ, Կանոն օրհնութեան Սրբալոյս Միւռոնի, կու տայ քառասունչորս հոտաւէտ ծաղիկներու եւ անուշաբոյր արմատներու եւ հունտերու ցանկ մը, թրքերէն անուններով ու չափերով։
Այդ հոտաւէտ ծաղիկներու անունները իրենց չափերով ստորեւ կու տանք.-
1-ՅՈՒՏՊԱԼԱՍԱՆ (Բալասան Հրէաստանի, կամ բալասան Եգիպտոսի, կամ սպիտակ բալասան. տաճկերէն Մեքքէ բէլէսէնկի, կամ խահուտի բէլէսէնկի). 20 տիրհեմ (*)։
2-ՀԱՊՊԱԼԱՍԱՆ (բալասան Փերուի. տաճկերէն ենի տիւնիա բէլէսէնկի). 10 տիրհեմ։
3-ՂԱՐԱՆՖՈՒԼ (մեխակ. տաճկերէն քարանֆիլ). 10 տիրհեմ։
4-ՃԱՒԶՊՈՒԱ (ընկոյզ հնդկաց. տաճկերէն հինտիստան ճեվիզի). 10 տիրհեմ։
5-ՂԱՍԱՊԶԱՐԻՐԷ 10 տիրհեմ։
6-ՍՆՊՈՒԼ ՀՆԴԻ, որ եւ ՍՆՊՈՒԼ ԽԱԹԱՅԻ (յասմիկ, տաճկերէն սիւնպիալի հինտի կամ սիւնպիալի խիթայի). 10 տիրհեմ։
7-ՔԱՊԱՊԻԷ (տաճկերէն քեպապիէ). 10 տիրհեմ։
8-ՊԱՍՊԱՍԱՐՈՒՄԻ (սամիթ յունական. տաճկերէն պեսուս, պօյ թոհումու). 10 տիրհեմ։
9-ՍԱՏԷՃ ՀՆԴԻ 20 տիրհեմ։
10-ՏԱՐՉԻՆ (դարիսենիկ. կինամոն, տաճկերէն դարչին). 10 տիրհեմ։
11-ՀԱՅԽՈՒՆԿ (տաճկերէն քիւննիւկ). 10 տիրհեմ։
12-ՂՐՏԻՄԱՆԷ (խոպոպիք, տաճկերէն քալուլէ). 20 տիրհեմ։
13-ԲՈՒԽՈՒՐ ՄԱՐԻԱՄ (տաճկերէն՝ պուհուր մերիէմ). 10 տիրհեմ։
14-ՃԱԻՐԻ ՃԱՊՈՒՌ 10 տիրհեմ։
15-ՍԱՆԴԱԼԱՊԵԱՏ (սանդալ սպիտակ, տաճկերէն սանտալ). 20 տիրհեմ։
16-ՄԻԵԱՍԱՅԻԼԷ (նարինջի ծաղկաջուր, տաճկերէն չիչէք սույու). 20 տիրհեմ։
17-ԶԱՖՐԱՆ 20 տիրհեմ։
18-ՄԱՐՏԱԿՈՒՉ (մանրագոր. տաճկերէն քանքուրուտան, մերտիւկիւ). 20 տիրհեմ։
19-ՄԱՆԼԱՊ (մէլապ-քըրքմոյ(. 10 տիրհեմ։
20-ԻԹԽԻՐՏԷՔԷ 20 տիրհեմ։
21-ՍՕՏԻՔՀՕՀԻ որ է կիպարիս (Արաբ. սիւհիւտ-տիւհի, որ է պարսկերէն միւշժի զեմին այլ է եւ կիպարիոն, տաճկերէն սելվի). 30 տիրհեմ։
22-ԱՍԱՐԻՈՆ (տաճկերէն էզարուն). 10 տիրհեմ։
23-ՋՐՎԱՐԴ (պլպլուկ-վարդ). 40 տիրհեմ։
24-ՊԱՊՈՒՆԱՃ (երիցուկ. տաճկերէն պապունէճ-փափաթիա չիչէյի). 40 տիրհեմ։
25-ՄԱՆՈՒՇԱԿ (տաճկերէն մենեքշէ). 120 տիրհեմ։
26-ՆՈՒՆՈՒՖԱՌ (կոկոռ. տաճկերէն իւլիւֆէր չիչէյի կամ նինիֆէր). 40 տիրհեմ։
27-ԹԱՐՆՋԱԾԱՂԻԿ (տաճկերէն թուրունչ չիչէյի). 40 տիրհեմ։
28-ՖԼՖՈՒԼ (սպիտակ ու անուշահոտ պղպեղ. տաճկերէն ֆիլֆիլ). 10 տիրհեմ։
29-ԿԱԼԱՍԻ ՏԵՐԵՒ 40 տիրհեմ։
30-ՄՐՏԻ ՏԵՐԵՒ (տաճկերէն Մերսին եափրաղը). 40 տիրհեմ։
31-ՆԷՐԿԻԶ, ՆՐՃԷՍ (նարգէս). 40 տիրհեմ։
32-ՀԱՊԼՂԱՐ (պտուղ դափնւոյ. տաճկերէն տեֆնէ թոհումու). 20 տիրհեմ։
33-ՆՈՒՄԱ որ է ԿԱՊԻ ԾԱՂԻԿ (ըստ բառականին տաճկերէն նուման չիչէյի, կելինճիք չիչէյի(, 20 տիրհեմ։
34-ԼԱՏԷՆ (տաճկերէն Աֆիոն րուհու). 10 տիրհեմ։
35-ԶԱՆՃԱՖԻԼ, ԿՈՃԱՊՂՊԵՂ (տաճկերէն զինճեֆիլ). 10 տիրհեմ։
36-ՄԱԶՏԱՔԻ (տաճկերէն սաքըզ). 20 տիրհեմ։
37-ՅՈՒՏ որ է ծխանելիք (հալուէ. տաճկերէն էրտ աղաճը). 20 տիրհեմ։
38-ՊԱԼԱՍԱՆ (բալասան. տաճկերէն բէլէսէնկ). 120 տիրհեմ։
39-ԱՄՊԱՐ (տաճկերէն ամպէր). 5 տիրհեմ։
40-ՄՈՒՇԿ (տաճկերէն միսք). 5 տիրհեմ։
41-ՊԱՆԱԽՇԻ ՔԷՕՔ (մանուշակի արմատ. տաճկերէն մենեքշէ քէօքիւ). 10 տիրհեմ։
42-ՀՈՌՈՄ ԽՈՒՆԿ որ է ՄԻԱՅ 20 տիրհեմ։
43-ՎԱՐԴԻ ՆԻՒԹ 10 տիրհեմ։
44-ԳԻՆԻ 325 տիրհեմ։
Այս ցանկէն ետք գրուած են «Ծանօթութիւն» մը եւ մեռոնեփի հրահանգ մը՝ հետեւեալ խորագրով. «Յաղագս եփելոյ զնիւթս Սրբոյ Միւռոնին, որ դիւրին է յոյժ»։
Եթէ այդ նիւթերէն եւ ծաղիկներէն մէկը կամ երկուքը կամ երեքը պակսին, պէտք չէ արգիլել միւռոնի օրհնութիւնը, քանզի գլխաւոր նիւթ Սրբոյ Միւռոնին համարի ձէթի ձիթենեաց եւ իւղ բալասանի։
Տարակոյս չկայ որ ձէթը որչափ ընտիր ըլլայ, այնչափ յստակ եւ բնական գոյն մը կ՚ունենայ միւռոնը։ Իսկ ընտիր ձէթը ա՛յն է, որ կը հանուի լաւ հասունցած պտուղներէ (ձիթապտուղներէ) առաջին ճմլումով եւ կ՚ըսուի առաջին ձէթ, կոյս ձէթ։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուն օր մը չունի միւռոնի օրհնութիւնը։ Գէորգեան Մաշտոցը կ՚ըսէ. «Զսուրբ Մեռոնն աստուածագործ՝ օրհնէ Հայրապետն ըստ վաղեմի սովորութեան եկեղեցւոյ յաւուր Մեծի Հինգշաբթուան, կամ ի Պենտեկոստէին եւ կամ միում ի պատշանական կիւրակէից տարւոյ»։
Այս հատուածը ամբողջացնելու համար մէջբերենք Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սվաճեանի հետեւեալ տողերը.
«… Միւռոնօրհնութիւնը Առաքելական Եկեղեցիներու հին ու կարեւոր արարողութիւններէն մին է։ «Մեր մէջ, ըստ աւանդութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով սկսած է Միւռոնօրհնութիւնը։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ միւռոնը միայն կաթողիկոսները կրնան օրհնել, մինչ ուրիշ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ միւռոն օրհնելու իշխանութիւն ունին։
«Մեր մէջ ալ մինչեւ Սիոն Ա. Բաւոնեցի Կաթողիկոս (Ը. դար), հայ եպիսկոպոսներ կրնային միւռոնի օրհնութիւն կատարել։ Բայց Պարտաւի ժողովով՝ այդ իրաւունքը տեղին ըլլալով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերապահ-ւեցաւ։ Նաեւ այդ իրաւունքը ճանչ-ցըւեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, որ 1441 թուականէն սկսեալ մինչեւ օրս միայն իր թեմերուն համար կրնայ կատարել միւռոնօրհնութիւն»։
***
Միւռոնօրհնութեան համար Հայրապետին կողմէ ճշդուած օրէն քառասուն օր առաջ Մայր Աթոռի լուսարարապետ եպիսկոպոսը կը մէկտեղէ ձէթ, դափնիի իւղ, գինի եւ քառասունչորս տեսակ մաքրուած ծաղիկներու ծեծուած հիւթը, զանոնք կ՚եփէ նշանակելի քանակութեամբ բալասանի եւ ծաղիկի իւղերու մէջ, յետոյ քանիցս կը քամէ եւ կը դնէ միւռոնի կաթսային մէջ, որու վրայ կ՚աւելցնէ նախապէս օրհնուած միւռոնէն մաս մը։ Կաթսան կը տեղաւորէ աւագ սեղանին վրայ, փակ կափարիչով եւ եօթ շղարշներով ծածկուած։ Քառասուն օր շարունակ երեկոյեան ժամերգութենէն վերջ կը կատարուի Հսկման կարգ։
Միւռոնի օրհնութեան ընթացքին արքեպիսկոպոս մը կ՚երդմնեցնէ միւռոնին նիւթը.
«Երդմնեցուցանեմ զքեզ նիւթ ձիթոյ յանուն հօր ամենակարողի, որ արար զերկինս եւ զերկիր, եւ գծով եւ զոր ի նոսա, զի ամենայն ներգործութիւն սատանայի եւ չարութիւն նորա եթէ իցէ ի քեզ, հեռացել լինի ի քէն, որպէսզի օրհնութեամբ զօրասցիս յօծեալսն՝ քեզ տպաւորել զհոգին Սուրբ յանուն հօր ամենակալի եւ որդւոյն նորա Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ յաւիտեանս։
«Երդմնեցուցանեմ զքեզ պիղծ հոգի դիւական, զի հալածեսցի յայս ձիթէս ամենայն նենգութեամբ քո, յանուն հօր եւ որդւոյն եւ հոգւոյն, սրբոյ, զի լիծի սա յօծ»։
Էջմիածնական զեկոյց մը կ՚ըսէ.
Սրբալոյս Միւռոնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենանուիրական սրբութիւնն է, որով կը փոխանցուին Աստուծոյ սուրբ եւ բարերար հոգւոյն շնորհները։ Երկնային ու խնկելի իւղն իր զօրութիւնը կը ստանայ օրհնութեամբ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ վերապահուած է միայն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Ըստ աւանդութեան, առաջին Միւռոնօրհութիւնը կատարած է հայոց առաջին կաթողիկոսը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Միւռոնի օրհնութեան եւ պատրաստման կարգը, որու մասին ամենահին տեղեկութիւնները ԺԴ. դարու ձեռագիր Մաշտոցին մէջն են, անփոփոխ է ցայսօր։
Մինչ Միւռոնի օրհնութեան սրբազան արարողութիւնը, կը պատրաստուին եւ մանրակրկիտ կը մշակուին սրբալոյս իւղի բաղադրիչ մասերը։ Անոնցմէ կարեւորագոյնը բալասանն է, որ կը բերուի Իսրայէլէն կամ Հնդկաստանէն։ Ան կը խառնուի մաքուր ձիթաիւղին։ Միւռոնի պատրաստման ժամանակ կ՚օգտագործուին նաեւ քառասունէ աւելի ծաղիկներ, բոյսերու արմատներ, ծաղկահիւթեր, հոտաւէտ տերեւներ։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Միւռոնով կ՚օծուին եւ կը սրբագործուին պաշտամունքային կառոյցներն ու առարկաները՝ եկեղեցին, անոր սուրբ աւազանը, խաչը, սուրբ սեղանը, պատկերները, աստուածապաշտութեան մէջ կիրառուող սպասները։ Երանելի իւղով կ՚օծուին Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորները՝ քահանաները, եպիսկոպոսներն ու կաթողիկոսը։ Իւրաքանչիւր հայորդի, մկրտուելով Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, կը ստանայ Սրբալոյս Միւռոնի դրոշմը՝ իբրեւ երկնային շնորհ։ Միւռոնը կ՚օգտագործուի նաեւ ջրօրհնեաց արարողութեան ժամանակ ի յիշատակ մկրտութենէ վերջ Յիսուսի վրայ Սուրբ Հոգւոյ իջման։ Անցեալին Սրբալոյս Միւռոնով օծուած են հայոց արքաները։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Միւռոնօրհնութեան պարբերականութիւնը սահմանող յատուկ կանոններ չկան։ Սովորաբար ան կ՚օրհնուի հինգ-եօթ տարին անգամ մը։ Նախորդ 20-րդ դարու ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Միւռոնօրհնէք կատարուած է տասն անգամ։ Դարասկիզբի Միւռոնօրհնէքը 1903 թուականին կատարած է Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոս։ 1912 եւ 1926 թուականներուն Միւռոնօրհնութիւն կատարած է Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոս։ Միւռոնի յաջորդ օրհնութիւնը կատարուած է քսանինն տարի անց 1955 թուին։ Ան Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի առաջին Միւռոնօրհութիւնն էր, որմէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը երկարամեայ գահակալութեան ընթացքին Սուրբ Միւռոնը օրհնած է նաեւ 1962, 1969, 1976, 1983 եւ 1991 թուականներուն։ Հարկ է նշել, որ 1991-ի Միւռոնօրհնութիւնը ունէր պատմական նշանակութիւն, որովհետեւ դարեր անց առաջին անգամ Հայաստանի անկախ պետականութեան շրջանին զուգադիպեցաւ եւ կոչուեցաւ «Անկախութեան Միւռոն»։ Դարավերջի Միւռոնօրհնէքը կատարուեցաւ 1996 թուականին, ձեռամբ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի։
Ի սփիւռս աշխարհի կը ցրուի Սրբալոյս Միւռոնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները միեւնոյն միւռոնով մկրտելու համար, եւ այսպէս, միւռոնը մեզի համար կ՚ըլլայ հոգեւոր միութեան եւ եղբայրակցութեան անքակտելի կապերէն մին եւ խորհրդանիշը՝ ցրուած հայութեան համար։
***
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գտնուին չորս Միւռոնօրհնութեան կաթսաներ, որոնք զանազան առիթներով նուիրուած են. առաջինը՝ թիֆլիզեցի հայերուն կողմէ 1672-ին, երկրորդը՝ կալկաթացի (Հնդկաստան) հայերուն կողմէ 1941-ին, երրորդը՝ վանայ հայերուն կողմէ 1883-ին, իսկ չորրորդը, որ ամենամեծն է (արծաթեայ) 1895-ին նուիրուած է Մոսկուայի հայերուն կողմէ, գործը՝ Նախիջեւանի հայ վարպետներուն։ Այս վերջին կաթսային մէջ է որ Միւռոնօրհնութիւնը ներկայիս կը կատարուի։
21-րդ դարու առաջին Միւռոնօրհնութիւնը մեծահանդէս շուքով կատարուեցաւ 2001 թուականին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին։ 2001-ին Միւռոնօրհնութեան արարողութեան եօթնամեայ պարբերականութիւնը խախտուեցաւ, որովհետեւ կը նշուէր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի համազգային մեծ յոբելեանը։ Իսկ վաղը, Գարեգին Բ. (Ներսիսեան) Վեհափառ Հայրապետը պիտի կատարէ 21-րդ դարու երրորդ Միւռոնօրհնութիւնը, որ նախորդին նման տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորակառոյց բացօթեայ խորանին առջեւ։
Գրուած՝ հանգուցեալ Վարուժան Քէօսէեանի ուսումնասիրութեան հիման վրայ։
(*) 400 տիրհեմը 1 օխա է, 1 օխան 1282 կրամ է։