ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԵԿԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄԸ
-Այս հարցումը բոլոր տոմսերուն մէջ կայ, ըսաւ ընկերուհիս։
Երեւանի «Կոմիտաս» Պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժնի երրորդ քուրսի ուսանողներ էինք. «Հայ երաժշտութեան պատմութեան» քննութեան կը պատրաստուէինք։ Ինծի՝ Հալէպի մէջ էջերով քննութիւն յանձնող Սեւանին համար դեռեւս հասկնալի չէր ամբողջ հաստափոր գիրքի մը բովանդակութեան ծանօթ ըլլալս երեք կամ առաւելագոյնը հինգ հարցումով ստուգուելու իրողութիւնը, բայց արդէն վարժուած էի քննութեան այդ ձեւին...
-Կամ ազգային, կամ դասական օփերան, հարցնելու են, Սեւան ջան, ըսաւ ընկերուհիս։
Կը յիշեմ, այս երկու սահմանումները լաւապէս հասկնալու եւ իրարմէ յստակօրէն զանազանելու համար տրամադրած ջանքս մեծապէս աւելցուցած էր երաժշտական գիտելիքներս։
Փորձեմ բացատրել.
Սկսնակներու համար պատրաստուած երաժշտական դասագիրքերուն մէջ ընդունուած է յաճախ մէկ կամ առաւելագոյնը երկտողանի ժողովրդական գործեր դնել ի միտի ունենալով, որ տուեալ ազգի ժողովրդական երաժշտութիւնը՝ որպէս ականջին ծանօթ ու հոգեհարազատ մեղեդի, աւելի հեշտ պիտի ըլլայ ընկալել ու կատարել այդ մանուկին համար։ Մեր՝ հայկական երաժշտական դասագիրքերու պարագային, բացէ՛ք անոնցմէ որեւէ մէկը եւ դուք անկասկած, անպայմանօրէն պիտի հանդիպիք «Համբարձում եայլա» եւ «Ամպի տակից», «Ասում են ուռին»՝ «Անուշ» օփերայէն առնուած երգերուն. հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան եւ իրակա՛ն կենցաղին մէջ դրոշմուած ժողովրդական ամենահայ, ամենամաքուր եւ ամենադիպուկ ժողովրդական մեղեդիներ յօրինող Արմէն Տիգրանեանին անունը առ յաւերժ կը մնայ հայ երաժշտութեան մատեանին մէջ, որպէս հայկական առաջին ազգային օփերայի հիմնադիր։
Ինչո՞ւ ազգային։
Ակունքները անհրաժեշտ են։
Շատ գեղեցիկ ձայն ունեցած է Արմէն Տիգրանեանի մայրը, միշտ երգած է մեր ժողովրդական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգերը։ Վիճելի չէ, նաեւ, որ Տիգրանեանի ծննդավայրը, Ալեքսանդրապոլը, այսօրուան Կիւմրին, ընդհանրապէս արուեստի եւ յատկապէս երաժշտական իր հարուստ միջավայրով մեծապէս նպաստած է Արմէնին երաժշտական ընդունակութիւններու զարգացումին։
Ընտանիքին հետ Թիֆլիզ տեղափոխուած Տիգրանեանը, այնտեղ առաջին անգամ օփերա գացած եւ ունկնդրած է Թիֆլիզ ժամանող ռուս եւ օտար ականաւոր երգիչներու կատարումները։ Մէկ այլ երախտաւորէ՝ Մակար Եկմալեանէն երաժշտութեան դասեր առած եւ հմտացած Տիգրանեանը, Ալեքսանդրապոլ վերադարձած ու սկսած է մանկավարժական եւ երաժշտա-հասարակական իր գործունէութիւնը. երգեցողութեան դասեր տուած է, դպրոցական եւ ժողովրդական քառաձայն երգչախումբեր հիմնած, համերգներ կազմակերպած ու արուեստի տարբեր հարցերու նուիրուած յօդուածներ հրապարակած է... դեռ այդ տարիներուն իր կազմակերպած համերգներու ընթացքին, ան հնչեցուցած է ի՛ր գրած երգերն ու ռոմանսները, որոնց մէջէն յատկապէս լայն տարածում գտած են Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով գրուած երգերը՝ «Հովերն առան», «Ախ իմ ճամբէն», «Սեւ աչերէն շատ վախեցիր» եւ այլն։
Այս երգերուն՝ մինչեւ այսօր ալ մեր առօրեայէն, հինը նորաձեւութեամբ ներկայացնող մեր երգիչներուն երգացանկերէն ու հետզհետէ անհետացող ուրախ հաւաքոյթի մեր սեղանններէն անպակաս մնալով հանդերձ, տարակոյս չկայ, որ Թումանեանին չափ ու պէս, Արմէն Տիգրանեանի անուան կը հաւասարի անոր գլուխ գործոցը՝ «Անուշ»ը։
Այս մասին Տիգրանեան գրած է. «Հայկական օփերա գրելու միտքը շատոնց զիս կը զբաղեցնէր, բայց նիւթերը, որոնք մտածած էի մշակել, զիս պէտք եղած ձեւով չէին ոգեւորած... Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»ի թեման զիս ամբողջապէս յափշտակեց. պոեմի կառուցուածքը, հիանալի նախերգանքը, բերիներուն վիշտը, սիրահարներուն անձնուրաց սէրը, Սարոյին սիրերգը եւ... այս բոլորը կը պահանջէր սքանչելի այդ պոեմին երաժշտական ձեւ մը տալ՝ վերածել օփերայի»։
Այդ տարիներուն, բնականաբար, հայկական օփերային թատրոն չըլլալուն պատճառով հեղինակը ստիպուած եղած է երաժշտական կրթութիւն չունեցող, ոչ-արհեստավարժ երգիչներ հրաւիրել եւ Տիգրանեանի յամառ ջանքերուն շնորհիւ, 1912 թուականին, Կիւմրիի մէջ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցած է «Անուշ» օփերան. Սարոյի դերակատարը եղած է Շարա Տալեանը, իսկ Անուշինը՝ Աստղիկ Մարիկեանը։
Առաջին ներկայացման ականատես՝ գրախօս Ալեքսանտր Շահվերտեանը, ծանօթ ըլլալով օփերայի բեմադրման դժուարութիւններուն, շատ դիպուկ նկարագրութիւն մը արձանագրած է. «1912 թուականին, Ալեքսանդրապոլի մէջ բեմադրուեցաւ «Անուշ»ը՝ Արմէն Տիգրանեանի ստեղծած սիրողական երգիչներու խումբով. յիրաւի ցնցոտիներու մէջ ծնաւ հայկական առաջին օփերան։ Բաւական է ըսել, որ նուագախումբը կազմուած էր միայն 12 երաժիշտներէ։ Թէ՛ երգչախումբը, թէ՛ մենակատարները մեծ մասամբ դպրոցականներ էին, որոնք, ճիշդ է, անկեղծ ջանասիրութեամբ մը կ՚երգէին, բայց բնականաբար զուրկ էին մասնագիտական վարպետութենէն ու բեմական անհրաժեշտ փորձառութենէն... շէնքի անյարմարութիւն, միջոցներու ծայրայեղ սահմանափակութիւն, հագուստներու եւ տէքորներու աղքատութիւն. ահա այսպիսի պայմաններու մէջ իրականացաւ «Անուշ»ի առաջին բեմադրութիւնը եւ այդուհանդերձ ներկայացումը աննախադէպ յաջողութիւն ունեցաւ...»։
Ահա կարեւորը.
Մինչեւ «Անուշ»ի ստեղծումը, արդէն ծնած էր հայկական առաջին դասական օփերան՝ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Երկրորդ»ը, որ հայ ժողովուրդի պատմութենէն առնուած ու լիովին համաշխարհային մեծ օփերայի մը սկզբունքներով կառուցուած ըլլալով հանդերձ, «Անուշ»ի համբաւը չէր վայելած։
Ինչո՞ւ։
Վճռական ու յստակ է պատասխանը.
Որովհետեւ «Արշակ Երկրորդ»ին մէջ, դեռեւս պակաս էր մեր՝ հայկական ազգային շունչը, միտքն ու մտածելակերպը, հաւատամքն ու աւանդոյթը, ազգային ոգի՜ն, որով պէտք է առանձնանար հայկական օփերային արուեստը։
Ահա Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ»ն էր, որ հիմնովի՛ն լուծած էր այդ խնդիրը։
Այնքա՜ն էական է ընդգծել, որ օփերային մէջ փոխ առնուած որեւէ ժողովրդական ծանօթ մեղեդի մը չըլլալով հանդերձ, «Անուշ»ը դարձաւ հայկական առաջին ազգային ժողովրդական օփերան, քանի որ ո՛չ թէ յօրինուած, այլ իրօ՛ք հեղինակի հոգիէն բխած անկեղծ ստեղծագործութիւն էր եւ այդ պատճառով ալ ժողովրդական էր, ուրեմն՝ ազգային էր։
Ինչքա՜ն հայկական օփերաներ գրուեցան անկէ վերջ, ո՞ր մէկը կրցաւ փոխարինել «Անուշ»ը, կամ գոնէ՜ անոր իրակա՛ն ժողովրդականութիւնը վայելել...
Միանգամայն՝ ոչ մէկը։
Օփերային առաջին բեմադրութենէն վերջ, յետագայ երեսուն տարիներու ընթացքին, երաժշտահանը բնականաբար վերստին անդրադարձած է «Անուշ»ին, որոշ փոփոխութիւններ ու յաւելումներ կատարած ու վերանայած է գործիքաւորումին։
Վերանայուած տարբերակով «Անուշ»ը վերստին բեմադրուած է Երեւանի Օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնին մէջ 1930-ական թուականներուն եւ նոյնպէս ունեցած է շռնդալից յաջողութիւն. այդ օրերը իր կեանքին ամենաուրախ օրերը համարած է Տիգրանեանը, քանի որ իր ստեղծագործութիւնը, վերջապէս, ներկայացուած ու գնահատուած էր ըստ արժանւոյն...
Պատահակա՞ն է, որ այսօր, հարիւր տարի անց եւ աւելի, տակաւին շնչող ու ապրող ստեղծագործութիւն է «Անուշ»ը, ո՛չ միայն մեր, այլեւ՝ օտար բեմերու վրայ։ Ուր որ կատարուի, հանդիսատեսին խորունկ յուզմունքի առիթ է ան, իր գեղեցիկ բովանդակութեամբ, անկեղծ զգացմունքայնութեամբ, հայկական ժողովրդական տօներու եւ ծէսերու վառ ու գունեղ տեսարաններով, քնարական երգերով, զուգերգներով ու խմբերգներով՝ իրօք ժողովուրդի՛նը դարձած մեղեդիներով...
«Հայ երաժշտութեան պատմութեան» քննութեան իմ քաշած տոմսին մէջ «Հայկական դասական առաջին օփերան» հարցումը եկած էր, ընկերուհիիս գուշակութիւնները իրականացած եւ ազգային մեր առաջին օփերային մասին այսքա՜ն պրպտելէս վերջ՝ բաւական յուսախաբ եղած էի ես...
-Հայկական առաջին դասական օփերան չգիտե՞ս, Սեւան ջան, հարցուցած էր տխրութիւնս նկատած փրոֆեսէօրը...
-Գիտեմ, բայց կ՚ուզէ՞ք ձեզի բացատրեմ, թէ ինչու մեր դասական առաջին օփերան ազգային չէր. ջանքերուս արդիւնքը ըմբոշխնելու փորձ մը...
-Կ՚ուզեմ։
Չեմ կրնամ մոռնալ հմուտ այդ ժպիտը...
Ի՞նչ կը կարծէք.
Այդ քննութեան յաջողեցա՞յ ես...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եգիպտոս