ՄԱՆՈՒԿ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՐԵՒԱՆ ՄԵԿՆԱԾ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի  պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ ըն­տա­նիք մը եւս մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան։ Ծա­նօթ է, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը Սու­րիա­յէն Թուր­քիա խոյս տուած ըն­տա­նիք­նե­րուն նկատ­մամբ կը ցու­ցա­բե­րէ ան­մի­ջա­կան հո­գա­ծու­թիւն եւ աշ­խա­տանք կը տա­նի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան տե­ղա­փո­խուիլ Հա­յաս­տան։ Ան­ցեալ ա­միս Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը այս ճա­նա­պար­հով հանգրուա­նած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­րիշ ըն­տա­նիք մը եւս ու­ղե­ւո­րուած է Հա­յաս­տան։ Նա­խա­պէս Սու­րու­չի մէջ մնա­ցած Մա­նուէլ ըն­տա­նի­քի վեց ան­դամ­նե­րը՝ Խա­չիկ, Մա­րի, Լարա, Մա­րի­թա, Մա­րէ եւ Կա­րա­պետ շա­բա­թա­վեր­ջին հա­սան Հա­յաս­տան։ Սու­րու­չի մէջ ա­պաս­տան գտած միւս հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն ն­ման ա­նոնք եւս յար­մար դա­տած էին հաս­տա­տուիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն հի­ման վրայ Մա­նուէլ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ան­ցեալ Ուր­բաթ ե­կան Իս­թան­պուլ, իսկ ե­րէկ դէ­պի Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով հա­սան Հա­յաս­տան։

Հարկ է նշել, որ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն կը հե­տաքրք­րուի Թուր­քիոյ վրա­յով Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու այժ­մու կա­ցու­թեան հետ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015