ԱՆԿԵՂԾ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ԵՐԳՉՈՒՀԻՆ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԷԼՎԻՆԱ ՄԱԿԱՐԵԱՆ՝ ՅԵՏՄԱՀՈՒ ՄԵԾԱՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

2007 թուականի յուլիսի 9-ի առաւօտեան Կլենտէյլի իր բնակարանին մէջ մահացած կը գտնեն հայ տաղանդաւոր երգչուհի Էլվինա Մակարեանը։ Օրեր անց ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ երգչուհին անձնասպան եղած է ատրճանակով․․․

Հոգեկան եւ ֆիզիքական տառապանքներու մէջ ապրող երգչուհին այլեւս անիմաստ տեսած էր իր կեանքը՝ որդիի մահէն ետք։ Իր մահէն երկու տարի առաջ անձնասպան եղած էր Էլվինա Մակարեանի 28-ամեայ որդին, որմէ առաջ ալ մահացած էր մայրը, որոնց հետ ամենաշատը կապուած էր երգչուհին։ Այս ողբերգութիւններէն ետք երգչուհիի կեանքը վերածուած էր մղձաւանջի։ Ան ծանր օրեր ունեցած էր նաեւ Հայաստանի մէջ ապրած տարիներուն, երբ հալածուած էր որոշ արուեստագէտներու եւ ժամանակի իշխանութիւններու կողմէ, որովհետեւ իր տաղանդը, ինքնատիպութիւնը, համարձակութիւնը չէին մարսեր շատեր․․․

Տակաւին Հայաստանի անկախութենէն առաջ երգչուհին կը հեռանայ Հայաստանէն եւ կը հաստատուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ 1990-ականներու սկիզբներուն անգամ մը կը վերադառնայ Հայաստան, ուր կը ստեղծագործէ մինչեւ 90-ականներու վերջերը՝ ունենալով քանի մը սիրուած երգեր՝ «Եարօ ճան», «Երեւան»։ Երգչուհին, սակայն, յետոյ ընդմիշտ կը մեկնի ԱՄՆ, ուր կը շարունակէ իր գործը՝ սեփական աշխատանոցին մէջ, մինչեւ 2007 թուականը։

Այս տարի Էլվինա Մակարեան պիտի դառնար 75 տարեկան։ Անոր երգարուեստի երկրպագուները կը յիշեն երգչուհին ամէն օր։

Մարտի վերջին Երեւանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգչուհիին նուիրուած համերգ մը, որու ընթացքին հնչեցին անոր լաւագոյն երգերը։ Ելոյթ ունեցան երգչուհիներ Սրբուկ, Իլոնա Սաղիեան, Սեդա Սէյրանեան եւ Աննա Շահպազեան՝ նուագակցութեամբ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի սիմֆոնիք էսթրատային նուագախումբի։ Երուանդ Երզնկեան, որ նուագախումբի ղեկավարն է, Էլվինա Մակարեանին հետ միասին երաժշտանոց ուսանած է, համերգի ընթացքին ան երգչուհին բնորոշեց իբրեւ դարաշրջանները կապող հնչեղ կամուրջ մը։ 

Էլվինա Մակարեանի ընտանիքը արմատներով Օսմանեան կայսրութենէն էր։ Վաղ տարիքէն ան մեծ սէր եւ ձգտում ունեցած է երաժշտութեան նկատմամբ։ Մայրը, նկատելով իր աղջկան սուր լսողութիւնը, զայն կը տանի «Սայաթ-Նովա» երաժշտական դպրոց։

Տասներկու տարեկանին Էլվինան կը մասնակցի երգի քաղաքային դպրոցական մրցոյթին, որու ընթացքին առաջին մրցանակը կը ստանայ։ Այդ ժամանակ ան հիմնականը կ՚երգէր Շարլ Ազնաւուրի եւ Ռոպերթինօ Լորեթիի երգերը՝ դաշնամուրով նուագելով միաժամանակ։ Նկատելով երգչուհիի տաղանդը՝ խմբավար Մարտին Վարդազարեան զինք կը հրաւիրէ իր նորաստեղծ ճազային քառեակ, որուն կազմին մէջ Էլվինան առաջին անգամ ելոյթ կ՚ունենայ հեռատեսիլով։ Յետագային երաժշտահան Ռոպերթ Ամիրխանեանէն երիտասարդ երգչուհին առաջարկ կը ստանայ երգելու անոր «Կռունկ» խումբին մէջ։ Այս խումբին մէջ Էլվինա Մակարեան կը կատարելագործուի որպէս ճազային երգչուհի։

Երկու տարի վերջ, Հայաստանի Պետական էսթրատային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեան լսելով աղջկայ հզօր ձայնը, կը հրաւիրէ պետական այդ նուագախումբ։ Օրբելեանի նուագախումբը կը դառնայ Էլվինա Մակարեանի թռիչքը՝ երգարուեստին մէջ։ Իրարու կը յաջորդեն արտասահմանեան շրջագայութիւնները։ Երգչուհին կը տիրապետէր անգլերէնի, ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի, կ՚առընչուէր համաշխարհային մշակոյթի եւ օտարազգի երաժիշտներուն հետ։ Անոր տարերքը ճազն էր, մանաւանդ՝ ամերիկեան ճազը։ Ան բացի երգելէ, նաեւ կը ստեղծագործէր, կը գրէր երգեր, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին սիրուած կը դառնային։ 

Աշխատելուն հետ միաժամանակ երգչուհին կ՚ուսանէր Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ՝ դաշնամուրի բաժինը։ 

1970-ականներէն սկսեալ Էլվինա Մակարեան կը մասնակցի միջազգային բազմաթիւ փառատօներու, ելոյթներ կ՚ունենայ աշխարհի զանազան բեմերու վրայ եւ օտարազգիներուն նոյնպէս կը հիացնէ իր տաղանդով։ 1973 թուականին Մոսկուայի Օսթանկինոյի մէջ կայացած «Երիտասարդ ձայներ» համամիութենական մրցոյթին Էլվինա Մակարեան կ՚արժանանայ գլխաւոր մրցանակի՝ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Ու՞ր էք, տղաներ» երգի կատարման համար։

Անոր ոճը ինքնատիպ էր, բեմին վրայ պահուածքը՝ շատ ազատ եւ անկաշկանդ, իսկ ժամանակի չափանիշները չէին ընդուներ այդ մէկը։ 1980-ականներուն Համայնավարական կուսակցութիւնը ձեւով մը «տնային բանտարկութեան» կ՚ենթարկէ երգչուհին՝ վճարելով ամսականը եւ խնդրելով տունը մնալ եւ աշխատանքի չերթալ։ Նոյնիսկ այդ տարիներուն՝ 1986-1989 թուականներուն, ան կը շարունակէ ստեղծագործել, սակայն, համերգներուն չմասնակցելու զրկանքը մահ է երգիչի մը համար։ 

Այդ ժամանակ ԱՄՆ-էն հրաւէր կը ստանայ եւ որդիին հետ քանի մը շաբաթով զբօսաշրջութեան կը մեկնի։ Օգտուելով անոր բացակայութենէն՝ զինք ազատ կ՚արձակեն նուագախումբի մէջ աշխատանքէն։ Երգչուհին հարկադրաբար կը հաստատուի ԱՄՆ։ Ան թողարկած է ձայնասկաւառակ, ձայնագրութիւններ եւ վարպետութեան դասեր կատարած է իր սթիւտիոյին մէջ, գրած է նոր երգեր․․․ Սակայն, անձնական դժբախտութիւնները յաջորդած էին մէկը միւսին․ ամուսին չունէր, մայրը կը մահանայ, որդին անյաջող ամուսնութիւն մը կը կնքէ, որու պատճառով ալ անձնասպան կ՚ըլլայ։ Որդիին կորուստէն ետք ան, ինչպէս կը վկայեն մտերիմները, այլեւս այս աշխարհին մէջ չէր ապրեր․․․ 

Էլվինա Մակարեան կտակած էր զինք այրել ու մոխիրը յանձնել ովկիանոսին։ Կտակով ան խնդրած էր նաեւ հոգեհաց չկազմակերպել, չհաւաքուիլ․․․ Մահէն ետք հայ տաղանդաւոր երգչուհիի յիշատակը կը պահպանուի ԱՄՆ-ի մէջ, ուր երկար տարիներ ապրած է, իսկ Հայաստանի մէջ նոյնպէս ժամանակ առ ժամանակ համերգներ կը կազմակերպուին։ Երկու տարի առաջ Երեւանի փողոցներէն մէկը Երեւանի աւագանիի որոշմամբ՝ անուանակոչուեցաւ «Էլվինա Մակարեան փողոց»։ 

Իսկ իր յիշատակի համերգին «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահը լեցուն էր երաժշտասէրներով։ Դահլիճին մէջ կը զգացուէր երգչուհիի ներկայութիւնը, ոգին, տաղանդը․․․ Զայն կը կոչեն «հայազգի Էտիթ Փիաֆը»։ Համերգի կազմակերպիչները խոստացան, որ այս համերգը շարունակութիւն պիտի ունենայ․․․ 

ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆ ԱՐՄէՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ՝ ԷԼՎԻՆԱ ՄԱԿԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ 

Էլվինային հետ ծանօթացայ իմ ուսանողական տարիներուն: Անշուշտ, մանուկ ժամանակուընէ ծանօթ է իրեն, իր ձայնը եւ շատ կը սիրէի, հեռատեսիլով կը նայէի, կը հիանայի, բայց չէի պատկերացներ, որ գեղեցիկ օր մը Էլվինան ինծի կը հեռաձայնէր։ Այդ ժամանակ ան երիտասարդ երաժիշտ մը կը փնտռէր, որպէսզի օգնէր իր երգերու նուագակցութեան ու գործիքաւորման հարցերուն մէջ: Շատ լաւ կը յիշեմ այդ օրը, 19-20 տարեկան էի, ոչ աւելի (1982-83 թուականներն էին) ու ինծի համար մեծ յաջողութիւն էր, որ Էլվինա Մակարեանը զիս իր քով կանչած էր: Ծանօթացանք ու մէկ անգամէն շատ ջերմ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ երկուքիս միջեւ: Այդ օրը երեւի մինչեւ կէսգիշեր մնացի Էլվինայի տանը: Շատ գործեր ինքը նուագեց, ես նուագեցի, մէկ անգամէն բռնկուեցաւ մեր ներքին կապը, ինչ որ ուժեղ միութիւն դարձաւ: Էլվինայի երկու երեխաներն ալ կ՚երգէին՝ թէ՛ Զառան եւ թէ Ռոմիկը: 

Այդ համագործակցութիւնը ինծի համար շատ մեծ ոգեւորութիւն էր, որովհետեւ, հակառակ որ ես դասական, ակադեմական կրթութիւն կը ստանայի մեր երաժշտանոցին մէջ, իմ ամբողջ ուշքն ու միտքը նոյն այդ ժամանակակից ժանրերն էին՝ փոփ, ճազ, իսկ այն ժամանակ Հայաստանի մէջ յատուկ դպրոց մը չկար: Ընդհանրապէս Խորհրդային Միութեան մէջ ճազը այդպէս ալ, վերջնականապէս, իր տեղը չգտաւ: 

Քանի մը ամսուան ընթացքին կարգ մը երգեր ձայնագրեցինք, Էլվինայի կողմէն գրուած երգերն էին, ատոնցմէ մէկը կը կոչուէր «Մոնա-Լիզա», ռուսերէնով շատ գեղեցիկ երգ մըն էր: 

Հիմա շատ յաճախ սթիւտիոներուն մէջ երգիչները քանի մը անգամ կ՚երգեն, յետոյ կը նստին, համակարգիչով կը կտրտեն, կը միացնեն, կեղծ մասերը կը շտկեն, այսինքն գրեթէ ամէն ինչ կ՚ընէ համակարգիչը, յետոյ համերգի համար ալ երգիչը բերանը բանալ-գոցել կը սորվի ու ատիկա արդէն բաւական է, որ ան համերգ ունենայ։ Գեղեցիկ զգեստներ կը գնեն, լոյսերով կը գոցեն ամէն ինչ ու ատոր անունը կը դնեն «երգարուեստ» եւ առաջ կ՚երթան։ 

Այն ժամանակ լաւագոյն սթիւտիոն Ձայնասփիւռի սթիւտիոն էր, ուր հնարաւոր չէր կտոր-կտոր ձայնագրել, ատոր մասին խօսք անգամ չկար: Այսինքն պէտք էր երգը սկիզբէն մինչեւ վերջ ո՛չ միայն երգել, այլեւ բոլոր երաժիշտները պէտք է նուագէին, «համակարգչային» երաժշտութիւնը տակաւին չկար: Ամենաշատը կարող էինք ձայնագրել երկու կամ երեք շերտ, որովհետեւ ամէն մէկ շերտին հետ միասին ձայնագրութեան որակը մէկ աստիճանով կ՚իյնար ու որպէսզի այդ շերտերը խնայէինք, պէտք է լաւ պատրաստուէինք ձայնագրութեան: Նուագին մասը կը ձայնագրէինք, երգի գլխաւոր մասն ալ Էլվինան կ՚երգէր, իսկ որպէս ձայնակցող խումբ կ՚երգէինք մենք՝ ես, Զառան (Էլվինայի դուստրը), Աշոտ Հախէեանը, եւս քանի մը ուրիշներ։ 

Մօտաւորապէս տասը փորձ կատարեցինք ու ամէն անգամ մեզմէ մէկը կը սխալէր, իսկ Էլվինան ծայրէ ծայր համբերատար կ՚երգէր՝ նոյնութեամբ, ինչպէս ձայնագրութեան մէջ, առանց յոգնելու կամ բողոքելու, իրեն բնորոշ զգացմունքով։ Ինչո՞ւ այս մէկը կարեւոր է․ որովհետեւ անցան տարիներ, իմ ողջ կեանքս նուիրեցի երաժշտական համերգային կազմակերպչական գործին, բայց այդպիսի արուեստագէտ մը չտեսայ, որ ապակիի միւս կողմը մտնէր ու մէկ անգամէն ծայրէ ծայր, առանց որեւէ խնդրի ողջ երգը երգէր ու աւարտէր ձայնագրութիւնը: Ի հարկէ, երիտասարդ շատ լաւ երգիչներ կան, բայց ան, իրօք, գերաստղ էր իր տարողութեամբ: Ան եզակի էր: Վստահ եմ, որ եթէ այդպիսի մէկը հիմա ծնած ըլլար մեր անկախ Հայաստանի մէջ, իր տաղանդով կը թռէր ու աշխարհը կը գրաւէր: 

Ես իմ առաջին լուրջ գործերս սկսած եմ Էլվինայի գրած երգերուն վրայ աշխատելով: Մեր համագործակցութիւնը եղաւ որակական բաւականին բարձր աստիճանի վրայ գտնուող ու տեւական: Էլվինան շատ զգացմունքային անձ էր, իր հետ յարաբերութիւնները շատ արագ կը սկսէին եւ զարգացում կը ստանային՝ մարդկային, ընկերական, երաժշտական, բոլոր առումներով: Ինք կա՛մ կ՚ընդունէր դիմացինը կա՛մ՝ ո՛չ: Էլվինային համար անտանելի էր միջակութիւնը, կարող էր ուղղակի մարդու երեսին ամէն ինչ ըսել: Իրեն հետ շփուիլը շատ դժուար էր զինք չճանչցող ու անպատրաստ մարդու մը համար:

Էլվինայի մասին խօսելու ժամանակ շատ քիչ է ըսել, թէ ան երգչուհի էր եւ սահմանափակուիլ միայն այդքանով, որովհետեւ Էլվինան իսկական երաժիշտ էր: Իր ընդունակութիւնները անսահման էին: Ամէն օր ես նոր բան մը կը բացայայտէի անոր մէջ: 

․․․Այդ տարիներուն մենք շատ կ՚երազէինք: Մարդ չի ծերանար, երբ կնճիռներ կ՚ունենայ, մարդ կը ծերանայ կամ կը մահանայ այն ժամանակ, երբ կը դադրի երազելէ: Այդ մէկը մարդու այն ունակութիւնն է, որ զինք ողջ կը պահէ։ Մենք միասին կ՚երազէինք, կ՚երազէինք այդ տաղանդն ու մեր համագործակցութիւնը միջազգային ասպարէզ հանել, բայց այն ժամանակ մենք ազատ աշխարհին մէջ չէինք ապրեր, չորս կողմը պատեր շարուած էին՝ թէ՛ տեղեկատուական առումով եւ թէ ֆիզիքապէս:

Մեր համագործակցութիւնը ընդհատուեցաւ 1988 թուականին, երբ սկսաւ շարժումը, եղան երկրաշարժը, պատերազմը, ու մեր ծրագիրները յետին շարք մղուեցան։ 

1991 թուականին ես գացի Զուիցերիա՝ աշխատանքային պայմանագրով, Էլվինան ատկէ առաջ հնարաւորութիւն ստացած էր մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ, այն ժամանակ արդէն դռները բացուած էին եւ ինք կարողացաւ Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր ստանալ ու որդիին հետ գնաց: 

․․․Էլվինան կարողացաւ ապրելու ու աշխատելու իրաւունք ստանալ Միացեալ Նահանգներու մէջ այն առաւելութիւններու շնորհիւ, որ ամերիկեան կառավարութեան ներգաղթային ծառայութիւնը կ՚ընձեռէ արուեստի, մարզանքի եւ գիտութեան ներկայացուցիչներուն: 

Էլվինան կ՚ապրէր ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ վարչակարգը կ՚իշխէր ու կը թելադրէր եւ պէտք էր ծայրայեղական ըլլայիր, որովհետեւ այն ժամանակ Խորհրդային Միութեան մէջ էսթրատային, ճազային երգարուեստը լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ կ՚երթար ու ատոր դէմ պէտք էր պայքարիլ ճիշդ այդպէս՝ բոլորի երեսին ճշմարտութիւնւ ըսելով, թէ այս ի՞նչ կ՚երգես կամ այդպէս ո՞վ կ՚երգէ․․․ բայց այսօրուայ աշխարհին մէջ ով ինչ կ՚ուզէ՝ կ՚ընէ, Աստուած իրենց հետ։

Ես Էլվինային կ՚ըսէի՝ կարեւորութիւն մի՛ տար, երգէ, , բայց Էլվինան չէր կրնար այդ բոլորի մօտէն անտարբեր անցնիլ: 

Երբ որդիին մահէն յետոյ քանի մը անգամ այցելեցի Էլվինային, ես հասկցայ, որ ան այլեւս այն Էլվինան չէր: Զաւկին մահը զայն շատ կոտրեց: Թող ոչ ոք ըսէ, թէ ինքը պաշտպանուած է այդպիսի երեւոյթէն, այն ինչ պատահեցաւ Էլվինայի զաւակին, սարսափելի բան էր: Ես կը կարծեմ, որ եթէ հրաշքով մը զաւակը մահացած չըլլար, իր կեանքը բոլորովին ուրիշ ուղղութեամբ կ՚ընթանար, որովհետեւ անպայման տեղէ մը լոյս մը կը բացուէր, անգլերէնով նոր հրաշալի ալպոմներ կը թողարկէր, ուրիշ յայտնի արուեստագէտներու հետ կը համագործակցէր եւ այդ բոլորի արդիւնքին աւելի շատ մնայուն գործեր կը ստեղծուէին, վստահաբար: Էլվինայի՝ ամերիկեան լսարանին համար գրուած ալպոմը երբ լսեցի, սքանչելի գործեր էին, «մարգարիտներ»: 

Ան իր ժամանակի երգիչը չէր: Էլվինային կրնաս դասել աշխարհահռչակ մեծերու կողքին. ինչպէս՝ Սթիւի Ուանտըր, Ռէյ Չարլզ: Ինք պարզապէս այդ միջավայրի եւ ժամանակի համար չէր: Ասիկա կենսագրութիւն է չափազանց տաղանդաւոր մարդու մը անցած դժուար ճանապարհի մասին: 

Ես վստահ եմ, որ շատերը ժամանակի ընթացքին աւելի շատ բան կը սորվին, նոր աչքերով կը նային այն ժառանգութեան, որ մնացած է Էլվինայէն ետք։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025