ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ
Պատմութիւնը անկողմնակալ վկան է բոլոր այն ազգերուն, որոնք ամօթալի պարտութեամբ կորսնցուցած են ո՛չ միայն իրենց երկիրը, այլ նաեւ արժանապատուութիւնը։ Նախապէս ըսած ենք, որ ազգերու պատմութեան մէջ պարտութիւնը այնքան ալ «ամօթալի» երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ երբ երկու կողմեր կը հակամարտին՝ բնական է, որ մէկ կողմը պիտի յաղթէ, իսկ միւսը յաղթուի, սակայն, ամօթը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ յաղթուածը ծնկաչոք կ՚ընդունի իր պարտուածութիւնը ու ծափահարութիւններով կը սկսի գոհաբանել յաղթողը, ինչ որ ստրկութեան նախաբանն է: Հո՛ն է, որ կը սկսի ինքնութեան եւ արժէքներու եւ սկզբունքներու կորուստը ու անոնք կը սկսին ապրիլ ո՛չ թէ իրենց, այլ յաղթողի արժէքներով՝ որդեգրելով երկերեսութեան քաղաքականութիւնը:
Արաբ բանաստեղծը իր եօթներորդ «վա՜յ» կը կը նուիրէ այդ երկերես ազգերուն ու կ՚ըսէ.
«Վա՜յ այն ազգին, որ զինք նուաճողը կ՚ընդունի փողոց ու թմբուկով եւ ապա ճամբու կը դնէ զայն՝ հայհուչներով՝ ընդունելու համար ուրիշ նուաճող մը՝ դարձեալ փողով ու թմբուկով»:
Այս երեւոյթը կ՚արտացոլացնէ ժողովուրդի մը բարոյական սնանկութիւնը։ Մեր օրերուն շատ անգամ այս մէկը կը թարգմանուի որպէս «դիւանագիտութիւն», սակայն, իրականութեան մէջ, այդ ինքնախաբէութեան համոզում մըն է։ Երբ ազգ մը իր հաւաքական ուժը միաւորելու եւ պայքարելու փոխարէն կ՚ընտրէ հպատակելու ճամբան ու «փողով ու թմբուկով» կը կորսնցնէ ո՛չ միայն իր ազատութիւնն ու հողային տարածքները՝ այլեւ ինքնութիւնը, բարոյականութիւնն ու արժէքները:
Նման ազգերու պարագային պէտք չէ հաւատալ ո՛չ անոնց հայհոյանքներուն եւ ո՛չ ալ ծափահարութիւններուն, որովհետեւ անոնք հիմնուած են կեղծիքի ու շահի վրայ։ Այսօր յաճախ մարդիկ հարցականի տակ կը դնեն, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք ըսելով, թէ Վարդանանց ճակատամարտին հայերը յաղթուեցան՝ սակայն բարոյապէս յաղթեցին. բարոյական յաղթանակը վախի եւ շահի պատճառով օտարին դիմաց ծնկաչոք պարտուելու փոխարէն պատուով մեռնիլն է. յաղթուողը կամայ-ակամայ կը փորձէ հաւատալ յաղթողին այս կամ այն խոստումներուն եւ ծափողջիւններո՛վ կ՚ընդունի զինք. կը հաւատայ ու կը ծափահարէ՝ մինչեւ այդ խոստումները փոխարինուին նորերով: Նախապէս ըսինք, որ կորսուելու դատապարտուած է այն ազգը, որ իր գոյութիւնը կը պահէ ուրիշներուն «շնորհակալութիւն» յայտնելով. նոյն երեւոյթն է այստեղ. ազգ մը, որ զինք նուաճողը ծափերով կ՚ընդունի եւ երբ այլ նուաճող մը գտնէ՝ աւելի լաւ պայմաններով կը հայհոյէ, դարձեալ կորուստի դատապարտուած է: Նուաճողը այլ նուաճողի մը հետ փոխելը իրականութեան մէջ «անկախութիւն» եւ կամ «ազատութիւն» չի բերեր. այդ մէկը կը նմանի բանտապետը փոխելուն՝ սակայն նոյն բանտն է՝ նոյն պայմաններով:
Եթէ լաւապէս սերտենք մեր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ այս «վա՜յ»ը կարծես գրուած ըլլայ մեզի համար։ Մինչեւ մի քանի տարի առաջ հայ ժողովուրդը մեծ «սէր» ու «յարգանք» ունէր ռուսական պետութեան հանդէպ։ Իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը վստահած էր անոր եւ ծափերով կ՚ողջունէր զինք։ Այսօր նոյն հայը կ՚ատէ այդ ռուսը՝ որովհետեւ կը փորձէ այդ խոստումները գտնել այլ տեղ՝ գուցէ Ամերիկայի մօտ եւ այսպէս նախկին ծափահարուողը հայհոյութեան կ՚արժանանայ, իսկ նորերը ծափեր կ՚ընդունին, գուցէ օր մը դարձեալ հայհոյութիւն ստանալու համար:
Եթէ ազգ մը, իր պարտութիւնը յաղթութեամբ փոխելու փոխարէն իր բանտապետը փոխելու կը նայի, կը նշանակէ, թէ կը շարունակէ մնալ յաղթուածի հոգեբանութեան մէջ. հին յաղթողէն նորին անցնիլը ազգի մը ո՛չ մէկ օգուտ կրնայ տալ։ Այո՛, քաղաքական գետնի վրայ որոշ խոստումներ կրնան տրուիլ, սակայն, այդ ազգը այլ խոստումներու դիմաց դարձեալ պատրաստ պիտի ըլլայ այլ նուաճող մը ընդունելու:
Այս «վա՜յ»ին իմաստը շատ պարզ ու յստակ է. այն ազգը, որ իր փրկութիւնը կը փնտռէ ուրիշներու խոստումներուն մէջ՝ դատապարտուած է կորսուելու: Ճշմարիտ ազատութիւնը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ ժողովուրդ մը ուրիշը ծափահարելու եւ այդ ծափերով «փրկութիւն» ակնկալելու փոխարէն կը վստահի իր ուժերուն:
Մեծանուն հայ գրող Թումանեան պարզ ու յստակ ձեւով կ՚ըսէ. «Ազատութիւնը կորսնցնողը՝ ամէն ինչ կը կորսնցնէ»։ Այդ ծափահարութիւնը նոյնիսկ եթէ որոշ շահեր հետապնդէ՝ կը շարունակէ մնալ խոցելի, որովհետեւ այդ ծափը իր հետ կը տանի արժանապատուութիւնը եւ ժողովուրդ մը, որ սովոր է ծափի՝ չի՛ կրնար ինքնուրոյն գոյատեւել:
Այսօրուան մեր գրութիւնը կ՚ուզենք վերջացնել ֆրանսացի գրող Վոլթերի բառերով. «Ժողովուրդ մը, որ կը ծափահարէ իր բռնապետը՝ արժանի է իր ճակատագրին». այդ ճակատագիրը վստահաբար փրկութիւնը եւ կամ բարօրութիւնը չէ՛. ազգային արժանապատուութեան կորուստն է, արժէքներու, սկզբունքներու քայքայումն է:
Այսօր կարծես մեր ազգը կը փորձէ նոյն ծափահարութիւններու մի քանի տարի առաջ զինք նուաճողը ընդունիլ… իրապէս «վա՜յ» մեզի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգ մը ինչպէ՞ս կրնայ վստահիլ իր սեփական ուժերուն:
Պատասխան. Ազգ մը կրնայ վստահիլ իր սեփական ուժերուն, երբ ունի միասնական ինքնագիտակցութիւն, կրթուած ու գիտակից հանրութիւն եւ սեփական մշակոյթի հանդէպ վստահութիւն: Կարելի է վստահիլ սեփական ուժերուն, երբ մարդիկ ըմբռնած են, որ ուժը ո՛չ միայն արտաքին աջակցութիւնն է, այլ իրենց միասնական ստեղծագործն ու աշխատասիրութիւնը. այդ ժամանակ ազգ մը կը զօրանայ: Երբ ազգի մը ուժը հիմնուած է զիրար աջակցող հանրային մթնոլորտի վրայ, ապա անոնք կրնան դիմագրաւել արտաքին ու ներքին բոլոր մարտահրաւէրները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան