ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԶՕՐԱՇԱՐԺ
Այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ս. Գէորգի տօնի շաբաթավերջին կը կատարուէր թաղի պատմական եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որմէ վերջ ալ կը սարքուէր տարեկան սիրոյ սեղանը։ Այս տարի ստիպողական պայմաններու ներքեւ աւանդական այս ծրագիրը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան, որովհետեւ Ս. Գէորգի տօնի շաբաթավերջը զուգադիպեցաւ մահմետական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնի շաբաթավերջին։ Հետեւաբար, Սամաթիոյ աւանդական տօնակատարութիւններուն երկու հանգրուանները տարանջատուեցան։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը իրականացուեցաւ Ս. Գէորգի տօնի շաբաթավերջին, սակայն սիրոյ սեղանը յետաձգուեցաւ շաբաթ մը։ Ուրեմն, այս շաբաթավերջին է, որ Սամաթիոյ մէջ պիտի սարքուի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիրը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակից ընկերներէն Հերման Կիւրճեան եւ Ղեւոնդ Եըլմազ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին Սամաթիոյ ընտանիքին վերաբերեալ ամենաթարմ տեղեկութիւնները, որոնց ամբողջին մէջ առանցքային տեղ ունէր կրթադաստիարակչական աշխատանքը։
Թաղականներուն կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, Սահակեան-Նունեան վարժարանը այս տարի եւս կը հիւրընկալէ բազմահարիւր աշակերտներ։ Վարժարանը այս տարի ունի 455 աշակերտ, իսկ ուսուցչական կազմին մէջ ընդգրկուած են 55 կրթական մշակներ։ Ինչպէս միշտ, լուրջ աշխատանք կը տարուի Սահակեան-Նունեան վարժարանի կայուն վերելքը տեւականացնելու ուղղութեամբ։ Սամաթիոյ ընտանիքը այս առումով կ՚ապաւինի նաեւ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան, որպէսզի վարժարանը կարենայ առաւելագոյնը մատուցել մեր այն երիտասարդներուն, որոնց դաստիարակութիւնը յանձնուած է մեր այս պատմական դպրոցին։ Հիւրերը շեշտեցին, որ հակառակ պետութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան, մեր վարժարաններու նիւթական ծով կարիքները կը շարունակուին, ներառեալ Սահակեան-Նունեան վարժարանը։ Հիմնական պատճառներէն մին այն է, որ մեր դպրոցներու կարիքները օրէ օր կը մեծնան, իսկ համայնքին կողմէ կատարուած ներդրումները, աշակերտներու ծնողներուն կողմէ բերուած մասնակցութիւնը դժբախտաբար կը նուազի։ Թաղականները շեշտեցին, որ չեն փափաքիր անորոշ հասցէներով, միակողմանի ու քմահաճ քննադատութիւններ ընել հանրային կարծիքին առջեւ, կ՚ընդունին՝ որ դպրոցին համար միջոցներ ճարելու հիմնական պատասխանատուութիւնը կը վիճակի իրենց, սակայն աշակերտներու ծնողներուն կողմէ դրսեւորուած անտարբերութիւնն ալ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) լրջօրէն կը խոչընդոտէ իրենց աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը։ Հետեւաբար, անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի մեր համայնքի բոլոր անդամները ամրապնդուին այն գիտակցութեան մէջ, թէ մեր բոլոր վարժարաններուն տէրը նախ եւ առաջ համայնքն է, ուստի ինչպիսի մակարդակի մը վրայ զօրակցութիւն որ ալ ապահովուի մեր դպրոցներուն համար, ապա ծնողներուն ներդրումը միշտ կը համարուի նախախնամական։
Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները զրոյցի ընթացքին նշեցին նաեւ, թէ իրենց խնամքին յանձնուած Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունէն ներս վերանորոգութեան բազմակողմանի աշխատանքներ տարուած են վերջին շրջանին։ Այսպէս, շիրիմները պիտի ենթարկուին ընդհանուր մաքրութեան ու խնամքի եւ այս գործին տեսակէտէ անհրաժեշտ ամբողջ ենթակառուցուածքը արդէն պատրաստուած է մեծ աշխատանքով մը։ Գերեզմանատան ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի սարքաւորումները ամբողջովին վերանորոգուած են, նաեւ հաստատուած է լուսաւորութեան դրութիւն։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը, որու ամբողջին մէջ գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ ունեցած է լուրջ դերակատարութիւն։ Քաղաքապետարանին կողմէ բերուած մասնակցութեան առընթեր, թաղային խորհուրդն ալ յանձն առած է լուրջ զոհողութիւններ՝ որպէսզի մեր այս պատմական գերեզմանատունը ներկայանալի ու պատշաճ վիճակի մը մէջ գտնուի։ Այս նիւթը թաղային խորհուրդին կողմէ կը համարուի սկզբունքային, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մեր նախնիներու բարոյական յիշատակին նկատմամբ յարգանքի, իսկ միւս կողմէ Պալըքլըի գերեզմանատունը անմիջականօրէն աղերս ունի մեր հաւաքական յիշողութեան հետ։ Անոր ընդարձակ տարածքէն ներս իրենց կեանքի վերջին հանգրուանը գտած են այնպիսի խորհրդանշական անուններ, որոնք մեր անցեալը կը շաղկապեն թրքահայ համայնքի ներկային։ Հետեւաբար, ուրախառիթ էր թաղականներէն տեղեկանալ այս կարեւոր ու նոյնքան դրուատալի աշխատանքներուն շուրջ։
Սամաթիոյ ընտանիքին յաջողութիւն կը մաղթենք շաբաթավերջի սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024