ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։ Այս նախաձեռնութիւնը հետամուտ է սփիւռքահայ նոր սերունդը Հայաստանին հաղորդ պահելու նպատակին։
Վեհափառ Հայրապետը սփիւռքահայ երիտասարդներուն տուաւ իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը։ Միեւնոյն ժամանակ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի նմանօրինակ ծրագրերը, որոնց շնորհիւ սփիւռքի երիտասարդութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ հաղորդ դառնալու Հայաստանի իրականութեան, ծանօթանալու հայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը՝ զօրացնելով ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն յորդորեց ապրիլ աղօթական կեանքով, ամուր պահել կապը հայոց մայր եկեղեցւոյ հետ։ Ան պատգամեց, որ իւրաքանչիւրը աշխուժօրէն ներգրաւուի ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ իր նպաստը բերէ թէ՛ իր ապրած երկրի եւ թէ Հայաստանի յառաջընթացին։