ԱՌԱՋԻՆ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱԴԱՄԸ՝ ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

Ադամը՝ առաջին, իսկ երկրորդ Ադամը՝ Յիսուս։

Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409 թթ.), առաջին եւ երկրորդ Ադամի համեմատութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով։

Առաջին եւ երկրորդ Ադամը հաւասար են չորս իրողութեամբ։

Նախ՝ ինչպէս Ադամը կոյս հողէն է, այնպէս ալ Քրիստոսը՝ կոյս մօրմէ։

Երկրորդ՝ երբ Ադամը ստեղծուեցաւ Աստուծոյ կողմէ՝ Իր պատկերով եւ մեր Տէրը, ինչպէս Կողոսացիներուն ղրկուած նամակին մէջ կ՚ըսուի, աներեւոյթ Հայր Աստուծոյ պատկերն է. (ԿՈՂ. Ա 15)։

Երրորդ՝ երբ Ադամը թմրեցաւ, անոր կողէն ստեղծուեցաւ կինը, եւ խաչի վրայ Քրիստոսի կողի արիւնով եւ ջուրով շինուեցաւ Եկեղեցին։

Չորրորդ՝ Ադամը բոլոր ծնունդներու սկիզբն է եւ մեր Տէրը բոլոր հաւատացեալներու գլուխն է։ Այս պատճառով ան առաջին Ադամ կոչուեցաւ եւ Քրիստոսը՝ երկրորդ։

Իսկ տարբերութիւնները չորսն են.

Նախ՝ Ադամը ստեղծուեցաւ կոյս հողէն, սակայն կոյս չմնաց, իսկ Քրիստոսը ծնաւ կոյս մօրմէն եւ կուսութեամբ մնաց։

Երկրորդ՝ Ադամէն է մեղքը եւ մահը, իսկ Քրիստոսէն է կեանքը եւ շնորհը բոլոր մարդոց համար։

Երրորդ՝ Ադամը, որ անապական էր մարմնով, ապականացու եղաւ, մինչդեռ մեր Տէրը ապականացուն ստեղծեց՝ անոր խառնելով անապականութիւն, որովհետեւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ. (ՍԱՂՄ. ԺԶ 10), կը հաստատէ մարգարէն։

Չորրորդ՝ Ադամը դրախտէն իջաւ երկիր, եւ մեր Տէրը երկինք բարձրացաւ եւ Հօր աջ կողմը նստաւ։

Բազում է Տիրոջ, որպէս Արարչի առաւելութիւնը արարածներու նկատմամբ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ Կորնթացիներու ղրկած առաջին նամակին մէջ. «Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն եւ հոգեւոր». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 47)։ Սակայն, ինչպէս ըսի, միայն մարմնով առաւելութիւն ունի, այդ պատճառով ալ նոր Ադամ կոչուած է հինի համեմատ։

Եկեղեցիի եւ Ադամի մասին.

Դարձեալ իմանալու է, որ ինչպէս կ՚ըսէ Աստուածաբանը, թէպէտ Ադամը ծերացող չէր հասակով եւ յարատեւ ուրախութեան մէջ էր, այդուհանդերձ այժմ Եկեղեցին չորս իրողութեամբ առաւել է անոնցմէ, քանզի հոգիով գեղեցիկ էր, քան Ադամը՝ որ դրախտին մէջ էր։

Նախ՝ որովհետեւ Ադամը միւս արարածներու նման ստեղծուեցաւ Աստուծոյ ձեռքով եւ խօսքով, իսկ սուրբ Եկեղեցին՝ Քրիստոսի մարդեղութեամբ, եւ սրբուեցաւ Քրիստոսի մարդեղութեամբ, եւ սրբուեցաւ Քրիստոսի չարչարանքով, մահուամբ եւ յարութեամբ, Եկեղեցւոյ պատիւը եւ փառքը բարձր է, քան անորը։

Երկրորդ՝ որովհետեւ Ադամը մահուան եւ կեանքի միջեւ էր, երկուքին միջեւ կը գտնուէր, իսկ մկրտութեան աւազանով սրբուածը անմահութիւն ժառանգեց։

Երրորդ՝ Ադամը խոստումով կը ստանար վերին արքայութիւնը, իսկ մկրտուածը իրեն խոստացուածը գործով ընդունեց։

Չորրորդ՝ անիկա Աստուծոյ պատկերով ստեղծեց. իսկ զայն Աստուծոյ Որդի եւ Քրիստոսի ժառանգակից դարձուց՝ անոր պատկերակից ըլլալով, եւ այսու՝ անկէ առաւե՛լ։

Այսքանը Ադամի, հրեշտակներու, Տիրոջ եւ Եկեղեցիի մասին։

*

Սկզբնական մեղքին փոխանցումը սակայն խորհուրդ մըն է, զոր մենք կարող չենք լիովին հասկնալ։ Բայց Յայտնութեան մէջ կը տեսնուի, թէ Ադամ ընդունած էր սկզբնական սրբութիւնը եւ արդարութիւնը, ո՛չ միայն իրեն համար, այլ համայն մարդկային բնութեան համար։ Այս մեղքը կը վարակէ ամբողջ մարդկային բնութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 16, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 17, 2025