ԶԱՏԻԿԻ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԸ ԵՒ ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
Ամէն տարի, մեր մայրերն ու մեծ մայրերը, այսպէս կոչուած՝ մեծ Զատիկին կամ պաշտօնական անուանմամբ Սուրբ Յարութեան տօնին համար, կը պատրաստեն նոյնինքն զատիկի կարկանդակը (քաաքէն): Հին սովորութիւն կը համարուի այդ մէկը ու պիտի չխորանանք անոր պատմական բաւիղներուն մէջ, պարզապէս զատկուան այս շրջանին անգամ մը եւս երեւան բերելով համակող ու տարօրէն ապրեցնող նոյնիքն զատիկի կարկանդակի երեւոյթը՝ պիտի փորձեմ մօտենալ անոր բովանդակութեան ու իրական համին:
Զատիկի կարկանդակը իւրայատուկ է իր պատրաստման ոճով, իսկ անոր քրաւչութիւնն ալ կը կայանայ իր ստեղծման արարողակարգին մէջ: Արարողակարգ մը, որ կ՚ապրեցնէ ու զատկական շաբթուան շունչ, համովութիւն ու դիմագիծ կը հաղորդէ: Հաւանաբար, ամէն բարեպաշտ կամ նուազագոյնը քրիստոնէական սովորոյթներուն հետեւող ընտանիք ձեւով մը կը պատրաստէ զատկուան կարկանդակը՝ իր տարբեր համեմներով ու եղանակներով: Երբ երեւոյթ մը կը պանծացնէ ու այսպէս ըսած՝ կը հունաւորէ հաւատալիքի, ակնկալիքի եւ յոյսի շրջադարձութիւնները, արդէն իսկ ապրելու եւ կեանքի կենարարութեան մարմին ու ոգի կը դառնայ: Մշակոյթը ինքնին իր ապրուածութեան ու կենցաղատածման իմաստով մղուած է այդ առաքելութիւնը կատարելու, միեւնոյն ատեն որեւէ մշակոյթ կենցաղ կը ստեղծէ կամ նուազագոյն առաքելութեամբ առօրեան կը զարդարէ։ Զատիկի քաաքէն ալ մշակութային աւանդութիւն մըն է ու կապուած է Քրիստոսի պանծացման ու Սուրբ Յարութեան առօրէամուծման հետ: Զատիկի քաաքէն ունի զանազան համեր, որոնք Հալէպ, Պէյրութ, Երեւան, Լոս Անճելըս ու տարբեր քաղաքներ իրմով կը պսակէ եւ դեր ու մղում կու տայ կեանքին ու զգացումներուն:
Այո՛, մայրս, քոյրերս ու մեծ մայրս... զանազան քաղաքներու մէջ պատրաստած են քաաքէն, բայց այն իմ ու կարծեմ բոլորին քիմքին ու հոգւոյն տարբեր հրամցուածութեամբ կը ծլի, երբ մենք տարբեր քաղաքներու մէջ ենք, սակայն, միեւնոյն ատեն շատ հետաքրքրական է, որ այն կը միացնէ բոլոր վայրերը իր տեղին, իր համեմին, իր տեսքին ու ընդհանուր իր կոչման շուրջ: Զատիկ է արդէն եւ տեղ մը միշտ ալ մօտալուտ կը դառնայ, երբ զատիկի քաաքէն ուտուի, նոյն այդ քաաքէն, որ ուրիշ համ ունի մեծ զատկուայ շաբաթին քան ուրիշ շաբաթներու մէջ: Նոյն այդ քաաքէն՝ որ մեր մանկութիւնը կը բերէ ու կը հասցնէ մեզմէ վերջիններուն, նաեւ մեր պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնն ու յառաջացած տարիքը կը բոլորէ պարզ համով մը, որ պարզ չէ՝ ինչքան ալ ըլլայ պարզագոյն, որ բնազանցական չէ՝ ինչքան ալ խորանայ իր առաքելութեան մէջ եւ որ համամարդկային, ազգային ու տիեզերական ալ լուսաւոր բացումներ կը տարածէ:
Քաաքէն հոս է, այն մեր մէջն է, այս պարագային մեր հայկական էութեան մէջ։ Յանդգնօրէն կրնամ ըսել, որ երբ մայրս ու քոյրս կը շաղէին զայն նորէն երէկ, կարծեմ կրկնաբար հովացաւ ձեւով մը մեր էութիւնը ու ակամայ շարունակուեցաւ շաղուըւիլ: Վստահաբար օրհնութիւն կայ աշխարհի որեւէ շաղուածքին մէջ, իսկ մեր քաաքէները ինքին օրհնութեան խորհրդանիշն են իրենց ամէն փուլերով:
Այսօր ամբողջ տունը զատիկի քաաքէ կը հոտի եւ մեզի կը յուշէ, որ Քրիստոս խաչուեցաւ հիմնարար կեանքի ծաղկումի մը համար, որ սուրբ է նախքան կրօններն ու անոնցմէ ձեռք բերուած հասկացողութիւնները:
Մարդկութիւնը կ՚անցնի զանազան հանգրուաններէ, զանազան տեղեր, զանազան համ ու հոտեր կը փնտռէ մարմնի ու հոգիի: Միեւնոյն ժամանակ մարդ արարածը ահռելի կարօտ ունի ամէն ինչի, մարդուն ապրած ու անոր կերտած բոլոր երեւոյթները կարօտածին են ու տեղ մը կեանքը ինքնին կարօտերգութիւն է ու կարօտակերտում: Երբ կարօտ ունիս սրտիդ մէջ, պիտի ապրիս ու ապրեցնես զայն, մաքառելով ապագային հետ, որպէսզի կերտես կարօտութեան կատարելութիւնը: Մեր քաաքէն մեզ կը տանի հոն, ուր կարօտը կ՚ապրեցնէ մեզ ամենագեղեցիկ ձեւով: Ինչքան ալ մեր արարողակարգերը իյնան ու սլանան, նուաղին ու պայծառանան, միեւնոյնն է, մարդկային կանչը՝ որ կը ձգտի ըլլալու երջանիկ ու լիացած մեր գործերը կը համակէ, մեզ վերծանելով մեր ապրելակերպի իրականութեան շուայտանքի ելքին, եւ որ միշտ առասպելականութեամբ պէտք է թռվռայ ու նոյնիսկ սնուի:
Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան