ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՅԱՌՆԻԼ
Մէկ շաբաթէ իվեր հեռաձայնիս մէջ կուտակուած Ծաղկազարդի բոլոր բացիկները ջնջեցի։ Չափանիշ եղաւ կարծես. եթէ շատ ծանօթ-բարեկամ ունիս, ուրեմն այնքան ալ առցանց շնորհաւորանք կը ստանաս, որեւէ լեզուով քեզ կը շնորհաւորեն օրէ օր զարգացող մեր բացիկները, քանզի վերջ չունին «յառաջընթաց»ի աս ճամբան ու թուային հարթակներու վրայ հաստատուած անգիր կանոնները. ես քեզի բացիկ մը կը ղրկեմ, դուն ինծի բացիկ մը կը ղրկես, սթիքըր մը քեզմէ, սթիքըր մը ինձմէ՝ բացառիկ. ամէն ինչ նորմալ է, բայց, եթէ դուն ղրկեցիր, ես չղրկեցի՝ խնդիր մը կայ, ուրեմն։ Յաջորդ տաղաւարին կը կրես չղրկելուդ պատիժը.
Երանի պատժուողներուն։
Յաճախ մտածած եմ, ինչո՞ւ շինծու այս բացիկները կը ղրկեն մարդիկ։ Սէ՞ր է։ Շա՞տ կը սիրեն եւ բարի՞ն կը ցանկան։ Շատ լաւ, ասքան չոր ու անհաղորդ, ուրիշի մը առաջարկած ձեւ ու խօսքո՞վ կը շնորհաւորես սիրածդ։ Ի՛նչ որ ըլլայ, քու, ճիշդ քո՛ւ ըսելիքդ աւելի ազդու չ՚ըլլա՞ր հոն գրուածէն։ Փաստօրէն՝ ո՛չ կամ շատերու համար՝ ոչ. երկար ցանկ մը կը բացուի հեռաձայնին վրայ, հոն նետուած բոլո՜ր անունները հաւասարապէս կը շնորհաւորուին եւ ղրկողին համար քովը ճիշդի նշան մը դրուելիք պարտականութիւն մը լրացուի։
Շնորհակալութիւն, անցնինք յաջորդին։
ժամանակի՜ն գրատուներէն գնած մեր բացիկներուն վրայ մաղթանքներ գրուած ըլլալով հանդերձ, մենք մե՛ր խօսքերը կը գրէինք։ Ճեփճերմակ փոքրիկ էջին վրայ մատիտով գիծեր կը քաշէր լուսահոգի մայրս, վերը թուական, անսխալ բովանդակութիւն մը, վարն ալ ստորագրութիւն մը կը դնէինք աշխարհի տարբեր ծագերը սփռուած հարազատներուն մեր ղրկած բացիկներուն մէջ... երեւի այս պատճառով է, որ մինչեւ այսօր, ո՛վ, ինչպիսի բացիկ ալ ղրկէ ինծի, պատասխանս գրաւոր կ՚ըլլայ՝ անպայման։
Այսպէս, «Փալմ Սանտէյ»էն վերջ «Հեփի Իսթըր» պիտի ըսեն մեզի խայտաբղէտ մեր բացիկները։ Տարիներէ իվեր առաջ կ՚երթան անոնք, լուռ ու մունջ էին, այսօր կը շարժին, կը պարեն, որոնք լուռ ու մունջ էին առաջ, այսօր կը շարժին, կ՚երգեն, կը պարեն, «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» կ՚ըսեն, իրե՛նք ալ կը պատասխանեն... դեռ ի՛նչ հնարքներ պիտի տեսնենք արդեօք. հաւկիթները գոյներ փոխեն, հպումով մը բացուին, ճուտիկներ ելլեն անոնց մէջէն, շուտով թերեւս տիճիթալ հաւկթամարտի կրնանք հրաւիրել մեր հարազատները...
Արհեստակսն բանականութեան ոսկեդարն է, անհնար ոչինչ կայ։ Ոտքին կը նստեցնես, նստողը կը շարժես, լուռը կը խօսեցնես, խօսողը կը լռեցնես, գիտցածիդ մասին կասկածելու կը սկսիս, չգիտցածիդ մասին գիտցողի պէս կը գրես, ունեցածդ մէկ կողմ՝ չունեցածովդ կ՚երեւիս... աս չե՞նք մենք հիմա։
Տարին մէյ մը կրկնուելով խոկալու առիթ մը տուող խորհրդաւոր աս օրերուն ինչքան ու որքան ալ տարուած ըլլամ արագընթաց առօրեայիս վազքով, չեմ կրնար անտեսել մեր մարդկութեան կրած ահաւոր արատները։ Հանդիպա՞ծ էք, օրինակ, աշխարհի ռնգեղջիւրին անհետացումը ազդարարող շատ բարի տեսերիզներուն։ Խելացի են մեր հեռաձայնները, բաւարար է, որ մէ՛կ ռնգեղջիւրի մասին քիչ մը լսէք, արդէն անհետացող, չարչարուող, մեր բարիքին ու գթութեան կարիք ունեցող միւս կենդանին կը հասնի...
Ձեզի չթուի, որ պիտի հարցնեմ՝ «ինչո՞ւ կենդանիները». չէ՛։ Արդէն անթիւ ու անհամար են մարդկանց չարչարանքները նկարագրող ժապաւէնները։ Պատերազմական գօտիներու սահմաններուն, դաշտերուն, անապատներուն, վրաններուն, փողոցներուն ապրող մանուկները, անոնց անմարդկային զրկանքները, տարբեր նպատակներով հոն գացող լրագրողները, կամաւորները, ուտելիք, հագուստ ու խաղալիք տանողները, այդ մանուկներուն պճեղ մը ուրախութիւն նուիրողները, մեզ ալ դէպի իրականութիւն հրաւիրողները...
Կար շրջան մը, որ վրդովմունքով կը վերաբերէի սապէս տեսագրութիւններուն, որոնք սփռուած հարթակին վրայ աւելորդ լայքի մը սիրոյն առարկայի կը վերածեն խղճահարութիւն առթող անմեղ այդ մանուկները... այդպէս է, բայց հասկցայ, որ կա՛ն եւ մի՛շտ ալ պիտի ըլլան այդպիսիները, մանուկներուն, վիրաւորներուն, հիւանդներուն տկարութիւնը վարպետօրէն կատարելագործուած տեսարանի մը վերածելով անուն, հռչակ ու հարստութիւն դիզողները։ Իսկ անո՞նք։ Ի՞նչ կը շահին ամօթխած մեր լայք ու սրտիկներէն հոն նկարուած այդ ցաւողները։ Որքան ալ ցաւինք, մէկ մատի մէկ շարժումով չե՞նք վերջացներ այդ վիճակը։ Այդ ժապաւէնին ետեւէն երգ մը կու գայ, բանաստեղծութիւն մը, ֆիլմէ տեսարան մը կու գայ, նորաձեւութիւն, երազային տուն, հաւատարիմ շուն, կեանքի խոհեմ փիլիսոփայ մը կու գայ եւ քեզի կը յիշեցնէ, որ դո՛ւն, միայն դուն կ՚ընտրես քու ուրախութիւնդ։
Ճիշդ է։
Երէկ, այսօր, ճի՛շդ այսօր եւ միշտ՝ մեր ընտրութիւններն ենք մենք։
Մատներով սահեցուցած մեր փախածներն ենք մենք, «Մեզի ի՞նչ» ըսելով մեր արհամարհածները, յուսահատութենէն խուսափելով մեր չհետեւած իրողութիւնները, հայրենիքի մէջ թէ՛ դուրս՝ մեզ շրջապատող անյայտութիւնն ենք մենք, մեր ձեռքերէն առաջ, մեր սիրտերուն ու միտքերուն նայող բազո՜ւմ մեր մանուկներուն անմեղութեան յանձնարարած պատասխանատուութիւնն ենք մենք, այսօրուան բառերով անոնց պատմուած հին-հին պատմութիւններն ենք մենք, պարտադրուած թէ՛ ճարահատ մեր լռութիւններն ենք մենք, փակուող մեր դպրոցները, չխօսած մեր լեզուն, պատմութեան վերանայուած դասագիրքերն ու փոխուելիք մեր սահմանադրութիւնը, սահմաններուն վրայ դրուած քարերը, կիսուած տուները, մեր չըրածներն ու պետութեան վերածուած մեր հայրենիքն ենք մենք. մեր վարչապետին տեղադրած բոլոր փայլուն գրառումներուն կամ տեսերիզներուն տակ գրուած քաջալերական թէ՛ բնովող ակնարկներն ենք մենք, հոնտեղի կռիւները, լուտանքները, հոն օգտագործուած լեզուն, գրելաոճը, մտածելու թէ՛ արտայայտուելու՝ յատակի մը մէջ չտեղաւորուելիք մակարդակն ենք մենք...
Քիչ մը պակաս, քիչ մը աւելի՝ ա՛յս ենք մենք։
Տօնական այս օրերուն կը դժուարանամ այս բոլորին բեռը բազմաչարչար մեր Տիրոջ ուսերուն նետել եւ բարիք, յոյս, սէր ու խաղաղութիւն յուսալ...
Բայց մեռելներուն մէջէն յառնեցաւ Ան ու Իր Յարութեան հրաշափառ ուժը սփռեց բոլոր ակնարողներուն ու անկարելիութիւններուն վրայ...
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Մեր մէջն ու շուրջը ասքան մեռած բաներուն մէջ՝ մենք ալ կրնա՞նք յառնիլ...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եգիպտոս