ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը տուաւ ողջ աշ­խար­հի հա­յու­թեան։ Ստո­րեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լով կը ներ­կա­յաց­նենք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը։

*

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։

«Զօ­րու­թեամբ ա­մե­նա­սուրբ Հոգ­ւոյդ ե­ղի­ցի իւղս այս՝ իւղ ցնծու­թեան, զգեստ լու­սա­ւոր…, սրբու­թիւն հոգ­ւոց եւ մարմ­նոց…, կ­­նիք ար­դա­րու­թեան, զէն հա­ւա­տոյ, նա­հա­տակ յաղ­թող ընդ­դէմ ա­մե­նայն գոր­ծոց բան­սար­կու­ին»։

(Ա­ղօթք սուրբ Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան)

­Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ,

Ո­ղոր­մած Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեամբ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման տա­րուան մէջ Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեամբ հո­գե­ւոր նոր ու­րա­խու­թիւն մը կը հե­ղուի մեր կեան­քին։ Տօ­նա­կան մեծ օր է։ Վա­րա­գայ Ս. Խա­չի տօնն է՝ նուի­րա­կան յի­շա­տա­կը Հա­յաս­տան բե­րուած տէ­րու­նա­կան Խա­չա­փայ­տի մա­սուն­քի հրաշ­քով յայտնուե­լուն։ Այս մե­ծաս­քանչ օ­րը հո­գե­ւոր ան­հուն ու­րա­խու­թեան զգա­ցում­նե­րով հա­մայն հա­յոց հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կա­տա­րե­ցինք սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը։

Մեր ա­ղօթ­քը բարձ­րա­ցու­ցիք առ Երկ­նա­ւոր մեր Հայ­րը, որ­պէս­զի Իր Սուրբ Հո­գիի շնոր­հով նիւ­թե­ղէն այս իւ­ղը վե­րա­փո­խէ սրբու­թեան ու շնոր­հա­բաշխ զօ­րու­թեան։ Մեր հայ­րե­րու օրհ­նու­թեան ա­ղօթ­քով խնդրե­ցինք, որ «լի­նի իւղ ցնծու­թեան, զգեստ լու­սա­ւոր…, սբրու­թիւն հո­գի­նե­րու եւ մար­մին­նե­րու…, կնիք ար­դա­րու­թեան, զէնք հա­ւատ­քի, յաղ­թող նա­հա­տակ ընդ­դէմ ա­մե­նայն գոր­ծոց բան­սար­կուի»։ Խնդ­րե­ցինք, որ ա­նոր սրբա­րար օ­ծու­մով շա­րու­նա­կուի աս­տուա­ծա­յին պար­գեւ­նե­րու հե­ղու­մը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն, հա­յոց մեր աշ­խար­հին, հա­մայն մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին։

Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը տե­սա­նե­լի նշանն է Քրիս­տո­սով օծ­ման, զոր կ՚ըն­դու­նինք մեր մկրտու­թեան մի­ջո­ցաւ՝ իբ­րեւ ժա­ռան­գա­կից Փրկչի։ Միւ­ռո­նով կը զգես­տա­ւո­րուինք Քրիս­տո­սի սրբու­թեամբ, կը մաք­րուինք մեղ­քէ, որ­պէս­զի ապ­րինք Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թեամբ։ Միւ­ռո­նը զար­թօնք եւ գա­րուն է հո­գի­նե­րու, ծաղ­կում՝ հա­ւատ­քի, ա­ռա­քի­նա­սէր կեան­քի ու բա­րե­պաշտ գոր­ծե­րու, վա­հան՝ ընդ­դէմ չա­րի, յաղ­թա­նա­կը, փառքն ու լու­սեպ­սա­կը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու, քան­զի Երկ­նա­ւոր մեր Հայ­րը Իր Որդ­ւոյ մի­ջո­ցաւ մե­զ կո­չեց մա­հուը­նէ կեան­քի, մեղ­քի ծա­ռա­յու­թե­նէն՝ շնորհ­նե­րու ա­զա­տու­թեան եւ երկ­նա­յին ար­քա­յու­թեան ժա­ռան­գու­թեան։

Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեամբ այ­սօր աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն ազ­գիս զա­ւակ­նե­րը ուխ­տա­ւո­րա­բար հա­մախմ­բուած են Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ՝ ա­ղօ­թա­կից ըլ­լա­լու սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­ւոր զա­ւակ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը այս­տեղ կը վկա­յէ մեր կեան­քէն ներս կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժէ­քը սուրբ Միւ­ռո­նի, որ կնիքն է քրիս­տո­նէա­կան մեր ինք­նու­թեան ու շա­ղա­խը՝ ա­զգա­յին մեր միաս­նա­կա­նու­թեան։ Միւ­ռո­նին մէջ կը տես­նենք նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ հո­գա­ծու­թիւնն ու խնամ­քը Աս­տու­ծոյ, որ Իր փրկու­թեան շնոր­հը տա­րա­ծեց Ա­րա­րա­տի շուրջ սփռուած հա­յոց մեր երկ­րին ու ազ­գին վրայ։ Միւ­ռո­նին մէջ կը տես­նենք Ա­րա­րատ սուրբ լե­ռը, ո­րուն վրայ հանգ­րուա­նեց Նոյ նա­հա­պե­տի փրկու­թեան տա­պա­նը եւ ա­ղաւ­նիի բե­րած ձի­թե­նիի շիւ­ղը դար­ձաւ խորհր­դա­նի­շը Աս­տու­ծոյ խա­ղա­ղու­թեան, իսկ ձի­թե­նիի իւ­ղը՝ օրհ­նեալ նիւ­թը սուրբ Միւ­ռո­նի։ Միւ­ռո­նի իւ­րա­քան­չիւր կա­թի­լին մէջ կը տես­նենք Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի ձե­ռամբ Հա­յաս­տան բե­րուած մեր Տի­րոջ օ­ծու­թեան իւ­ղը։ Կը տես­նենք Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ­րա­պե­տի ձե­ռամբ Ա­րա­ծա­նիի՝ եր­կին­քին ծա­գած տէ­րու­նա­կան խա­չի լու­սե­ղէն նշա­նին ներ­քեւ մկրտու­թիւ­նը հա­յոց Տրդատ ար­քա­յի, ար­քու­նի­քի ու ժո­ղո­վուր­դի։ Միւ­ռո­նին մէջ պատ­կերն է տէ­րու­նաշ­նորհ Սուրբ Էջ­միած­նի, պատ­կեր­նե­րը՝ միւ­ռո­նաօծ մեր վան­քե­րու ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, խաչ­քար­նե­րու ու մա­գա­ղաթ­նե­րու պատ­կեր­նե­րը՝ ի­րենց կեան­քով Միւ­ռո­նի լոյ­սը տա­րա­ծած մեր սուրբե­րու։ Միւ­ռո­նը կը միա­խառ­նէ մեր ան­ցեալն ու ներ­կան, ա­յո, կը հա­ւա­տանք, եւ գա­լիք բո­լոր դա­րե­րուն, քան­զի բո­լոր փոր­ձու­թիւն­նե­րու յան­դի­ման մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­խախտ պա­հեց Միւ­ռո­նի դրոշ­մը՝ ա­ներկ­բայ վստա­հու­թեամբ, որ ան «իւղ է ցնծու­թեան, զգեստ լու­սա­ւոր…, սրբու­թիւն հո­գի­նե­րու եւ մար­մին­նե­րու…, կնիք ար­դա­րու­թեան, զէնք հա­ւատ­քի, յաղ­թող նա­հա­տակ ընդ­դէմ ա­մե­նայն գոր­ծոց բան­սար­կուի»։

­Սուրբ Միւ­ռո­նը իր հո­գե­ղէն զօ­րու­թեամբ հա­ւատ­քի զէնք ե­ղաւ նաեւ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձած մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք յաղ­թող նա­հա­տակ­ներ ե­ղան՝ պա­հե­լով ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւնն առ Աս­տուած ու առ հայ­րե­նին։ Ե­ղեռ­նա­հար մեր ժո­ղո­վուր­դը միւ­ռո­նադ­րոշմ հա­ւատ­քով վե­րապ­րե­ցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, յաղ­թեց մա­հուան։ 100-ա­մեայ մեր ու­ղին ե­ղաւ վե­րած­նուն­դի ու­ղի եւ այ­սօր մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի նոր հո­րի­զոն­ներ կը լու­սա­ւո­րուին։ Մեր նո­րօրհ­նեալ կեան­քի յու­սա­լե­րու­թեամբ նո­րաեփ այս Միւ­ռո­նը՝ օրհ­նուած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի նուի­րա­կան տա­րիին, նաեւ՝ մեր սրբա­ցեալ նա­հա­տակ­նե­րու բա­րե­խօ­սու­թեան  հայ­ցով, կը կո­չենք Յաղ­թու­թեան Միւ­ռոն՝ հա­ւա­տով, որ ան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն պի­տի դրոշ­մէ մեր սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու, Տի­րոջ բո­լոր սուրբ վկա­նե­րու եւ հայ­րե­նեաց պաշտ­պան մեր նախ­նեաց հո­գիի ա­րիու­թիւնն ու ան­պարտ ո­գին։

Սի­րե­լի­ներ, ար­ժե­ւո­րենք մեր Միւ­ռո­նը որ­պէս Միւ­ռոն սրբա­ցեալ կեան­քի, Միւ­ռոն վե­րա­զար­թօն­քի, որ­պէս­զի հո­գե­ւոր նո­րո­գու­թեամբ, մեր ար­դար կեան­քով ու ո­ղոր­մած գոր­ծե­րով շա­րու­նա­կենք վե­րել­քի մեր ու­ղին։ Ար­ժե­ւո­րենք մեր Միւ­ռո­նը իբ­րեւ շա­ղախ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան, որ­պէս­զի կա­րող ըլ­լանք յաղ­թա­հա­րել մեր կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րը, փա­րա­տել հո­գերն ու նե­ղու­թիւն­նե­րը։ Այ­սօր, երբ աշ­խարհ լի է տագ­նապ­նե­րով, մարդ­կա­յին կեան­քեր խլող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով՝ յատ­կա­պէս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ, ուր ա­նա­սե­լի տա­ռա­պանք եւ կո­րուստ­ներ կը կրեն նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, երբ խա­թա­րուած է ան­դոր­րը մեր հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րուն եւ տա­կա­ւին ար­դար վճիռ չէ ստա­ցած մեր ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու ճա­նա­չու­մը, հրա­մա­յա­կան է ա­մուր միաս­նա­կա­նու­թեամբ զօ­րաց­նել մեր հայ­րե­նի­քը, որ­պէս­զի ըլ­լայ ա­պա­ւէ­նը հա­մայն մեր ժո­ղո­վուր­դի խա­ղաղ ու ա­պա­հով կեան­քի, մեր ար­դար դա­տի յաղ­թա­նա­կի եւ ո­գեշն­չող ու­ժը՝ ազ­գա­յին զար­թօն­քի։

Սուրբ Էջ­միած­նէն բաշ­խուող սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը թող տա­րա­ծէ սրբու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու ա­նու­շա­բոյ­րը աշ­խար­հի մէջ եւ հա­նուր մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս, ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան մեր օրհ­նեալ ան­դաս­տան­նե­րուն, հայ ը­նտա­նիք­նե­րուն մէջ, մեր հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րուն վրայ, հայ­րե­նեաց պաշտ­պան մեր զի­նուոր­նե­րու, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­նե­րու սրտե­րուն մէջ՝ դառ­նա­լով յաղ­թա­նակ­նե­րու եւ բա­րի գոր­ծոց նոր ձեռք­բե­րում­նե­րու զօ­րու­թիւն։ Ե­րա­նաշ­նորհ մեր հայ­րա­պետ­նե­րէն Սի­մէոն Ե­րե­ւան­ցին Էջ­միած­նէն սփռուող Միւ­ռո­նին մա­սին կ՚ը­սէ. «Ինչ­պէս ա­րե­գա­կի ճա­ռա­գայ­թը կը ծա­նու­ցէ ա­րե­գա­կի գե­ղեց­կու­թիւնն ու օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը, ո­րու շնոր­հիւ կը կա­ռա­վա­րուի եր­կի­րը եւ դա­լար կը մնայ, ճիշդ այդ­պէս ալ սուրբ Միւ­ռո­նը միշտ կը քա­րո­զէ Սուրբ Էջ­միած­նի օգ­տա­կա­րու­թիւնն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ Ա­հա խորհր­դա­ւոր ա­րե­գակ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը, որ կը լու­սա­ւո­րէ ձեր հո­գի­ներն ու մար­մին­նե­րը»։ Թող Սուրբ Էջ­միած­նի Միւ­ռո­նի յա­ւեր­ժա­կան լոյ­սը միշտ դրոշ­մուի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րու հո­գի­նե­րուն, որ­պէս­զի մշտա­պէս նո­րո­գեն ի­րենց ուխ­տը առ Աս­տուած, ուխ­տը՝ առ Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին ու նուի­րա­կան հայ­րե­նի­քը։ Թող ա­ղաւ­նիի բե­րած ձի­թե­նիի շիւ­ղով Ա­րար­տի փէ­շե­րէն ազ­դա­րա­րուած Աս­տու­ծոյ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ամ­րաց­նէ ար­դա­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ո­գին աշ­խար­հի մէջ, զօ­րաց­նէ հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մար­դոց եւ ազ­դե­րու։

Այս օրհ­նա­բեր եւ հո­գե­նո­րոգ օ­րով Մենք գո­հու­թիւն կը վե­րա­ռա­քենք առ Ա­մե­նա­կալն Աս­տուած, որ Մե­զի վերս­տին շնոր­հը պար­գե­ւեց կա­տա­րե­լու Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­րգոյ Նա­խա­գահ Տիար Սերժ Սարգ­սեա­նի, մեր հո­գե­ւոր եղ­բօր՝ Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը ներ­կա­յաց­նող Գերշ. Տ. Մու­շեղ եւ Տ. Շա­հան Ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րու, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի, Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Գերշ. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գե­րա­պա­տիւ հո­վուա­պետ­նե­րու եւ բարձ­րա­պա­տիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ուխ­տա­պահ հո­գե­ւոր դա­սի, հա­յոց պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հայ­րե­նաբ­նակ ու Սփիւռ­քէն ժա­մա­նած մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­զում բա­րե­պաշտ զա­ւակ­նե­րու։ Հոգ­ւոց բերկ­րու­թեամբ Մեր ող­ջոյ­նը կը յղենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին, Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին եւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն՝ ա­ղօթ­քով ու մաղ­թան­քով, որ Տէ­րը միշտ ան­սա­սան ու պայ­ծառ պա­հէ Իր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին Ա­ւե­տա­րա­նի կե­նա­րար պատ­գամ­նե­րով մարդ­կու­թեան կեան­քը լու­սա­ւո­րե­լու եւ փրկու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Կ՚ա­ղօ­թենք, որ Ա­մե­նա­կալ Տէ­րը խա­ղա­ղու­թիւն եւ ա­պա­հո­վու­թիւն պար­գե­ւէ աշ­խար­հին եւ Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ հայ­րե­նի մեր երկ­րին։ Եւ թող Տի­րոջ Սուրբ Հոգ­ւոյ շնորհ­նե­րով ա­ռա­տա­պէս օրհ­նուի մեր ժո­ղո­վուր­դի եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան կեան­քը։

Շնորհք, սէր եւ խա­ղա­ղու­թիւն Տեառն մե­րոյ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի ե­ղի­ցին ընդ մեզ եւ ընդ ա­մե­նե­սեան. ա­մէն։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015