«ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ»Ը՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՄԱՐԻՆ ՄԷՋ

Հայոց գրաւոր արժէքներու միջազգային ճանաչման առումով հայութիւնը եւս կարեւոր նուաճում մը ունեցաւ։ Այսպէս, ապրիլի 10-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 221-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս անդամ երկիրներու միաձայն որոշմամբ՝ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի «Գիրք դատաստանի» («Դատաստանագիրք հայոց») աշխատութիւնը արձանագրուած է Աշխարհի յիշողութեան միջազգային յաշուամատեանին մէջ (Memory of the World Register)։ Յայտը մշակած է «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական կաճառը։ 

«Դատաստանագիրք»ը, որ հայոցը միջնադարեան Հայաստանի աւատատիրական իրաւունքի հաւաքածոն է, Մխիթար Գօշ կազմած է 12-րդ դարու աւարտին։ Անոր մէջ Գօշ ներառած է նաեւ այլ հեղինակներու աշխատանքներ. ինչպէս՝ սուրիա-հռոմէական օրէնքներուն թարգմանութիւնները։

Առաջին անգամ «Դատաստանագիրք»ը օրէնքի ուժ ստացած է 13-րդ դարուն՝ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մէջ։ 

16-րդ դարուն այդ մէկը ընդունուած է Լեհաստանի Սիկիզմունտ Ա․ թագաւորին կողմէ՝ հայկական Լուովի, Քամենեց-Պոտոլսքի եւ այլ քաղաքներու հայկական գաղութներու համար։ «Դատաստանագիրք»ի զատ հատուածներ թարգմանուած են լատիներէնի, լեհերէնի, թաթարերէնի։

18-րդ դարուն Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ը մտած է վրացական օրէնքնէրուն մէջ, որոնք ծանօթ են իբրեւ Վախթանգի օրէնքներու ժողովածու (կազմուած է Վրաստանի Վախթանգ թագաւորին կողմէ)։ Ժողովածոն կը շարունակէր գործել նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Վրաստանը անցաւ Ռուսաստանի կազմին մէջ։

«Դատաստանագիրք»ը պահպանուած է բազմաթիւ հայկական ձեռագիր աղբիւրներու մէջ, որոնք այժմ կը պահուին Երեւանի Մատենադարանի, Վենետիկի, Վիեննայի, Պէյրութի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու ծանօթ մատենադարաններուն մէջ։

«Գիրք դատաստանի»ն առաջին անգամ հայերէն հրատարակած է Վահան Բաստամեանց՝ 1880 թուականին։ 

Գիրքի կանխագրութեան մէջ Մխիթար Գօշ կը գրէ «Դատաստանագիրք»ի նշանակութեան, անհրաժեշտութեան մասին։ Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ Գօշ իր այս աշխատութեամբ հիմք դրաւ դատարանի ձեւաւորման եւ դատարանակազմութեան։ Կանխագրութեան մէջ Գօշ անդրադարձած է Հայաստանէ ներս առկայ օրէնսդրական խնդիրներուն։ Եւ նաեւ մեծ մտածող-գիտնականը կը բերէ տասներկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ էր ստեղծել «Դատաստանագիրք»ը։ 

12 ՊԱՏՃԱՌ՝ «ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ»Ը ԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Առաջին պատճառը Գօշ կը համարէր այն, որ մահմետականները եւ այլ քրիստոնեաներ կը կարծէին, թէ հայերը չունին գրաւոր օրէնքներ։ Մխիթար Գօշ այս առիթով կը գրէ․

«Որովհետեւ թէպէտ ըսուեցաւ, թէ Տիրոջմէ հարկաւոր գիրով մեզ դատաստան ընելու աւանդ չկայ, սակայն այժմ այդ կամեցանք մենք ընել, որովհետեւ բազմաթիւ անգամներ պարսաւանքներ լսեցինք ոչ միայն այլահաւատներէն, այլ նաեւ քրիստոնեաներէն, որոնք կ՚ըսէին, թէ իբր ըստ Աւետարանի, բնաւ դատաստան չկայ, այդպէս անգիտանալով, որ իրենց ներսն է։ Եւ անոնց այդպիսի կարծիքի պատճառով երկու անգամ ի յայտ կու գայ չարի ախտը, առաջինը, որ իբր օրինադիրը անիմաստութեամբ վարուած է, երկրորդը, որ չէ կամեցած զուգահաւասար կենցաղավարել մարդկային ազգերը»։

Երկրորդ պատճառը, որու մասին կը խօսի Մխիթար Գօշ, չարութիւնն է։ «Եւ երկրորդ, որ իր էութեամբ մեր մէջ օրէնքներով չարութեան յանգեցուց եւ կատարելութիւն տուաւ անկատարութեան հոգիի եւ տուաւ վշտակցութիւնը սիրոյ՝ ատելութեան փոխարէն»։ 

Մխիթար Գօշ չարութիւնը կ՚ընդունի որպէս բազմաթիւ յանցագործութիւններու հիմք։ Ատկէ զատ, ան, որպէս ուսուցչապետ, իր ստեղծագործութիւններուն մէջ միշտ կոչ կ՚ընէ սիրոյ՝ ատելութեան փոխարէն։

Երրորդ պատճառը, որ առիթ եղած է գիրքը գրելու, ան ծուլութիւնը կը նկատէ, երբ մարդիկ չեն վարժուիր օրէնքներուն եւ հասարակութեան պահանջներուն, չեն գիտակցիր ատոնց կարեւորութիւնը իրենց իսկ համար։ «Երրորդ․ որովհետեւ հեղգութեան պատճառով անվարժներ կան օրէնքներուն եւ մարգարէներուն եւ Աւետարանին, որոնց զօրութենէն հեռու մնալով, հեղգութեամբ ապրողները անկարող եղան ընտրել դատաստանի գիրը, որ արժանի վարքերով ապրելու ժամանակ, իբրեւ քունէն կ՚արթնցնէր անոնց՝ դատաստանի գրուածքներու ձեռքով»։

Չորրորդ պատճառը կրթութեան պակասն էր, որ ժամանակի ընթացքին դարձած էր կարեւոր հիմնախնդիր, ինչ որ յանգեցուց հմտութեան եւ փորձառութեան պակասութեան, ինչպէս նաեւ Գօշ կ՚անդրադառնայ, որ փոխուած էին պահանջները եւ դէպքերը եւ այլեւս հնարաւոր չէր միայն մարգարէական օրէնքներով եւ Աւետարանի օրէնքներով առաջնորդուիլ։ «Չորրորդ՝ որովհետեւ նուազեցաւ հմտութիւնն ու փորձառութիւնը ըստ ժամանակի եւ ազգերու եւ աշխարհները փոխուեցան ըստ պատահմունքներու եւ չմնացին անշարժ՝ ըստ օրէնքներու, մարգարէներու եւ Աւետարանի»։

Հինգերորդ պատճառը այն էր, որ ըստ Գօշի, Սուրբ Հոգին դադրած էր ներգործութիւն ունենալէ մարդոց կեանքին վրայ։ Գօշ կը նշէ, որ Սուրբ Հոգիի ներգործութեան բացակայութիւնը կը յանգեցնէ մարդոց կողմէն գրաւոր օրէնքներու հաստատման եւ անոնց իսկ կողմէն զանոնք խախտելուն։ «Հինգերորդ՝ առաջ Սուրբ Հոգին կը ներգործէր մարդոց վրայ եւ կը նպաստէր ճշմարիտ դատաստան կատարելուն, եւ Հոգին էր օրէնք գրուած՝ մարդոց սիրտերուն մէջ, ուստի գրաւոր օրէնքի կարիք չկար։ Այժմ, երբ Սուրբ Հոգին այն ազդեցութիւնը չունի եւ մարդիկ «վրիպած են» քրիստոնէական եղբայրասիրութենէն, ուղղամտութենէն եւ «վասն այնը պատճառի հարկեցաք գրել» Դատաստանագիրքը»։

Վեցերորդ պատճառը, ըստ Գօշի այն է, որ մարդկային բարոյականութիւնը անկում ապրած է, իսկ երդումը դարձած է պղծութեան հիմնական միջոցը։ 

Եօթներորդ պատճառը, ըստ Գօշի, այն է, որ քրիստոնեաները, չունենալով գիրով ամրագրուած դրոյթներ, յանցագործութիւններուն եւ դատարաններուն համար կը դիմէին մահմետականներու դատարանները, ուր արմատացած էր կաշառակերութիւնը։ 

Քրիստոնէական պատճառներ

Ութերորդ պատճառը, ըստ օրէնսգիրի, այն է, որ քրիստոնեաներու դատարանները եւս լի են կաշառակեր եպիսկոպոսներով, քահանաներով եւ աշխարհականներով, որոնք տգիտութեամբ կ՚առաջնորդուին եւ ունակ չեն կատարելու արդար դատեր։ «Ութերորդ՝ այժմ ալ կը տեսնենք՝ բազմաթիւ են ե՛ւ եպիսկոպոսները ե՛ւ վարդապետները ե՛ւ քահանաները ե՛ւ գլխաւոր աշխարհականները, որոնք երեսանց, կաշառքի համար եւ տգիտութեամբ կը թիւրեն ճշմարիտ դատաստանները։ Եւ այս ամէնի համար յօժարեցանք գրել գիրքը դատաստաններու»։

Իններորդ պատճառ․ «Իններորդ՝ որովհետեւ մարդու բնութենէն ելլելով, որքան ալ շատ հոգով կամ զանազան զբաղմունքներու մարդոցով կամ ցնորներով եթէ կամենանք ուղիղ դատաստան ընել՝ չենք կարողանար՝ մոռացութենէն, ու եթէ այդպէս վարուէինք, յետոյ փոշմանած ետ դառնայինք, ըսելով, ուղի՞ղ դատաստան ըրինք, թէ ոչ»։

Տասներորդ պատճառ․ «Տասներորդ՝ քանի որ, երբ Տէր Աստուած ստեղծեց Ադամին, օր օրի շնորհները Սուրբ Հոգիի կը զօրանային մեր վրայ։ Իսկ սատանան ըսաւ, թէ Սուրբ Հոգին ալ մարդոց վրայ չմնաց անոնց մեղքերու պատճառով, երբ մեղանչեցին Աստուծոյ դրախտին մէջ»։

Տասնմէկերորդ պատճառ․ «Տասնմէկերորդ՝ որովհետեւ դատաւորները միշտ կ՚երկնչին Աստծումէ, անոնք գիտեն, որ պիտի կանգնին երկնաւոր դատաւորի առջեւ, ուստի ե՛ւ ճշմարիտ ե՛ւ ուղիղ գիրով թող կատարեն դատաստան մարդոց համար»։

Տասներկերորդ պատճառ․ «Տասներկերորդ, եւ մարդիկ, որ գան դատաւորին առջեւ, երկիւղին Աստծումէ եւ դատաւորները չկաշառեն եւ թիւրել չտան ճշմարիտ դատաստանը, քանզի ծածկագէտ Աստուած կը տեսնէ անոնց գործերը եւ Անոր առջեւ ամէնքս ալ պիտի կանգնինք դատաստանի»։

ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ «ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ»ԻՆ ՄԷՋ

Այսօր ամէնուր կը խօսուի մարդու իրաւունքներու մասին։ Քաղաքակիրթ հասարակութիւնները՝ մանաւանդ այս հարցին մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն։ Ժամանակին փիլիսոփաներ, մեծ մտածողներ նոյնպէս կարեւորած են մարդու իրաւունքը եւ Մխիթար Գօշ ինքն ալ ուշադրութիւն դարձուցած է այս հարցին։ Անձի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Գօշը կը դնէր պետութեան վրայ՝ նպատակ ունենալով պահպանել հայ մարդու կերպարը՝ որպէս մէկ ժառանգութիւն։

Մինչ Գօշը՝ բնական իրաւունքի վերաբերեալ կային բազմաթիւ նկարագրութիւններ, սակայն, Գօշը զայն դրաւ աւելի բարձր հարթութեան վրայ եւ ձեւակերպեց բնական իրաւունքը՝ որպէս ի սկզբանէ Աստուծոյ կողմէ ստացուած ճշմարտութիւն, որ պէտք է պահպանել եւ փոխանցել սերունդէ սերունդ։ Ըստ Գօշի, մարդէն կախեալ է արդարացի վարուիլը եւ առաքինի ըլլալը, իսկ իրենց բնութեամբ մարդիկ ազատ են եւ հաւասար։ Բնական իրաւունքը կ՚արտայայտուի աստուածային արդարութեան, ազատութեան, հաւասարութեան իրաւունքներու, որոնք յաւերժ են, համամարդկային արժէքներ են եւ չեն ենթարկուիր փոփոխութիւններու։

Գօշի մարդասիրական հայեացքները առաջին կարգին կը դրսեւորուին կեանքի իրաւունքին վերաբերող անոր գրութիւններու մէջ։ Անոր բացասական վերաբերմունքը մահապատիժի վերաբերեալ արդէն իսկ ապացոյց մըն է իր մարդասիրութեան։ Ան այսպէս կը պատկերացնէր մարդոց կատարած սխալներու ուղղումը․ յանցագործները պէտք է վերադարձնեն պարտքը, հասարակութեան ան կոչ կ՚ընէ՝ յանցագործները օգտագործել հասարակական բարիքներ ստանալու համար։ Համոզուած էր, որ պատիժը պէտք է ունենայ ո՛չ թէ տանջանք պատճառելու եւ վրէժ լուծելու, այլ խրատելու, ուղղել-դաստիարակելու նպատակ։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԵԳԻՐՔԸ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագիրը սկսած է 1992 թուականին` աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող արխիւներու եւ գրադարաններու արժէքաւոր հաւաքածոներու անհետ կորուստը կանխելու նպատակով: Այդ ծիրէն ներս ստեղծուած է «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային տոմար մը: Տոմարին մէջ ընդգրկուած են այն փաստաթուղթերը, ձեռագիրները, տեսահնչիւնային նիւթերն ու գրադարանային հաւաքածոներն ու արխիւները, որոնք ճանչցուած են որպէս բացառիկ նշանակութիւն ունեցող արժէքներու մարմնաւորում եւ պէտք է վկայագրուին ու պահպանուին համայն մարդկութեան համար՝ յաւերժ:

Այդ հեղինակաւոր ցանկին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է 1997 թուականին՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանով: Մեր ինքնութեան դրոշմը կրող Մատենադարանը Հայաստանի այցեքարտերէն մէկն է եւ, անշուշտ, Հայաստանէն առաջինը անիկա պիտի արժանանար հեղինակաւոր ցուցակին մէջ ներառուելու պատուին:

2011 թուականին Հայաստանը «Աշխարհի յիշողութիւն» շտեմարան մտաւ երկրորդ գանձով. ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի որոշմամբ եւ Միջազգային խորհրդատուական կոմիտէի եզրակացութեան հիման վրայ՝ «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային գրանցամատեանին մէջ ներառուեցաւ աշխարհահռչակ հայ աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի կատարած ուսումնասիրութիւնը՝ ծիրկաթիններու մասին: Բենիամին Մարգարեանի անունը այնքան ալ ծանօթ չէ հայ հանրութեան, մինչդեռ համաշխարհային գիտական ասպարէզին մէջ ան տակաւին անցեալ դարու կէսերուն ընդունուած, գնահատուած եւ մեծարուած գիտնական մըն էր, որու անունով կոչուած «Մարգարեանի ծիրկաթիններ» տեսութիւնը ուսումնասիրութեան առարկայ է աստղագէտներուն համար: Բենիամին Մարգարեան իր այդ մեծածաւալ դիտողական աշխատանքը կատարած է 1965-1980 թուականներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ՝ Բիւրականի աստղադիտարանի իր գործակիցներուն հետ: Անոնք յայտնաբերած են գերմանիշակագոյն աւելցուկով 1500 ծիրկաթիններ, որոնք մինչ այսօր կ՚ուսումնասիրուին աշխարհի բազմաթիւ աստղադիտարաններու մէջ:

Այժմ այդ աշխատանքը կը նկատուի աշխարհի մէջ ամենամեծ լուսապատկերային շրջահայութիւնը, որ կը ծածկէ հիւսիսային երկինքի մեծ մասը: Մասնագէտներ բնոյթով եզակի կը նկատեն Մարգարեանի այդ աշխատութիւնը, զայն յարդագողերու որոնման առաջին կանոնաւոր ծրագիրն է: Մարգարեանի շրջահայութիւնը թուայնացուած է 2002-2005 թուականներուն եւ անոր մէջ պարունակուող կարեւորագոյն տեղեկատուութիւնը ընդմիշտ պահպանուած է՝ շնորհիւ «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարի: Մեծ գիտնականը՝ Բենիամին Մարգարեան մահացած է 1985 թուականին:

2013 թուականին «Աշխարհի յիշողութիւն» տոմարին մէջ ներառուեցաւ հայկական երրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը՝ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի ձեռագիր նօթագրութիւնը եւ մանաւանդ շարժապատկերներու համար գրած անոր երաժշտութիւնը: 20-րդ դարու հայ մեծ երաժշտահանի ստեղծագործութիւնները սնուած են ազգային մշակոյթի հարուստ աւանդութիւններէն, մեծ ազդեցութիւն ձգած հայկական, խորհրդային ու համաշխարհային մշակոյթի վրայ: «Աշխարհի յիշողութիւն» շտեմարանին մէջ անոր անունը դասուած է այնպիսի դասականներու կողքին, ինչպիսիք են՝ Պեթհովըն, Պրամս եւ Շոփէն։ 

2023 թուականին ալ «Աշխարհի յիշողութիւն» համաշխարհային տոմարին մէջ արձանագրուած է Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն՝ դառնալով Հայաստանէն այս ցանկին մէջ ներառուած չորրորդ գանձը:

«Գիրք դատաստանի»ն դարձաւ հայութեան վերաբերող հինգերորդ կոթողը, որ ներառուեցաւ համաշխարհային այդ տոմարին մէջ։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025