ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՄԱՀՄՈՒՏԷՆ
Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք արաբերէնէ թարգմանաբար փունջ մը մտածումներ, եգիպտացի գրող, փիլիսոփայ եւ բժիշկ՝ Մուսթաֆա Մահմուտէն:
* Մեր ձեռքին հասած ամէն բան զգուշութեամբ եւ քննադատող միտքով կարդանք: Այնքան շատ թոյն կը ներարկուի մեզի, որու նպատակը մեր կորուստն է:
* Յիշէ՛, որ երիտասարդութիւնդ ամենէն թանկագին գանձդ է, որ ունիս: Երիտասարդութեանդ ըրէ՛ այն՝ ինչ որ ծերութեան օգտակար պիտի ըլլայ քեզի…: Դուն ծերութիւնը չե՛ս գիտեր:
* Մեր Տէր, ես Քու հանդէպ մեղքեր չեմ գործած յանդգնութենէս ելլելով եւ ո՛չ ալ հրամանդ խախտելու համար, այլ՝ տկարութենէս, թերութենէս ելլելով, երբ փոշիս [հողը] յաղթեց ինծի, կաւս յաղթեց ինծի եւ խաւարս ծածկեց զիս: Ես ըրի միայն այն, ինչ որ նախապէս գիտէիր, ինչ որ գրած էիր գիրքիդ մէջ եւ ինչ որոշում, որ կայացուցած էր արդարադատութիւնդ:
Տէ՜ր, չեմ բողոքեր, այլ՝ կը խնդրեմ (կը յուսամ):
Կը խնդրեմ ողորմութիւնդ, որ ամէն ինչ կը պարփակէ՝ ինչ որ զիս պարփակեց:
Դո՛ւն, որուն գահը երկինքն ու երկիրը կը պարփակէ:
* Գիտցիր, որ կեանքը առանց աղօթքի չ՚ըլլար եւ թէ աղօթքդ օգտակար կ՚ըլլայ այն ատեն միայն, երբ կը մոռնաս՝ թէ կ՚աղօթես, եւ դուն ամբողջ ուժովդ օգնութեան ճիգով, զարմանքով, հիացմունքով, սիրով ու աղաչանքով կը դիմես գոյութեան ոգիին:
* Կը սիրեմ քեզ արտայայտութիւնը կը մաշի՝ չափէն աւելի գործածուելէն… Այս արտայայտութիւնը գրանցուած ապրանքանիշ մը դարձած է, որ կ՚օգտագործուի ամենէն գէշ ապրանքներուն համար:
* Մենք պէտք է հաստատենք մեր գոյութիւնը որպէս հոգիներ՝ որոնք արժանի են անմահանալու եւ ո՛չ թէ որպէս մարմիններ՝ որ հաճոյքները կը գերեվարեն զիրենք:
* Իսրայէլը առանց գիտնալու հեզ եւ հնազանդ արաբներէն հերոսներ կը շինէ:
* Երջանկութիւնը դրամին, ուժին կամ իշխանութեան մէջ չէ, այլ՝ թէ «ի՞նչ կ՚ընենք դրամով, ուժով եւ իշխանութեամբ»:
* Հնդիկ մտաւորական՝ Ուահիտ ալ-Տին Խանը կ՚ըսէ. եթէ ջուրի ծարաւը ցոյց կու տայ, որ ջուր կայ, ապա արդարութեան ծարաւը անպայմանօրէն ցոյց պէտք է տայ, որ արդարութիւն կայ: Եւ որովհետեւ աշխարհի մէջ արդարութիւն չկայ, այդ ապացոյց է, որ հանդերձեալը գոյութիւն ունի՝ ճշմարիտ արդարութեան բնակավայրը:
* Սովորաբար, մենք չե՛նք խոստովանիր այն ինչ, որ չենք տեսներ ու չենք շօշափեր…, եւ այս ամբարտաւանութիւն է: Արդարեւ, ի՜նչ քիչ բան կը տեսնենք…, եւ ի՜նչ քիչ բան կ՚իմանանք այս աշխարհին մէջ:
* Աստուած կ՚առնէ այնքան՝ ինչքան կու տայ, կը փոխհատուցէ այնքան՝ ինչքան կը զրկէ, դիւրութիւն կու տայ այնքան՝ ինչքան արգելք կը հանդիսանայ: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ուրիշին սիրտին մէջ մտնէր, ապա կը մեղքնար անոր: Եւ եթէ տեսնէր ներքին չափանիշներու արդարութիւնը, հակառակ արտաքին չափանիշներու տարբերութեան, ապա նախանձ, ատելութիւն, հպարտութիւն կամ ամբարտաւանութիւն չէր զգար:
* Ես հիմա կը տեսնեմ եւ վստահ եմ, որ Աստուած գոյ է, այլեւ՝ միակ իրականութիւնն է, որ մեզմէ բոլորս բացակայեցաւ, նիւթական յառաջընթացին մեր ամբարտաւանութեան մէջ, եւ թէ ես ազատուելու [փրկուելու] ո՛չ մէկ յոյս ունիմ՝ բացի ներումէն [թողութիւն խնդրելէն]:
* Երեխային մօտ ամենէն խորունկ բանը՝ այն անմեղութիւնն է, որ չի՛ գիտեր ո՛չ վախ, ո՛չ ամչնալ, ո՛չ չար հնարամտութիւն եւ ո՛չ ալ կեղծաւոր քաղաքավարութիւն:
* Ծովուն մէջի յարդը՝ հոսանքը կը շարժէ զայն:
Ծառին վրայի ճիւղը՝ քամին կը շարժէ զայն:
Միայն մարդն է, որ իր կամքը կը շարժէ զինք:
* Ցաւով եւ անոր վրայ տարած յաղթանակով, անոր համբերելով եւ դիմադրելով է միայն, որ մարդուն անհատականութիւնը կ՚աճի, կամքը ա՛լ աւելի կը զօրանայ եւ մարդ վճռակամ կը դառնայ, որով տարբեր բան մը կ՚ըլլայ քան անասուններն ու բոյսերը: Ինչքա՜ն շատ բաներ սորված եմ հիւանդանոցի անկողինին վրայ:
Շնորհակալութիւնը հիւանդութեանս օրերուն եւ անոր պատճառած ցաւերուն:
* Բնական չէ, որ բոլոր ֆիլմերը դառնան սեռական յարաբերութիւններու, ոճրագործութիւններու, տոլարի, թմրանիւթերու եւ խեղաթիւրուածներու շուրջ… Մեր երիտասարդները նման ազդեցութիւններով շրջափակելը մնայուն կերպով՝ կը նշանակէ, որ վերջաւորութեան անոնք եւս այս ազդեցութիւններու թակարդին մէջ իյնան:
* Իւրաքանչիւր ճիգ որեւէ մէկ բանի մէջ, նոյնիսկ եթէ ատիկա խաղի մէջ ճիգ ըլլայ, անպայման իր պտուղները պիտի տայ… Ամէն ինչի մէջ ջանքով աշխատէ: Եթէ խաղաս՝ ջանքով խաղայ… Անմիջապէս հիմա սկսէ:
* Ինչպէս կ՚ըսէ Ապու Համատ ալ-Ղազալի փիլիսոփան. աղեղը ինչքան սկսի ծռիլ, այնքան աւելի լարուածութիւն ու թափ կու տայ նետին՝ իր թիրախին դպնալու համար, այդպէս ալ է կատարելութիւնը, որ անկատարութեան մէջ թաքնուած է:
* Առաջին օրն է որ ինքզինքիս հետ կը նստիմ եւ դէմ առ դէմ կեանքիս կը նայիմ… Ի՜նչ կեանք: Ես երբեք չեմ ապրած… Կեանքիս մէջ մէկ օր իսկ չկայ, որ կարենամ ըսել՝ թէ այդ իմ օրս էր: Ես չեմ ապրիր, այլ՝ կը գլորիմ մեծ ու ծանր խճաքարի մը նման… Աշխատանքս զիս գրասենեակ կ՚առաջնորդէ: Ամուսնութիւնը՝ տուն կը քաշէ: Ձանձրոյթը՝ սրճարան կը մղէ: Անօթութիւնը՝ ճաշասեղանին վրայ կը նետէ: Զայրոյթը՝ ծխելու կը մղէ: Իսկ յոգնութիւնը՝ անկողին կը նետէ:
* Այս բանին համար եկանք, որպէսզի բարեփոխենք աշխարհը… Առաքինութիւնները ո՛չ փամփուշտով, ո՛չ հրետանիներով, ո՛չ բանտերով եւ ո՛չ ալ ահաբեկչութեամբ կը ստեղծուին:
* Ամենայիմար ներածականները կրնան ամենէն վտանգաւոր արդիւնքներու հասցնել եւ ամենէն վտանգաւոր ներածականները կրնան ոչինչի հասցնել… Անտեսանելին Իմացողը միայն գիտէ ամէն ինչի արժէքը:
* Այնքան ատեն որ հաւատք կայ, ապա միշտ լուծում մը, ելք մը կայ:
* Աստուած՝
ամէն գեղեցիկ բանի մէջ է.
արշալոյսի պայծառութեան,
մայրամուտի կարմրութեան,
վարդի բացուելուն,
երեխայի մաքրութեան,
թռչուններու ճռուողիւնին,
Քնքշութեան գաւաթներուն նման լայնցած աչքերուն մէջ:
* Եսասիրութեան դէմ յաղթանակը մէկ օրուան պատերազմ չէ, այլ ամբողջ կեանքի մը: Սակայն, սիրոյ պտուղները արժանի են ամբողջ կեանքի մը պայքարին…:
* Երջանկութիւնը իր միակ իմաստին մէջ արտաքինին եւ ներքինին միջեւ հաշտութիւնն է, մարդուն՝ ինքն իր հետ, մարդուն՝ եւ ուրիշներուն միջեւ, մարդուն՝ եւ Աստուծոյ միջեւ…, որով անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսին մէջ կը լեցուի՝ կարծէք միութիւն մը ըլլան… Աւելի՛ն, մեզմէ իւրաքանչիւրս որպէս ամբողջը կ՚ըլլայ…, կարծես բոլոր թռչունները իրեն համար կ՚երգեն ու իր լեզուով կը խօսին:
* Կը նախընտրեմ ապրիլ փոքրիկ կեանքով մը՝ որ ինծի կը պատկանի, քան ապրիլ մեծ կեանքով մը, որ ես իրեն կը պատկանիմ:
* Երջանկութիւնը այն չէ, որ շատ բան ունենաս…: Այլ՝ երջանկութիւնը այն է, որ աշխարհն ու մարդիկը սիրես… եւ առիթը ընձեռուի քեզի, որպէսզի անոր բարիքներէն քիչ բան մը վերցնես…:
Այն քիչ բանը որ կը սիրես, շատ աւելի կ՚ուրախացնէ քեզ քան այն շատը, որ չես սիրեր…:
Քիչը ախորժակը կը գրգռէ…, մինչ շատը՝ կը մեռցնէ զայն…: Առանց ախորժակի երջանկութիւն գոյութիւն չունի…:
Քիչը կը դրդէ աշխատելու… Իսկ աշխատանքին մէջ, մարդ կը մոռնայ ինքզինք…, կը մոռնայ երջանկութեան իր փնտռտուքը եւ իրականութեան մէջ ա՛յս է երջանկութեան գագաթնակէտը:
* Միայն թէ իմ վիճակներէս վիճակ մը բռնեմ ու ըսեմ, թէ ահաւասիկ ե՛ս եմ…, որով այդ վիճակը իմ մատներէս խոյս կու տայ եւ անոր փոխարէն ուրիշ մը կու գայ…, որ դարձեալ ե՛ս եմ…:
* Քիչ է թիւը ողորմածներուն: Անոնք աշխարհի հիմերն ու սիւներն են, որոնք կը պաշտպանեն երկիրը եւ անոր մէջ եղողները: Վերջին ժամը պիտի գայ այն ատեն, երբ ողորմութիւնը վերանայ [մարդոց] սիրտերէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ