ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ՊԷՍ

Հայոց ցեղասպանութեան թերեւս 80-ամեակէն ի վեր գիտակցաբար կը հետեւիմ այս թիւին մեծնալուն. 90, 95, 100, 105 եւ ահա՝ 110-ամեակ։ Դեռ հարիւր քանին կ՚ապրիմ՝ չեմ գիտեր, չեմ կրնար գիտնալ, բայց վստահ եմ, որ եթէ մեր մէջ շունչ մը կայ, ուրեմն այս թիւին ցասումն ալ կայ։ 

Այսպէս մեծցանք մենք։ 

Դժգոհութիւն մը չէ ասիկա, այլ՝ տառապալի հաստատում. որքան ժամանակ անցնի, վայր ու պայմաններ փոխուին՝ նշանակութիւն մը չունի, անշփոթ, անայլայլ կեանքի առանցք մըն է ասիկա… 

Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեծ ծնողներ, եղերական յուշեր, կմախքի նմանող մանուկներ, որբերու շարքեր, կամաւորներ, որբանոցներ, վրաններ, կոճակներու մէջ պահուած ոսկիներ, օտար հողեր, գաղութներ, եկեղեցի, դպրոց, տուներ եւ քարին մէջ բացուած ծաղիկի մը պէս՝ գետնին տակէն ծնած նոր կեանքեր, շարունակութիւն, զաւակներ, անոնց փոխանցուած ցաւ, ցաւեր, ցաւերուն, ցաւերէն, ցաւերով սկսող ու աւարտող միտքեր, սիրտեր, կեանքեր, հայրենիքէն հեռու՝ հայրենիքին հետ ապրող մանուկներ, պատանիներ, բազմերես ու բազմասիրտ երիտասարդներ, Արարատ, Անի, Կարս, Սեւան, Վան, Աղթամար, ընկեր, նուէր, նուիրատուութիւն, լեզուներ, երգեր, պարեր, թատրոն, իրար անցած դիմագիծ ու մշակոյթներ, բան մը եւս եւ ամէն բան սորվեցնելու համար ջանք չխնայող ուսուցիչներ, այս տագնապը պատմող գրողներ, երգիչներ, քոչարիին հետ վալս եւ տապքէ պարողներ, ամէն տեղ՝ դպրոցի հանրաշարժներուն վրան ալ փայլող եռագոյն դրօշներ, թատերախումբեր, պարախումբեր, ֆանֆարներ, տողանցքներ, հսկումներ, մրցումներ, ֆիլմեր, կոչեր, ընդունող, չընդունող երկիրներ, երկրաշարժ, անկախութիւն, զինուոր, բանակ, նախարար, նոր պատերազմներ, նոր հերոսներ, նոր երգեր, Արցախի Հանրապետութիւն, քայլերգ, յաղթանակ, հողեր, նախագահներ, կառավարութիւններ, բանակցութիւններ, հին, նոր, թաւիշ ու մուրճ, իմ քայլ, ձեր քայլ, սաղմոս, ապագայ, 44-օրեայ պատերազմ, զոհեր-զոհեր, մեծցող Եռաբլուր, փոխուող սահմաններ, քարեր, բանագնացներ, անյայտ կորածներ, գերիներ, յուսախաբ ազգ, ընտրող քաղաքացիներ, տեղահանութիւն, դատարկուած Արցախ, քանդուող եկեղեցիներ, նոր քաղաքներ, նիւթական հատուցումներ, հանդիպումներ, միջանցք, խաչմերուկ, խաղաղութեան պայմանագիր, անհամաձայնութիւն, պահանջներ, սահմանադրութիւն, հռչակագիր, նոր պահանջներ ու պահանջներ… 

Հասանք 110-ամեակին ու ես կը խորհիմ. հի՞ն, թէ նոր կորսուած հողերը պահանջենք, հի՞ն, թէ նոր զոհերը չմոռնանք, հի՞ն, թէ նոր ցեղասպանութիւնը դատապարտենք… ըստ արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները պաշտպանող միջազգային ատեաններու պաշտօնական կոչերուն՝ հինը դատապարտուէր, նորը կ՚ըլլա՞ր. չէր ըլլար։ 

Որո՞ւ վիզին մեղքն է ցեղասպանութիւններու շարունակուող այս հերքումը։

Անգիր օրէնքներով տնօրինուող «բարի» մեր մոլորակին մէջ ցեղասպանները կը հանդիպին, ժպտալով կը լուսանկարուին, մանուկներն ալ ճերմակ տոպրակներու մէջ կը փաթթուին…

Այս բոլորը մեր մէջ, շատ ենթադրութիւններով՝ քիչ վստահութեամբ, քիչ եզրակացութիւններով՝ շատ անտարբերութեամբ, քիչ հաւատքով՝ շատ յուսահատութեամբ կը շարունակենք. Միջին Արեւելքի մեր գաղութները վերջին տասնամեակի պատերազմներէն հիւծուած ըլլալով հանդերձ ոչինչ կը խնայեն նոր քաղաքներուն, նոր շարքերուն ու նոր միտքերուն մէջ հին բարքերը ապրեցնելէ։ Կը յաջողի՞ն։ Կը տեսնենք, եթէ ապրինք։ 

…Բայց մինչ վաղուան մեր տեսնելիքը, այսօրուան պատկերն ալ պէտք է ամբողջացնել։

Արուեստի, գիտութեան կամ մարմնամարզութեան մէջ վարդի պէս երիտասարդներ աշխարհի «ախոյեաններ» կը հռչակուին։ Այո՛, մեր պետութեան լրատուամիջոցները զանոնք «չեմպիոն» կը կոչեն, բայց հոգ չէ՛, ափերը իրենց սիրտերուն վրայ դրած՝ հանրապետութեան պետական հիմներգը կ՚երգեն անոնք։ 

Երեւանէն հեռու մարզերու մէջ ճամբաներ, շէնքեր, մանկապարտէզներ կը կառուցուին։ Զինուորի տան մէջ ապրող հաշմանդամ մեր զինուորները մետաղեայ ոտքերով կը պարեն։ 

Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ չինարէն աուտիօ ուղեցոյց կայ. շուտով իտալերէն եւ արաբերէն ալ պիտի ըլլայ։ Հանրապետութեան մեր հրապարակին մէջ տեսագրուած թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն վիտէոները բոլորը շինծու են։ Մտահոգուելիք բան մը չկայ։ Մեր վարչապետը Ալիեւի յաճախ յայտարարած՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ին ու մեր գիտցած «Արեւմտեան Հայաստան»ին ամբողջովին այլ սահմանումներ ունի։ Սփիւռքի հայ մանուկները Ապրիլ 24-ին եկեղեցի կ՚երթան։ Հոն դրուած խաչքարերուն եւ յուշարձաններուն ծաղիկներ կը զետեղեն։ Ակումբներուն մէջ թերեւս իրենց չգիտցած քարտէսին գաւառներուն վրայ վառած մոմեր կը դնեն, Կոմիտաս մտիկ կ՚ընեն, իրենց ուսուցիչներուն ըսածները կը յիշեն, պատմածները կը մտաբերեն ու զանոնք տեղ մը կը պահեն…

Յաջորդ տարի նոյն պատկերը պէ՛տք է կրկնուի։ Պէ՛տք է։ Հեշտ չէ՛ աս «պէտք է»ն, անկախ ամէն ինչէն առա՛նց շեղումի, առա՛նց ձանձրոյթի, յուսաշէն թէ յուսահատ, հաւատածին թէ անհաւատ՝ կրկնել, սիրտով կրկնել…

Մենք այսպէս գիտցանք, սորվեցանք, իւրացուցինք, նոյնացանք, բայց այսպէս ալ կոտրուեցանք։ Կրկնողներու բանակ մը կար մեր կեանքերուն մէջ։ Այսօր տկարացած այդ բանակին առջեւ այլ ու այլ զօրքեր կան՝ լուսաւոր, գունաւոր, մտաւոր ու հոգեւոր…

110-ամեակին, խախտուած է մեր հաւասարումը. մեզ յուսադրող ուժը հաւասար չէ՛ կրկնելու համար պէտք ունեցած մեր ուժին։

Անմար կրակին ծաղիկներուն պէս՝ ճերմակ երկա՜ր լաթի մը պէտք ունինք մեր չեմ գիտեր քանիերորդ կեանքին սկսելու համար…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025