ԱՐԵՒԵԼԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ

Արեւմտահայերէնով արժէքաւոր հրատարակութիւն մը դրուած է մեր սեղաններուն։

Պաղեստինեան արմատներով ամերիկացի գիտնական, գրաքննադատ ու քաղաքական գործիչ Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանի դասախօսներէն Եդուարդ Ու. Սայիդի (1935-2003) «Արեւելաբանութիւն» նշանաւոր հետազօտութիւնը անգլերէնէ թարգմանուած է արեւմտահայերէնի։ Ինչպէս կը կարդանք գիրքի նկարագրութեան մէջ՝ այս ընդարձակ, իմացական առումով ազդեցիկ հետազօտութեան մէջ Սայիդ կը ներկայացնէ Արեւելագիտութեան պատմութիւնը: Ինչ կը վերաբերի խորագրին, ապա՝ Արեւելաբանութիւնը անունն է Արեւմուտքի գործադրած եղանակին, որ կը ծառայէ Արեւելքը հպատակեցնելու, վերակառուցելու եւ անոր վրայ հեղինակութիւն բանեցնելու։ 

«Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի մէջ երկար ժամանակ գերիշխող Արեւմուտքը Արեւելքին կը նայէր գերադաս դիրքերէն: Արեւելքը Արեւմուտքի մէջ կ՚անուանուէր «Orient», այսինքն՝ Արեւմուտքէն «Այլ, Ուրիշ»: Այս տեսանկիւնը Արեւմուտքի մէջ կը շարունակուի արմատացած մնալ եւ քանի որ Արեւմուտքը Արեւելքին թոյլ չի տար ինքնաներկայանալ, հետեւաբար նաեւ կ՚արգիլակէ Արեւելքը լիարժէք հասկնալու փորձերը:

«Այս բեկումնային գիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1978 թուականին, կը մնայ ընկերագիտութեան ամենաազդեցիկ ուսումնասիրութիւններէն մէկը, յատկապէս ցեղագիտութեան ու յետգաղութային ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ: Սայիդ «Orientalism» հասկացութեան քննադատ էր, զայն կը համարէր Արեւելքի նկատմամբ Արեւմուտքի կեղծ ենթադրութիւններու ամբողջութիւն: Այս գիրքին ընդմէջէն Սայիդ կը ներկայացնէ «եւրոպակեդրոն նախապաշարումը արաբա-իսլամական ժողովուրդներու ու մշակոյթներու նկատմամբ: Ան ցոյց կու տայ, որ Ասիայի ու Մերձաւոր Արեւելքի նկատմամբ արեւմտեան մշակոյթին մէջ արմատաւորուած կեղծ ու ռոմանթիք ընկալումը կը ծառայէր իբրեւ Եւրոպայի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գաղութային եւ կայսերական յաւակնութիւններու արդարացում», գրուած է գիրքի նկարագրականին մէջ։ 

«Արեւելաբանութիւն»ը հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» ծրագրի ծիրէն ներս։ 

ԽՄԲԱԳԻՐԸ

Գիրքի խմբագիրն է սփիւռքահայ նշանաւոր փիլիսոփայ, գրաքննադատ եւ թարգմանիչ Մարկ Նշանեան։ 

Մարկ Նշանեան ծնած է 1946 թուականին, Փարիզի մէջ։ Զաւակ՝ կեսարացի ընտանիքի մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական դպրոցի մէջ։ Ունեցած է նաեւ հայերէնի կարող ուսուցիչներ, որոնց կարգին եղած է վանեցի Տիգրան Չիթունիի կինը։ Մանկութեան եղած է Փարիզի մտաւորական շրջանակներուն մէջ։ Հօրաքրոջ ամուսնոյն՝ պարտիզակցի մտաւորական Յակոբ Տէր-Յակոբեանի տան մէջ առիթ ունեցած է ճանչնալու Ահարոնը, ինչպէս նաեւ ժամանակի մտաւորական խաւին ներկայացուցիչները։ Հայերէնի համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Արեւելեան լեզուներու դպրոցէն։ Փիլիսոփայութեան ուսումը ստացած է Սթրազպուրկի համալսարանին մէջ, հետեւելով Ժաք Տեռիտայի առաջին սերունդի սաներուն՝ Ժան-Լիւք Նանսիի եւ Ֆիլիփ Լաքու-Լապարթի դասերուն։ «Կամ-հանդէս վերլուծական»ներու շարքին կը սկսի 1980 թուականին։ Մինչեւ 1986 թուականը չորս հատոր կը հրատարակէ։ Յետագային վերստին ձեռք կ՚առնէ ու կը տպագրէ երկու նոր հատորներ եւս 2002-ին եւ 2005-ին։ Հանդէսի էջերուն թարգմանած է Մօրիս Պլանշոյ, Ժորժ Պաթայլ, Վալթէր Բենիամին, Ֆրիտրիխ Նիցչէ, Ժ.Լ. Նանսի, Եիւնկըր, Ա. Պեռման, գերման վիպապաշտներէն՝ Շլեկըլ եւ այլն։ 1995-1996 թուականներուն Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանի մէջ վարած է հայագիտական դասընթացք։ 1996-էն մինչեւ 2007-ը եղած է Քոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Այնուհետեւ, իբրեւ այցելու դասախօս գտնուած է Պոլիս, պաշտօնավարելով «Սապանճը» համալսարանի մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութ՝ Հայկազեան համալսարանի մէջ։

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐԸ

Մարկ Նշանեան միաժամանակ գիրքի երեք թարգմանիչներէն մին է։ Գիրքը արեւմտահայերէնի թարգմանած են Մինաս Լուռեան, Րաֆֆի Աճէմեան, եւ Մարկ Նշանեան։ 

Մինաս Լուռեան Վենետիկի «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի» տնօրէնն է։ Ծնած է Լիբանանի Պէյրութ քաղաքը, ուր ալ սկսած է զբաղիլ երաժշտութեամբ, ապա՝ 1980-էն շարունակած է ուսումը Վենետիկ։ 1987-էն սկսած է աշխատիլ «Veneto Musica»ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ վաղ եւ ժամանակակից դասական եւ ճազ երաժշտութեամբ զբաղող այլ երաժշտական միութիւններու, հաստատութիւններու եւ միջազգային փառատօներու մէջ, ուր հանդիսացած է հիմնադիր կամ տնօրէն։ 1991-ին Լուռեանի հիմնադրած սթուտիոն ստեղծած է Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական տարուայ ամբողջական ժամերգութիւններու եւ շարականներու երգացանկի ձայնային արխիւ, որոնք պահպանուած էին 18-րդ դարու սկիզբէն՝ Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան աւանդութեամբ։ Լուռեան 2016-2019 տարիներուն հանդիսացած է նաեւ Իտալիոյ հայոց միութեան համայնքային ներկայացուցչական վարչութեան նախագահը։

Րաֆֆի Աճէմեան ծնած է Պէյրութ, իսկ 1987-ին հաստատուած Մոնթրէալ։ Տեղի Քոնքորտիա համալսարանի շրջանաւարտ է՝ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ։ Մասնակցած է նաեւ նոյն համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ Առաջին գրութիւնները լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ՝ 1994 թուականէն սկսեալ։ Ներառուած է վերոնշեալ շաբաթաթերթի, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Բաց նամակ» պարբերականի խմբագրական կազմին մէջ։ Աշխատած է զանազան գրական ամսագիրներու եւ թերթերու մէջ՝ «Բագին», «Յառաջ», «Ինքնագիր» եւ Մարկ Նշանեանի «Կամ» հանդէսին մէջ։ Մասնակից է հայագիտական կարգ մը ծրագիրներու։ 

ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը տակաւին տասը տարի առաջ ձեռնարկած է թարգմանական մատենաշարի մը, որուն նպատակն է մարդկային ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս նաեւ հայերէն կարեւոր բնագիրներ մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։ Թարգմանական մատենաշարը նաեւ հայերէնի արդիականացման, հայերէնի եւ հայերէնէ թարգմանիչներու թիւը ընդլայնելու նպատակ ունի։ 

Ի սկզբանէ յայտարարուած էր, որ մատենաշարը պիտի ընդգրկէ թարգմանական չորս բնագաւառներ.

- Օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանութիւններ։ Այս բաժնին թիրախը պիտի հանդիսանան ընկերային/մարդկային գիտութիւններու հիմնարար բնագիրներ՝ գլխաւորաբար եւրոպական լեզուներէ, որոնք հայերէնի թարգմանուած չեն։ Կալուածներու լայն շարք մը նկատի պիտի առնուի՝ ըստ անոնց (միջ)ճիւղային (interdisciplinary) ներգործութեան։

- Հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանութիւններ։ Հայ իրականութեան մէջ այժմէական նշանակալից բանավէճերու բնագիրներ թարգմանական ծրագրի կիզակէտը պիտի ըլլան, դարձեալ՝ գլխաւորաբար եւրոպական լեզուներէ։

- Թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ։ Ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ թուրք ժամանակակից ընկերային եւ քաղաքական մտածողութեան ընտրանիի մը վրայ. թարգմանութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ՝ խմբագրուած ծաղկաքաղերու կերպարանքով։

- Հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւններ։ Վերոյիշեալ մօտեցումը պիտի կիրարկուի՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ առկայ կարեւոր բանավէճերու թարգմանութիւններու մատուցումով։

Մատենաշարը թարգմանած է բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքեր, իսկ վերջերս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ «Newmag» հրատարակչութիւնը կազմակերպած էին «Նոր միտք, նոր թարգմանութիւն» խորագիրով երկօրեայ գիրքի համաժողով մը, Երեւանի մէջ:

Գիրքի միջոցառումները տեղի ունեցան մարտի 27-ին եւ 28-ին, հայալեզու հինգ նոր հրատարակութիւններու մեկնարկով՝ ներառելով շնորհանդէսներ, քննարկումներ եւ կարճ ելոյթներ, որոնք համախմբեցին միջազգային փորձագէտներ, քաղաքական վերլուծաբաններ, թարգմանիչներ եւ հոգեբաններ:

Առաջին միջոցառումը ունէր «Հոգեխոց եւ դիմակայութիւն» ընդհանուր նիւթը եւ նուիրուած էր արեւելահայերէն թարգմանութեամբ հասանելի դարձած երեք նոր հրատարակութիւններու, որոնցմէ Բեսել վան դէր Կոլկի «Մարմինը ամէն ինչ յիշում է» գիրքը բեկումնային աշխատանք մըն է միտքի եւ մարմինի վրայ հոգեխոցի ազդեցութեան մասին։ Այն կ՚ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս հոգեխոցը կը վերափոխէ աշխարհի մեր ընկալումը։ Ճոան Տիտիոնի «Մոգական մտքերի տարին» գիրքը խորապէս անձնական արտացոլում մըն է վիշտի, կորուստի եւ սուգի մասին եւ Ճուլիա Սամուէլի «Ամէն ընտանիք իր պատմութիւնն ունի» գործը, որ միջսերնդային հոգեխոցի ուսումնասիրութիւն մըն է, թէ ինչպէ՛ս յուզական վէրքերը կը փոխանցուին ընտանիքներու ընդմէջէն:

Համաժողովի առաջին օրը կեդրոնացած էր մարդու հոգեկան բարդութիւններուն վրայ, հոգեբանական խոցերու եւ դիմակայութեան վրայ՝ ուսումնասիրելով հոգեխոցը յաղթահարելու գործընթացները: Այս նիւթը յատկապէս առընչելի է հայ հասարակութեան, որ իր մայրենի լեզուով սահմանափակ միջոցներ ունի հոգեխոցը հասկնալու եւ անոր դէմ պայքարելու ուղիներ գտնելու համար:

Երկրորդ օրուան քննարկումներուն ընդհանուր խորագիրն էր՝ «Աշխարհը եւ մենք. կեդրոնանալով պատմութեան, մշակութային ընկալումներու եւ աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններու վրայ»: Քննարկումի առանցքին էին երկու նոր հրատարակութիւններ՝ Եդուարդ Ու. Սայիդի «Արեւելաբանութիւն»ը եւ Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմի մասին համապարփակ հետազօտական ​​աշխատանք մը՝ «Կոտրուած վահան» վերնագիրով։

Առաջին անգամ հայերէնով հասանելի «Արեւելաբանութիւն» աշխատութիւնը՝ հրատարակուած 1978 թուականին, տակաւին շատ արդիական է մեր ժամանակներուն։ 

Համաժողովի վերջին քննարկումը «Կոտրուած վահան»ի մասին էր, որ 44-օրեայ պատերազմին առաջին խոր վերլուծութիւնն է։ Հայ եւ միջազգային փորձագէտներու վերլուծութիւններով համալրուած այս գիրքը կ՚ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառները, հետեւանքները եւ ռազմավարական դասերը:

Համաժողովին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ նախապէս վարած էր «Արեւելաբանութիւն» նիստը: Քննարկումներու ընթացքին ցուցադրուեցան յատուկ պատրաստուած կարճ տեսանիւթեր, որոնք օգնեցին հանդիսատեսին իւրացնել փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ շարունակել մնալ ներգրաւուած քննարկուող բարդ նիւթերուն մէջ: Այս զրոյցները ամրապնդեցին հանրային բանավէճերու հրատապութիւնը զանազան երեւոյթներու շուրջ. ինչպէս՝ հոգեխոցը եւ պատերազմը, որ խոր եւ երբեմն անդառնալի հետեւանքներ ունին թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքականօրէն: Բանավէճերը ընդգծեցին ընդհանրական մտածողութեան ներգրաւումի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ առկայ պատումներու եւ հանրային փոխխօսակցութեան համար գիտական, փաստացի եւ առարկայական հետազօտութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԱՐԵՒԵԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

․․․Հակամարտութիւնները -որոնք մարդիկ «Ամերիկա», «Արեւմուտք», «իսլամութիւն» պիտակներու տակ իբր թէ կը միաւորեն եւ իրարմէ շատ տարբեր անհատներու լայն խմբաւորումներու համար հաւաքական ինքնութիւններ կը հնարեն - չեն կրնար պահել իրենց ուժը. պէտք է հակադրուի՛լ անոնց, պէտք է նուազեցնե՛լ անոնց մահացու ազդեցութիւնը եւ անոնց զօրաշարժի ենթարկող ուժը: Անոնց դէմ մեր տրամադրութեան տակ ունինք տակաւին հիւմանիստ՝ մարդկայնապաշտ դաստիարակութեան ժառանգութիւնը հանդիսացող մեկնաբանական ունակութիւնները, ո՛չ որպէս զգացական հաւատարմութիւն մը, որուն հրամայականին պիտի անսայինք ու աւանդական արժէքներուն կամ դասական հեղինակներուն վերադառնայինք, այլ որպէս աշխարհով մտահոգ ճառասութիւն։ Պաշտամունքէ զերծ աշխարհը պատմութեան աշխարհն է, ինչպէս որ ան կառուցուած է մարդկային էակներու կողմէ: Մարդկային ներգործօնութիւնը պէտք է հետախուզութեան եւ վերլուծումի ենթարկուի, եւ ըմբռնումին առաքելութիւնն է զայն քննել, քննադատել, դատել, անոր վրայ ազդել: Ամէն բանէ առաջ՝ քննադատական միտքը չի կրնար ենթարկուիլ պետական իշխանութեան, չի կրնար հպատակիլ այս կամ այն ընդունուած թշնամիին դէմ քալելու հրամաններուն։ Պէտք է կեդրոնանանք ո՛չ թէ քաղաքակրթութիւններու շինծու բախումին շուրջ, այլ՝ զիրար ամբողջացնող, իրարմէ փոխ առնող, միասին ապրող մշակոյթներու դանդաղ յառաջացումին, եւ մշակոյթներու այդ միասնութիւնը շատ աւելի հետաքրքրական է քան ինչ որ որեւէ յապաւուած կամ անվաւեր ըմբռնում կրնայ թոյլատրել: Բայց որպէսզի այդպիսի լայնահուն ընկալում մը հնարաւոր դառնայ, պէտք ունինք ժամանակի, պէտք ունինք համբերատար եւ սկեպտիկ մօտեցումի, մեկնաբանական համայնութիւններու օժանդակութեամբ, որոնք ճիշդ է՝ դժուար է ոտքի պահել անմիջական ազդողութիւն ու հակազդեցութիւն պահանջող աշխարհի մը մէջ:

Հիւմանիզմը հիմնուած է մարդկային անհատականութեան եւ ենթակայական թափանցումի ներգործօնութեան վրայ, ո՛չ թէ ընդունուած գաղափարներու եւ պաշտօնական հեղինակութիւններու: Գրուածքները պէտք է կարդացուին որպէս պատմական աշխարհի մը մէջ արտադրուած ու այդ աշխարհին մէջ տարբեր (բայց միշտ աշխարհով մտահոգ) ձեւերով իրենց գոյութիւնը յաւերժացնող գրուածքներ: Ինչ որ բնական է՝ չի բացառեր ուժի եւ իշխանութեան նկատառումը, քանի որ ընդհակառակը` գիրքիս մէջ ցոյց տուածս այն էր, թէ ինչպէ՛ս իշխանութիւնը կը սպրդի, իր դերը կը խաղայ մինչեւ իսկ ամենէն անսպասելի աշխատասիրութիւններուն մէջ:

Եւ վերջապէս ու մանաւանդ՝ հիւմանիզմը միակ (ու պիտի աւելցնէի նոյնիսկ՝ վերջին) պատնէշն է մարդկային պատմութիւնը եղծանող անմարդկային կիրառումներուն եւ անարդարութիւններուն դէմ: Այսօր ունինք բարեբախտաբար համացանցային անջրպետի իրապէս քաջալերիչ երեւոյթը, որ բոլոր գործածողներուն բաց է, ձեւով մը զոր չէին կրնար երեւակայել իսկ բռնատէրերու եւ կամ ուղղափառութիւններու նախորդ սերունդները: Իրաքի մէջ պատերազմը ծագելէն առաջ ամբողջ աշխարհի երեսին տեղի ունեցած ցոյցերը կարելի պիտի չըլլային, եթէ ամէն կողմ կազմուած չըլլային այլընտրական համայնութիւններ, որոնք իրենց տեղեկութիւնները կը ստանային այլընտրական աղբիւրներէ եւ որոնք մօտէն ծանօթ ու գիտակից էին այս մինուճար մոլորակին վրայ մեզ իրարու կապող մտահոգութիւններուն ու մղումներուն, շրջապատի, մարդկային իրաւանց եւ ազատականութեան վերաբերեալ: Մարդկային եւ հիւմանիստական ցանկութիւնը կամ լուսաւորութիւնը եւ ազատարար ձգտումները դիւրութեամբ չեն յետաձգուիր, նոյնիսկ հոն ուր հսկայական արգելքներու կը հանդիպին, ինչպէս մեր օրերուն՝ Ռամսֆելտներուն, Պին Լատեններուն կամ Շարոններուն կողմէ: Կ՚ուզէի հաւատալ, որ սոյն գիրքը դեր մը ունեցաւ այս երկար եւ յաճախ ընդմիջուած ճամբուն վրայ, որ կը տանի մարդկային ազատութեան:

ԵԴՈՒԱՐԴ ՈՒ․ ՍԱՅԻԴ

(Յառաջաբանէն)

Նիւ Եորք, մայիս, 2003

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025