ՀԱՅ ՔԱՀԱՆԱՆ
Ո՞վ է քահանան, ո՞վ է հովիւը. ամենէն կարեւոր հարցումն է ասիկա, քանի որ որոշադրիչ նշանակութիւն ունի քահանային համար ինքնաճանաչման տեսակէտէն. ինքնաճանաչում՝ ո՛չ սոսկ որպէս անձ, անհատ, այլ որպէս «քահանա՛յ», իր առաքելութեան, իր կոչումին, իր պաշտօններուն եւ հոգեւոր պատասխանատուութեան յարաբերաբար։
Որքան հարազատ, ճշգրիտ եւ ամբողջական ըլլայ այդ «ինքնաճանաչում»ը, ա՛յնքն վաւերական եւ ազդո՛ւ կրնայ դառնալ անոր գործունէութիւնը։
Եկեղեցւոյ պաշտօնեան «Աստուծոյ ծառան» է ամէն բանէ առաջ։ Նոյնինքն Եկեղեցւոյ հիմնադրին՝ Քրիստոսի առաքելութեան, այսինքն՝ մարդկութեան փրկութեան նուիրուած, ձեռնադրութեամբ Ս. Հոգւոյն շնորհը ստացած, ուխտ կատարած եւ առ այդ յատուկ պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձ մը։ Ուրեմն՝ հաշուետու է Աստուծոյ։ «Կոչեալ» մըն է, առաւել եւս՝ «ընտրեալ» մը Եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ։
Ան «առաքեալ» մըն է, այսինքն՝ իրմէ վեր հեղինակութենէ մը ժողովուրդին ղրկուած անձ մը։ Ինքնակամ որոշումով, ինքնանշանակեալ հանգամանքով, ինքնադատ վճիռով, ինքնատու պարտականութիւններով եւ պատասխանատուութեամբ յատկանշուած անձ մը չէ ան, այլ՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը եղող Եկեղեցիին «զինուորագրեալ» մը։
«Քահանայ»ի այս ընդհանուր տիպարին եւ ընդհանրական առաքելութեան խորքին վրայ երբ կը դիտենք «Հայ քահանայ»ին, Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնեային անձը եւ գործը, նոր տարածք մը կու գայ աւելնալ հոգեւորականին եւ անոր գործին այս պատկերին վրայ։
Հայ Եկեղեցւոյ «հոգեւոր» առաքելութեան կողքին «ազգային» դերակատարութիւնը նո՛ր պարտաւորութիւններ կը դնէ հայ հոգեւորականին վրայ, քանի որ ան «Հայ Եկեղեցի» է։ Եւ Հայ-Հայոց Եկեղեցին երբ կը կատարէ «ազգային դերակատարութիւն»ը, այս կը նշանակէ՝ հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայ արուեստի պահպանումը։
Եւ հայ մշակոյթի պահպանումը արդէն կը նշանակէ՝ հայ ժողովուրդի ազգապահպանումի եւ ազգակերտումի հրամայական կարիքը Հայոց Եկեղեցւոյ պաշտօնեային առջեւ կը բանայ կատարելիքներու նոր շարք մը։ Տոհմային աւանդութիւնները պահելու, հայ կրթութեան սրբազան գործին ուժ տալու, ապազգայնացման տանող արդի կեանքի այլազան ազդակներու եւ ալեկոծութիւններու կենսական ստիպողութիւնները Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին գործունէութեան անմիջական ծիրին մէջ կ՚իյնայ։
Եւ ա՛յս իսկ պատճառով է, որ հայ հոգեւորականը նաեւ իսկական մտաւորակա՛ն մըն է։
Արդարեւ, հայկական կեանքը ունի իր ներքին դժուարութիւնները՝ երբեմն կնճռոտ հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան հայ հոգեւորականին գործունէութեան վրայ։ Խմբակցական, դասակարգային եւ այլ նման նկատումներ եւ մտայնութիւններ երբեմն ներքին հակամարտութիւններ, Հայոց Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ առաքելութեան գծով արձագանգ կը գտնեն նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ իրենց դրական արդիւնքի կողքին - աշխարհականութիւն գործօն մասնակցութիւն Եկեղեցւոյ կեանքին - երբեմն նոր դժուարութիւններ, բարդութիւններ, նոյնիսկ կնճռոտ հարցեր կը յարուցանեն հոգեւորականին հովուական գործունէութեան համար։
Եւ մեր համեստ կարծիքով՝ Հայ Եկեղեցւոյ լեզուն Հայ լեզուն է, որը պէ՛տք է պահպանել եւ չկասեցնել…
Այս բոլոր դժուարութիւններուն վրայ կարելի է աւելցնել քսանմէկերորդ դարու կեանքի հեւիհեւ ընթացքը, նիւթին, հաճոյքին, մեքենականութեան, հանգստաւէտ եւ դիւրահաս ապրելակերպի տիրապետութեան արդի պայմանները, կրօնքի հանդէպ յառաջ եկած սառն վերաբերումի, անտարբերութեան, երբեմն նոյնիսկ ժխտումի եւ ընդդիմութեան երեւոյթները եւ արագընթաց տարածուող աշխարհայնական մտայնութեան, աշխարհով եւ աշխարհայինով բաւարարուելու գաղափարին եւ կենցաղակերպին (=secularisme) գտած լայն տեղը ընկերութեան, նաեւ հայութեան, կեանքի մէջ՝ եւ ահա կարելի է հասկնալ հոգեւոր հովիւին անյաղթահարելի նկատուող խոչընդոտները։ Արդարեւ, որքա՜ն ուրեմն փոթորկալի, բազմակնճիռ դժուարութիւններով լեցուն առաքելութիւն մըն է հոգեւոր հովուութիւնը՝ մանաւանդ այս դարուն։
Բայց յաղթանակներ արժէք կը ստանան մեծ դժուարութիւններու մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 24, 2025, Իսթանպուլ