ՄԱՐՍԷՅԼԷՆ ԵՐԵՒԱՆ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած է ուշագրաւ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է Մարսէյլի պատմական «Քամփ Օտտօ»ին։

Ցուցադրութիւնը կազմակերպած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը եւ Մարսէյլի «ԱՐԱՄ» հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւնը։

Բացման միջոցառման ներկայ էին Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, հիւրեր՝ նախարարութիւններէն, նաեւ պատմաբան փրոֆ. Թանէր Աքչամ։ 

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան բացման խօսքին մէջ ընդգծեց կարեւորութիւնը նմանատիպ ցուցադրութիւններու, որոնք հնարաւորութիւն կու տան նորովի բացայայտել մեր մշակութային ժառանգութեան զանազան երեսակները։

Այս ցուցահանդէսը տարիներ առաջ բացուած էր նաեւ Մարսէյլի մէջ եւ առաջին անգամ Մարսէյլէն դուրս կը ներկայացուին աւելի քան յիսուն արժէքաւոր փաստավաւերագրական նիւթեր՝ համադրուած Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ պահուող որոշ ցուցանմոյշներու հետ, որոնք ձեւով մը կ՚առընչուին նիւթին, ժամանակաշրջանին, հայ գաղթականութեան։ 

«ԱՐԱՄ» հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Թամար Սարգսեան պատմեց ցուցահանդէսի մասին՝ ներկաները տեղափոխելով անցեալ դարասկիզբ, երբ Մարսէյլի «Քամփ Օտտօ» կացարանին մէջ ապաստանած են հայ գաղթականները եւ նոր կեանքի սկսած Ֆրանսայի մէջ։ 

Հարիւր տարի առաջ՝ 1922 թուականին, Իզմիրի աղէտէն շաբաթներ յետոյ, ֆրանսական նաւատորմի «Թուղւիլ» անունով նաւը Իսթանպուլի ափէն կ՚առնէ եւ Մարսէյլ կը տանի անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն փրկուած հայ գաղթականներու առաջին մեծ խումբը: Մինչ այդ, Մարսէյլի մէջ արդէն կար հայերու փոքր գաղութ մը, որուն անդամները հոն հասած էին 1895-ի Օսմանեան կայսրութեան դէպքերէն յետոյ եւ հիմնականը կը զբաղէին առեւտուրով: Անոնք արդէն իրենց տեղը գտած էին երկրին մէջ, իսկ անոնք ալ առաջինը օգնեցին նորեկ հայ գաղթականներուն՝ հաստատուելու Մարսէյլ: Ատկէ ետք արդէն Մարսէյլ կը հասնին նաեւ գաղթականներու ուրիշ խումբեր: Իրենց հարազատներն ու տուները կորսնցուցած, գրեթէ կիսամերկ այդ մարդիկ սկիզբը կը բնակէին ֆրանսական աժան պանդոկներու մէջ, կը ստանային սնունդ: Այդ օժանդակութիւնը հնարաւոր դարձած էր Ֆրանսայի մէջ գործող Հայ Կարմիր խաչի տիկնաց միութեան եւ համայնքի մէջ կազմուած Օժանդակութեան յանձնախումբին ջանքերով: Գաղթականներուն օրական երեք անգամ ճաշ տրուած է, վճարուած է անոնց գիշերակացը: Այնուհետեւ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան (1918-1920) ներկայացուցիչ Տիգրան Միրզայեանց կը դիմէ ֆրանսական կառավարութեան՝ այն խնդրանքով, որ հայ գաղթականները տեղաւորեն զինուորական ճամբարի մը մէջ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն յետոյ դատարկուած էր:

«Քամփ Օտտօ» անունով այդ ճամբարն ալ կը դառնայ հայ գաղթականութեան առաջին կայանը Մարսէյլի մէջ, նաեւ այդ տեղէն սկիզբ կ՚առնէ մարսէյլահայ համայնքին հարուստ պատմութիւնը:

Մարսէյլի մէջ այդ տարիներուն հայ գաղթականներու ուրիշ փոքր ճամբարներ ալ եղած են, բայց ամենամեծը «Քամփ Օտտօ»ն էր, ուր 1922-1927 թուականներուն (ոչ միաժամանակ, զանազան տարիներու) բնակած է 5244 հայ: Հայ գաղթականներու ցուցակները կազմած են իրենք՝ ճամբարին մէջ բնակողները. անոնք գաղթականներէն քարտուղար ընտրած են իզմիրցի Ալեքսանտր Արապաճեանը, որ ամենայն մանրամասնութեամբ գրի առած է ճամբար մտնողներուն անուն-մականունները, տարիքը, տեղեկութիւններ անոնց ծննդավայրերուն, ճամբարին մէջ մնալուն ժամանակահատուածին, զբաղմունքին, «Օտտօ»էն դուրս գալէն յետոյ այլ տեղ երթալու, աշխատանք գտնելու մասին:

Մօտ մէկ դար այդ ցուցակները պահուած են Արապաճեանի եղբօր թոռան մօտ, ան ալ, կարեւորելով պատմական այդ փաստաթուղթին նշանակութիւնը, տարիներ առաջ զայն յանձնած է Մարսէյլի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութեան, որ յայտնի է «ԱՐԱՄ» անունով: Այս կազմակերպութիւնը կը հաւաքէ այն ամէնը, ինչ կապ ունի հայութեան, Հայաստանին եւ մանաւանդ՝ ֆրանսահայութեան անցեալին հետ: Կազմակերպութեան հարուստ արխիւին մէջ կան լուսանկարներ, գիրքեր, ձեռագրեր, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, ժապաւէններ, ձայնագրութիւններ, վաւերական բազմաթիւ նիւթեր: Կազմակերպութիւնը, ստանալով «Քամփ Օտտօ»ին մէջ ապրած հայերուն ցուցակները, թուայնացուցած է զանոնք, ինքն ալ իր արխիւէն ընտրած է «Քամփ Օտտօ»ի մասին տարիներու ընթացքին հաւաքած լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, վաւերագիրներ։

Հայաստան ժամանած է նաեւ «ԱՐԱՄ»ի տնօրէն Ասթրիտ Արթին Լուսիկեան, որ ցուցանմոյշներէն Նանսէնեան անձնագիր մը նուիրեց Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին։ «Քամփ Օտտօ»ին մէջ ապրելու տարիներուն՝ 1922-1927 թուականներուն, աշխատանք գտնելու, պետական կառոյցներուն հետ առընչուելու առումով հայ գաղթականները կը բախէին փաստաթուղթերու հարցերու, իսկ անոնց օգնութեան կը հասնէր հրաւիրուած հայ թարգմանիչը: Սկիզբը անոնք ո՛չ մէկ փաստաթուղթ ունէին, յետագային այդ մարդոց տրուեցաւ Նանսէնեան անձնագիր, որուն իրաւասութիւնները շատ քիչ էին, իսկ այդ հայերը ֆրանսական հպատակութիւն ստացած են շատ աւելի վերջ՝ 1950-ականներուն: 

«Քամփ Օտտօ»ի մէջ հիմնուած է «Արարա» երկսեռ ազգային հայկական վարժարանը՝ մանկապարտէզի առանձին բաժանմունքով եւ նախակրթարանի ուսման ծրագիրով:

Այս վարժարանին մէջ գաղթականներու երեխաներուն բացի հայերէնով դասերէն, նաեւ ֆրանսերէն կ՚ուսուցանէին: Կարեւորելով կրթութիւնը՝ ճամբարին տնօրէնութիւնը հրաւիրած էր լաւագոյն ուսուցիչները, նոյնիսկ չնչին աշխատանք մը ունեցող ծնողներ չէին զլանար իրենց երեխաներու ուսման համար վճարելէ: Նախակրթարանի բաժնին համար ուսուցչական պաշտօնի հրաւիրուած են Պոլսոյ Ուսումնական խորհուրդէն վկայեալ, զանազան ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարած եւ Բերայի Էսաեան վարժարանի տնօրէնութենէն բարւոք պաշտօնավարութեան վկայագիր ներկայացուցած պարոն Արամ Ճեվիզ եւ օրիորդ Մարի Տէրտէրեան: Առաջինը՝ հայերէն, երկրորդը՝ ֆրանսերէն առարկաները ուսուցանելու համար: Այս մասին կը տեղեկանանք «Քամփ Օտտօ»ի՝ 1925 թուականին տպագրած տեղեկագիրէն, ուր կը յայտնուի նաեւ, որ օրիորդ Տէրտէրեան Կոմիտաս վարդապետի՝ Պոլսոյ մէջ կազմակերպած երգչախումբի սանուհիներէն եղած է: Դարձեալ Էսաեան վարժարանի ընթացաւարտներէն եւ սքաուտական մարզիկ Սեդրակ Թասմաճեան, իբր օգնական ուսուցիչ եւ մարզիկ պաշտօնի հրաւիրուած է նախակրթարանի բաժնին համար:

Գաղթականական այս կայանի հայկական վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին իբր վարիչ մանկապարտիզպանուհի ընտրուած է Մարի Սվաճեան, որ Պոլսոյ եւ գաւառներու մանկապարտէզներու մէջ պաշտօնավարած էր եւ վկայեալ էր Պոլսոյ Կեդրոնական ուսումնական խորհուրդէն: Դարձեալ 1922-1924 տարին ներկայացնող տեղեկագիրէն կը կարդանք. «Վարժարանի բացումէն առաջ՝ քաղաքական պայմաններու բերումով, այլասերիչ եւ մոլորեցուցիչ փուլերու եւ օտարոտի մթնոլորտին մէջ այլանդակուած եւ տգիտութեան խաւարին մէջ խարխափող մեր մատաղատի յոյսերը՝ ուսման եւ կրթական տաճարին կենսաբաշխ եւ շինիչ մթնոլորտին մէջ կազդուրուելով, ազնուացած եւ բարեշրջուած են՝ խիստ ցայտուն կերպով: Այս երեւոյթը՝ մխիթարական եւ խրախուսիչ ըլլալուն համար՝ մեր խիղճին ու սիրտին վրայ պարտք կը դնէ, մասնաւոր հպարտութեամբ եւ գնահատութեամբ արձանագրել այն: Մեր նախակրթարանի երկսեռ ուսանողութիւնը ո՛չ միայն մայրենի լեզուի մէջ զգալի եւ շօշափելի յառաջդիմութիւն ունեցած է, այլեւ՝ ֆրանսերէն լեզուի ուսման եւ ընթերցանութեան մէջ: Թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ՛ մանկապարտէզի ուսուցչութեան խղճամիտ աշխատասիրութիւնը հաստատուեցաւ 1924 նոր տարուայ առթիւ մէկ ամսուան ընթացքին կազմակերպուած դպրոցական հանդէսին առթիւ, ուր ներկայ էր կայանէն եւ քաղաքէն երկու հազարէ աւելի հայութիւն»:

Պահպանուած է Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած այդ հանդէսին ազդագիրը, որուն վրայ կը կարդանք, որ «Արարա» վարժարանի հայ մանուկները հանրութեան առջեւ արտասանած են, թատերախաղ ներկայացուցած են եւ խմբերգեր եւ ուրախ երգեր երգած են: «Քամփ Օտտօ»ի տեղեկագիրին մէջ կը կարդանք.

«Ամավերջի հանդէս-ցերեկոյթի գլխաւոր նպատակն էր հայ ուսանողութեան ընդունակութիւններն ու հայ գրականութեան եւ գեղարուեստին ինքնատիպութիւնները իբրեւ քաղաքակրթական անվիճելի արժէքներ, օտար բարեկամներուն ծանօթացնելէ զատ, ֆրանսական կառավարութեան ու ժողովուրդին հիւրընկալ ասպնջականութիւնը վայելող քառասուն հազարէ աւելի գաղութահայերուն երախտագիտութեան թարգմանը հանդիսանալ: Հանդէսին ներկայ գտնուող երկու հազարէ աւելի հայեր եւ ֆրանսացի բազմաթիւ պաշտօնական եւ ականաւոր անձնաւորութիւններ, իրենց զգացած գոհունակութենէն յուզուած՝ արցունքներ թափեցին, ի տես հայ տարագիր բեկորներու անսպասելի յաջողութեան եւ արտակարգ կենսունակութեան»:

Հանդէսին, ինչպէս տեղեկագրին մէջ նշուած է, ներկայ եղած են ֆրանսացի պաշտօնատարներ, տեղական մամուլը լուսաբանած է զայն եւ գնահատած հայ աշակերտներուն փայլուն ելոյթը: Դպրոցի շէնքը կիրակի օրերուն ծառայած է իբրեւ մատուռ, այնտեղ հաւաքուած են կրօնական արարողութիւններուն համար, ճամբարին մէջ հարսանիքներ եղած են, ծնած են երեխաներ, մկրտուած…

«Քամփ Օտտօ»ի պատմութիւնը ներկայացնելով՝ «ԱՐԱՄ» միութիւնը կը կարեւորէ փոխօգնութեան այն գաղափարը, որ առաջին օրէն գործած է թէ՛ ճամբարականներուն, թէ՛ Մարսէյլի հնաբնակ հայերուն մէջ, որոնք ամէն բան ըրած են, որպէսզի գաղթականները գտնեն իրենց տեղը. պատահական չէ, որ յետագային անոնց մեծ մասը յաջողութեան պատմութիւններ ունեցած է Մարսէյլի, ֆրանսական այլ քաղաքներու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այլ երկիրներու մէջ:

Ցուցահանդէսը կը կարեւորուի նաեւ զանազան վայրերէ գացածներուն, զանազան ճակատագիրներ ունեցողներուն կեանքը մէկ վայրի մը մէջ կանոնակարգելու առումով, եւ այդ մէկը, կարելի եղած է շնորհիւ «Քամփ Օտտօ»ի տնօրէն Թագւոր Խաչիկեանին, անոր շուրջը համախմբուածներու եւ նաեւ մարդու մը՝ Ֆրանսա հասած շուշեցի առեւտրական Սիմէոն Միրզայեանցի որդին՝ Տիգրան Միրզայեանցի:

Ան թէպէտեւ այդ տարիներուն այլեւս առաջին հանրապետութեան ներկայացուցիչը չէր Ֆրանսայի մէջ, առաջին հանրապետութիւնը արդէն չկար ալ, սակայն պետական համակարգին մէջ ունեցած իր կապերուն շնորհիւ ամէն ջանք ըրած է՝ փախստականներուն հարցերը լուծելու համար:

Պահպանուած տեղեկագիրները, պատմութիւնները կը վկայեն, որ «Քամփ Օտտօ» հասածները, ճամբարը համարելով ժամանակաւոր հանգրուան, երկար ժամանակ յոյս ունեցած են, թէ անպայման պիտի վերադառնան իրենց ծննդավայրերը…

Ամենաշատ գաղթականները սեբաստացիներ էին, կային նաեւ Քոնիայէն, Եոզղատէն, Այնթապէն, Վանէն, Խարբերդէն, Թոքատէն եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ հայաբնակ վայրերէ գացածներ: Այդ մարդիկ երկար ժամանակ թափառած են անապատներուն մէջ, ապաստան գտած մօտիկ այլ տեղերու մէջ, այդ ժամանակ ալ յոյս ունեցած են, թէ պիտի վերադառնան իրենց տուները: 1922-ի Իզմիրի անկումը վերջնականապէս խորտակած է վերադառնալու անոնց յոյսերը: Ահա ինչու անոնք Մարսէյլ հասած են ոչ թէ 1915-էն անմիջապէս ետք, այլ 1922-էն սկսեալ:

Ճամբարի հասարակական կեանքը սովորաբար կազմակերպուած է հայրենակցական միութիւններու միջոցով: Հոն կազմուած են յետագային Մարսէյլի մէջ նշանակալի գործունէութիւն ծաւալած հայկական հայրենակցական միութիւնները:

Ճամբարին պայմանները բնականաբար ժամանակաւոր էին, տնակները արագ հաւաքուող զինուորական փայտեայ շինութիւններ էին, որոնց ներսը բաժնուած էր սաւաններով, իսկ հայերը այնտեղէն դուրս գալու ելքեր կը փնտռէին: Միւս կողմէ, ֆրանսական կառավարութիւնը հակուած չէր երկար պահելու ի սկզբանէ ժամանակաւորի կարգավիճակով տրուած այս կայանը եւ 1927 թուականին կը գոցուի «Քամփ Օտտօ»ն՝ դառնալով պատմութիւն:

Շատ տարիներ յետոյ այդտեղ կը դրուի փոքր յուշաքար մը, որ կը վկայէ հինգ տարուան հայկական ճամբարական կեանքին հետքերը Օտտօ անունով պողոտային կից տարածքի մը մէջ: 

Հայ գաղթականութեան եւ ֆրանսական Օտտօ ճամբարին մասին ցուցահանդէսը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բաց կը մնայ մինչեւ մայիսի 25-ը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025