ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՄԲ
Աշխարհի վրայ՝ ուր կ՚ապրինք, ամէն ինչ արժանի է գնահատանքի, քանի որ այն բոլորը ստեղծուած են բանաւոր պատճառով մը եւ ո՛չ մէկ բան առանց նպատակի ստեղծուած է։ Մարդ շատ իրականութիւններու կրնայ չանդրադառնալ, բայց շատ բաներ՝ որոնք կը գտնուին աշխարհի վրայ, ստեղծուած են ի նպաստ մարդուն՝ ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու համար անոր։ Բոյսեր, որոնցմէ կը պատրաստուին դեղեր, մարդուն տրուած ամենամեծ նուէրներն են։ Եւ այս պատճառով պէտք չէ ստորագնահատել ամենափոքր եւ ամենէն աննշան, չնչին բան իսկ, քանի որ ան կրնայ ծառայել մարդուն ամենէն չսպասուած մէկ պահուն իսկ։
Գնահատելը՝ Յիսուս Քրիստոս կը սորվեցնէ մեզի, երբ Ան գնահատեց բժշկուած հեթանոս բորոտը՝ հարցնելով, թէ ո՞ւր են մնացեալ ինն բորոտները, որոնք մոռցած էին իրենց շնորհակալութիւնը յայտնել ստացուած բժշկութեան համար։
Ան գնահատեց նեւ պատանիին 5 նկանակները եւ անոնցմով 5000 հոգի կերակրեց։ Գնահատեց նաեւ աւելցած կտորուանքները եւ պատուիրեց որ զանոք ժողվեն. (ՅՈՎՀ. Զ 12)։
Ուստի, Յիսուս պատուիրեց, որ ամենափոքր բան մը իսկ չստորագնահատուի, քանի որ ամէն ինչ «արժէք» մը կը ներկայացնէ եւ պէտք չէ՛ անտեսուի։
Յիսուս կը գնահատէ իր անունով տրուած գաւաթ մը պաղ ջուրը եւ կը խոստանայ տուողը վարձատրել երկինքի մէջ։
Ուստի, մեր անձերը վարժեցնենք գնահատելու կեանքի ո՛չ միայն մեծ, կարեւոր եւ թանկագին բաները, այլ՝ նաեւ փոքր, աննշան բաները, անկարեւոր եւ անարժէք թուող բաները։
Գնահատենք բնութիւնը, հոն մինչեւ փոքրիկ եւ աննշան ծաղիկները՝ որոնք յաճախ մեր ոտքերուն տակ կը կոխկռտուին։ Պզտիկ թռչուններ կան, որոնք իրենց անուշ երգերով կը հիւրասիրեն եւ անմեղ թիթեռնիկներ կան, որոնք իրենց գոյնզգոյն թեւերով Արարիչին փառքը կը պատմեն։ Եւ այս բոլորը մարդ արարածին արդար գնահատանքին արժանի են։
Գնահատելի են ընտանիքներու բոլոր մանուկները, միամիտները, աննշանները, տկարները, տարեցները եւ հիւանդկեկները. (ԵԲՐ. ԺԲ 12), (Ա ԹԵՍ. Ե 14)։ Ուստի, իրարու մէջ արժանիք չփնտռենք՝ զիրար սիրելու կամ գնահատելու համար։ Յիշենք, որ Աստուած մեր մէջ արժանիք չփնտռեց մեզ սիրելու համար։ Եւ մանաւանդ զգուշանանք խտրութիւն ընելէ. Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Դուք աղքատները անարգեցիք». (ՅԱԿ. Բ 6)։
Երախտապարտութիւնը պէտք է յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ի նպաստ մեզի կը գործեն. պէտք է սիրենք եւ յարգենք զանոնք։ Բայց մէկը կայ, որ անհրաժեշտ է արժանանայ մեր անհո՜ւն գնահատութեան եւ յարգանքին, քանի որ մեզ շատ սիրեց եւ մեզի համար իր կեանքը զոհեց։
Այդ մէկը Տէր Յիսուս Քրիստոսն է, որ նաեւ մեր Փրկիչն է։ Ան մեզ գնահատեց մեր տկարութիւններուն, թերութիւններուն մէջ եւ մենք աւելի եւս պէտք է գնահատենք Անոր Բարձրութիւնը՝ զոհաբերութիւնը, անհուն սէրը եւ այն ամէն բանը, որ ըրաւ մեզի համար։
Հին ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք՝ հացը եւ գինին Արարչին զոհ մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեան։ Բարոյական գոյութիւնը «պատասխան» է Տիրոջ սիրազեղ նախաձեռնութեան։ Ան երախտագիտութիւն է, մեծարանք է Աստուծոյ եւ պաշտամունք՝ գոհաբանութեան։ Այս իմաստով, արդա՛ր է զոհեր մատուցանել Աստուծոյ ի նշան երկրպագութեան եւ երախտագիտութեան, պաղատանքի եւ հաղորդութեան։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Իսկական զոհ է ամէն արարք, որ կը կատարուի Սուրբ Հաղորդութեամբ Աստուծոյ փարելու եւ երջանկանալու համար»։
Գնահատել եւ երախտագէտ ըլլալ՝ մարդկային արժանապատուութեան պահա՛նջքն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 28, 2025, Իսթանպուլ