ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԱՐՃ ԶՐՈՅՑ
Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի բացման հանգրուանի աշխատանքներուն։ Այս շրջագծով նախընթաց օր երեկոյեան ալ մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընդունելութեան՝ ի պատիւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի մասնակից երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն։ Այս ընդունելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան եւ Պարաք Օպամա ունեցան կարճատեւ զրոյց մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս զրոյցին ընթացքին քննարկուած են համահայկական նշանակութեամբ հարցեր։
Երէկ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին իր կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Սերժ Սարգսեան նախ ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորեց՝ ՄԱԿ-ի 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ քսաներեք տարի առաջ դառնալով ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ՝ Հայաստան առաջին իսկ օրէն սկսեալ զգացած է այս կազմակերպութեան աջակցութիւնը պետականութեան կերտման ուղղութեամբ։ Սերժ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց վերջին օրերուն կազմակերպուած «Վերափոխենք աշխարհը. կայուն զարգացման օրակարգ 2030» ծրագրի եզրափակիչ գագաթաժողովի յաջող աւարտին կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց այս ամբողջին մէջ ընդհանուր քարտուղարին ունեցան ներդրումը։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ այս նոր, համապարփակ ծրագիրը պիտի նպաստէ մոլորակի բնակիչներու կեանքի որակի բարելաւման։
Սերժ Սարգսեան-Պան Քի Մուն հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին։ Սերժ Սարգսեան տեղեկացուց գործընթացի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ յատկապէս վերջին օրերուն հրադադարի խախտման հետեւանքով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ յառաջացած լարուածութեան մասին։ Հարկ է նշել, որ ան այս բոլորին անդրադարձաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին։ Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած լարուած իրավիճակին կապակցութեամբ ու կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ խնդրին կարգաւորումը։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային այժմէական խնդիրներուն, աշխարհի վրայ տեղի ունեցող մտահոգիչ իրադարձութիւններուն՝ նոր հակամարտութիւններու, տարածուող ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքէ ներս աճող լարուածութեան շուրջ։ Պան Քի Մուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ Հիւսիսային Իրաքէն եւ Սուրիայէն փախստականներուն ապաստան տալու քայլերուն համար ու ողջունեց այդ բոլորը։ Ընդհանուր քարտուղարը կարեւորեց յառաջիկային Երեւանի մէջ կայանալիք խաղաղութեան կլոպալ մարտահրաւէրներուն ձօնուած համաժողովը։
Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի եւ Շուէտի Վարչապետ Սթեֆան Լէօֆվէնի հետ։
ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիոյի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Նախագահ Սարգսեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը եւ ներկայ փուլի առկայ մտահոգութիւնները, մասնաւորապէս՝ վերջին օրերուն հրադադարի խախտման հետեւանքով յառաջացած լարուածութիւնը։