ԾՈՄ ԵՒ ԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
Շատերու համար տակաւին կը շարունակէ հարցական մնալ, թէ Յիսուս Քրիստոս իրապէ՞ս 40 օր ու գիշեր ծոմապահութեամբ անցուց, որովհետեւ գիտականօրէն կարելի է անօթի մնալ մօտաւորապէս 30-40 օր՝ սակայն մարդ առանց ջուրի եւ հացի՝ ընդամէնը 3-7 օր: Այլ խօսքով՝ առանց հացի կարելի է ապրիլ, սակայն առանց ջուրի՝ դժուար:
Պատմութեան մէջ շատեր այս առեղծուածը լուծելու համար մինչեւ անգամ փորձած են անձնապէս առանց հացի եւ ջուրի մնալ եւ ոչ միայն անցեալին, նոյնիսկ այսօր շատեր կը շարունակեն նման փորձեր ընել:
Իրականութեան մէջ եթէ փորձենք եկեղեցական հայրերու վերլուծութիւնը կարդալ Քրիստոսի ծոմապահութեան մասին, այդտեղ մարմնական հացի ու ջուրի պակասէն աւելի շեշտը դրուած պիտի տեսնենք ծոմապահութեան հոգեւոր կարեւորութեան վրայ. օրինակի համար, եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Ս. Օգոստինոս Քրիստոսի ծոմապահութիւնը կը բացատրէ որպէս կատարեալ հնազանդութիւն, նախապատրաստութիւն ծառայութեան եւ փորձութիւններու եւ այդ մէկը մարմնականէն աւելի կը բացատրէ որպէս հոգեւոր պայքար մեղքին դէմ: Գալով 40 օրերուն, ան համեմատականներ կը կատարէ իսրայէլացի ժողովուրդին 40 տարի անապատին մէջ թափառելուն, որովհետեւ, այնպէս ինչպէս իսրայէլացի ժողովուրդը անապատին մէջ փորձութեան ենթադրուեցաւ, նոյնպէս Քրիստոս անապատին մէջ փորձուեցաւ սատանայէն:
Անշուշտ, ուրիշ շատ մը հայրեր կը յիշեն, որ Յիսուսի Քրիստոսի իրապէս մնաց անօթի, որպէսզի ապրի բոլոր այն զգացումներն ու վիճակները, զորս մարդը ունի եւ կ՚ապրի. Ս. Կիւրեղ Ալեքսանդրացի կ՚ըսէ. «Ան սովի եւ ծարաւի ենթարկուեցաւ՝ մեզի սորվեցնելու համար, որ մարմինը կ՚ենթարկուի հոգիին»:
Անշուշտ, շատեր (մանաւանդ անոնք, որոնք կը փորձեն գիտութիւնն ու կրօնը միատեղել եւ ամէն երեւոյթի տրամաբանական պատճառ մը գտնել) կը հաւատան, որ Յիսուս իրականութեան մէջ անօթի կամ ծարաւ չմնաց։ Անշուշտ, կային եւ կան շատեր, որոնք ամբողջութեամբ Քրիստոսի մարդեղացումին չեն հաւատար, դիտելով՝ որ այդ մէկը վերացական ու փոխաբերական պատկեր մըն է՝ մարդուն եւ Աստուծոյ յարաբերութիւնները աւելիով հասկնալի դարձնելու համար. օրինակի համար, Պասիլիտես կ՚ըսէր. «Քրիստոս մարմնապէս չէ՛ գոյացած, այլ երեւոյթ է. ան իրապէս չէ կերած կամ չէ խմած, այլ պարզապէս երեւոյթ էր»։ Անշուշտ, ուրիշներ ալ կը հաւատան, որ Քրիստոսի գոյութիւնը հոգեւոր էր եւ ոչ ֆիզիքական:
Եթէ Հին կտակարանը եւս աչքէ անցընենք, պիտի տեսնենք, որ Մովսէս ինք եւս 40 օր եւ գիշեր ծոմ պահեց. Կ՚ուզենք այստեղ յիշել գրաբար տարբերակը, որուն մէջ անօթի եւ ծարաւ ըլլալը կը շեշտուի. «Եւ էր Մովսէս առաջի Տեառն զքառասուն տիւ եւ զքառասուն գիշեր, հաց ոչ եկեր եւ ջուր ոչ արբ» (Ելից 34:28):
Այս բոլորէն ետք այսօր մեր ժողովուրդը ունի ծոմապահութիւն եւ ունի պահեցողութիւն. իրականութեան մէջ իրապէ՞ս անօթի մնաց թէ չմնացը մեր կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւն մը պիտի չյառաջացնէ. բոլոր եկեղեցւոյ հայրերը շեշտը հոգեւոր պահեցողութեան վրայ կը դնեն, որովհետեւ կարեւոր է հոգեպէս ծոմ ու պահք բռնել, այլապէս իմաստ պիտի չունենայ: Այս երեւոյթը կարելի է բացատրել գրականութեամբ. ռուս թատերագիր եւ վիպասան Անթոն Չեխով իր պատմուածքներէն մէկուն մէջ կը նկարագրէ տեսարան մը, ուր երկու աւազակներ անծանօթ մը սպաննելով կը սկսին պայուսակը խառնել՝ աւար մը գտնելու համար. անծանօթին պայուսակէն աւազակներէն մին ապուխտի կտոր մը կը գտնէ, կը սկսի ուտել ու իր ընկերոջ հրամցնել. միւս աւազակը զարմացած կը պատասխանէ. «Չե՞ս վախնար Աստուծմէ... ինչպէ՞ս կրնաս պահքի օրով միս ուտել...»: Ըստ հեղինակին՝ աւազակը հոգեպէս հանգիստ դուրս կու գայ անտառէն, համոզուած ըլլալով, որ պահքի օրով միս չկերաւ:
Այսօր շատեր կը փորձեն նմանիլ Քրիստոսի՝ բայց գուցէ միայն ծոմապահութեամբ եւ կամ պահքով. շատեր նոյնիսկ այդ հոգեւոր մասը մոռցած կ՚ուզեն փորձել. օրինակի համար, 2003 թուականին Անգլիոյ մէջ անձ մը ովկիանոսի մէջ դրուած վանդակի մը մէջ մնաց 40 օր՝ առանց բան մը ուտելու. սակայն ջուր խմեց եւ յաջողեցաւ 40 օր կենդանի մնալ։ Անշուշտ, ամէն մարդ իրեն պէս բախտաւոր չեղաւ. շատեր փորձեցին մարմնապէս ծոմապահութիւն ընել՝ սակայն իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Գիտականօրէն ինչքան անօթի կարելի է մնալ՝ թող զբաղուի գիտութիւնը. թէ Յիսուս իրապէս անօթի մնա՞ց թէ ոչ՝ թող զբաղին եկեղեցւոյ հայրերն ու աստուածաբանները, սակայն, մեզի համար կարեւոր է հոգին, կարեւոր է նպատակը. հասկնալ, որ մարմնապէս անօթի մնալը ո՛չ թէ նիհարնալու եւ կամ «մարզանքի» նոր ձեւ մըն է, այլ հոգին կրթել է: Սակայն, ուտելը կամ չուտելը չէ՛ որ մարդը կը կրթէ. անօթութիւնը, ծարաւը մարդուն կիրքերուն մաս կը կազմեն եւ ծոմապահութիւնը եւ կամ պահեցողութիւնը այդ կիրքերուն դէմ պայքարիլ է. ծոմով ու պահքով մարդ մարմինի ցանկութիւններն է, որ կը ժխտէ ու անոնց դէմ կը պայքարի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կա՞յ մարդ, որ ուզած է Քրիստոսի նման 40 օր ծոմ պահել, սակայն մահացած է:
Պատասխան. Այո, պատմութեան մէջ կան դէպքեր, երբ մարդիկ փորձած են Քրիստոսի նման 40 օր ծոմ պահել, սակայն չդիմանալով մահացած են: Օրինակի համար, որոշ ճգնաւորներ, մանաւանդ միջնադարուն, ծայրայեղ ծոմի պատճառով ունեցած են սնուցման անբաւարարութիւն, ջրազրկում, որոնց պատճառով մահացած են: Ծոմը կը նկատուի հոգեւոր սխրանք, սակայն, բժշկական տեսանկիւնէն երկար ժամանակ սնունդէ հեռու մնալը կրնայ մահացու ըլլալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան