ԱԿՆԱՐԿ - 115 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆԷՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ, Սարգիս Զէյթլեանէն:

* Հայրենադաւութեան ընդունակ են մարդկային յետին խլեակները միայն, բարոյապէս անվերականգնելի արարածները լոկ, ընկերային ամէն արժէքէ եւ արժանիքէ պարպուած մարդակերպները սոսկ:

* Ըսուած է իրաւամբ, որ ամէն ազգ, իր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, ի վիճակի չէ երիտասարդութեան լաւագոյն ապագան ապահովելու, սակայն ի վիճակի է իր երիտասարդութիւնը պատրաստելու լաւագոյն ապագայի մը համար:

* Սփիւռքը հայութեան պարտադրուած իրողութիւն է:

Սփիւռքի հայութիւնը իր աշխարհացրիւ վիճակին մէջ իսկ ամբողջութիւն է եւ թէ՛ իր պատմական ծագումով եւ թէ մանաւանդ իր հոգեմտային ձգտումներով, կեցուածքներով եւ նպատակներով:

Սփիւռքի տարածքին գտնուող որեւէ գաղութ, մեծ թէ փոքր, մաս կը կազմէ ազգային հաւաքականութեան, հայ ժողովուրդի ամբողջութեան: Այդ ամբողջութիւնը ուժեղ է եւ կենսունակ, երբ զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր մասնիկի, իւրաքանչիւր գաղութի կեանքին նպատակը իր սեփական գոյութեան սահմաններէն անդին անցնելով կը համադրուի համահայկական նպատակներու հետ, կը ձգտի գործել այնպէս, որ իր ձեռք բերած արդիւնքով զօրանայ ամբողջութիւնը եւ ոչ թէ միայն մասնիկը կամ մասնկիները:

* Ազգային ինքնագիտակցութիւնն է, որ հայ ժողովուրդը հողազուրկ, աշխարհացրիւ, այլազան պայմաններու ենթակայ ներկայ վիճակին մէջ կրնայ ըլլալ այն խթանող, ուժեղ կերպով իրարու միացնող, իրարու կապող ուժը, որուն շնորհիւ ազգը կրնայ, հակառակ աննպաստ պայմաններուն, ինքզինք ամուր, ինքզինք ամրապնդուած զգալ. զգալ թէ լայն սահմաններով ազգային հաւաքականութիւնը միատեսակ տենչով, միատեսակ նպատակներով կայ ու կը գործէ իրարու ձեռք տուած, համադրուած եղանակով:

Որքան բարձր ըլլայ ազգային ինքնագիտակցութիւնը, այնքան աւելի ուժեղ կ՚ըլլայ ազգը ու կը դիմանայ, կը պայքարի ի խնդիր վախճանական յաղթանակին:

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, եւ այս՝ բոլո՛ր ազգերուն համար, թէ ժողովուրդի կեանքին կամ գոյութեան սպառնացող մեծ վտանգներու պահերուն, ազգային գիտակցութիւնը բացառիկ ուժգնութեամբ կ՚արթննայ ու կը սրի եւ կը մղէ ազգի բաղկացուցիչ տարրերը բազմապատկելու իրենց ճիգերը, համադրելու զանոնք, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրդել սպառնացող վտանգներուն:

Գոյութեան կռուին մէջ յաջողելու համար իւրաքանչիւր հաւաքակնութիւն պէտք է ըլլայ ուժեղ կերպով կազմակերպուած: Որքան ուժեղ ըլլայ կազմակերպուածութիւնը, այնքան ուժեղ կ՚ըլլայ ինքը, հաւաքականութիւնը: Իսկ կազմակերպութիւնը, կամ կազմակերպուած կեանքը ուժեղ է այն ժամանակ, երբ բարձր է հաւաքական գիտակցութիւնը, հաւաքականութեան գիտակցութիւնը:

Ազգային գիտակցութիւնն է, որ առաջ կը բերէ ազգային ցանկութիւններն ու կամքը, վճռականութիւնը, որ միակ միջոցն է դիմանալու, պայքարը յաղթականօրէն աւարտելու համար:

* Հին, հանրածանօթ պատմութիւն է, -հայութեան թշնամիները, տեղին ու պարագային համեմատ, մանաւնդ երբ ականատես կ՚ըլլան մեր շարքերու միասնականութեան աստիճանական ամրապնդման, հնարաւոր ամէն սադրանքի կը դիմեն մեր ներքին ճակատը քայքայելու, հաւաքական մեր կամքը ջլատելու եւ պայքարի մեր կորովը չէզոքացնելու համար:

Յատկապէս քաղաքական ճակատի վրայ, ազատագրական մեր պայքարը ձախողութեան մատնելու յարմարագոյն եւ ամենէն յուսալի ռազմավարութիւնը հայութեան պառակտումն է մեր թշնամիներուն կողմէ, մեր շարքերը տկարացնելու եւ հայ դատը մեր իսկ ձեռքով սնանկութեան դատապարտելու յստակ դիտաւորութեամբ:

* Աներազ ազգերը ապագայ չունին: Ապագայ չունին մանաւանդ անհորիզոն ժողովուրդները: Բոլո՛ր անոնք, անհատ թէ հաւաքականութիւն, որոնք կը մոռնան խաղին օրէնքը եւ կը կարծեն, թէ առանց բոլորանուէր, գերագոյն զոհաբերութեանց, առանց հաւաքական կամքի եւ կազմակերպական հզօրանքի, առանց համապարփակ ու յարատեւ պայքարի հնարաւոր է վերապրիլ եւ պատմութիւն կերտել:

Արտաքին պայմաններու նպաստաւոր դրսեւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, անշուշտ, ազգային ազատագրական կամ ինքնեցման որեւէ պայքարի, քաղաքական որեւէ դատի յաղթանակին համար:

Սակայն արտաքին պայմաններէն առաջ, առարկայական իրադրութեան բարեշրջման զուգահեռ, կենսական նշանակութիւն ունի ներքին ուժերու արժեւորումը, ներքին ճակատի ամրապնդումը:

Արդարեւ, ո՛րքան ալ ձեռնտու ըլլան արտաքին, առարկայական պայմանները, ո՛րքան ալ բարենպաստ կացութիւն առաջացնէ միջազգային քաղաքական կեանքի հոլովոյթը, դրական կամ գործնական որեւէ արժէք չունի ոեւէ ազգի, ազատագրական որեւէ շարժումի համար, եթէ խնդրոյ առարկայ ազգը կամ ազգային ազատագրական շարժումը ի՛նք ներքնապէս պատրաստ չէ առիթէն օգտուելու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար:

Այն ազգերը, ազատագրական այն շարժումները, որոնք յուսատու պայմաններու կը սպասեն, որպէսզի ճիգերու առաւելագոյն լարումով հրապարակ իջնեն եւ համապարփակ պայքարի ձեռնարկեն, դատապարտուած են անխուսափելի սնանկութեան, որովհետեւ նախապայմանը այն չէ, որ նախ դէպքերը հասուննան, ապա ճամբայ ելլելու համար, այլ այն, որ ենթակայ ազգերը կամ ազատագրական շարժումները ի՛րենք պատրաստ ու հասուն վիճակի մէջ գտնուին՝ պատեհ առիթին իրենց ճակատագիրը վերափոխելու աստիճան անհրաժեշտ ուժն ու կարողութիւնը ցուցաբերելու համար:

Պատմութիւնը, բոլոր յեղափոխութեանց եւ ազատագրական բոլոր շարժումներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ աներկբայօրէն, որ ոչ մէկ ազգ, ազատագրական ոչ մէկ շարժում ճամբայ ելած է յուսատու պայմաններու հետ որոշակի… ժամադրութեամբ: Ժողովուրդներու, առհասարակ քաղաքական եւ յեղափոխական կեանքի պատմութիւն նման «ժամադրութիւն»ներ ու «ժամադիր»ներ չի ճանչնար եւ այս տարրական կանոնը անսաստողները կը տրորէ իր անողոք հոլովոյթի գլաններուն տակ:

Հետեւաբար, յուսատու պայմանները պէտք է որոնել, -բայց մանաւանդ ստեղծե՛լ՝ ի գին ամէն բանի-, ոչ թէ դուրսը, արտաքին մակարդակներու վրայ, այլ ներսը, ներքին ճակատի վրայ:

Որովհետեւ արտաքին պայմանները որքան ալ յուսատու ըլլան կամ նպաստաւոր դասաւորում ստանան, անօգուտ է, եթէ խնդրոյ առարկայ ազգը կամ ազատագրական շարժումը պատրաստութեան, կազմակերպական հզօրանքի կերտման եւ ներքին ուժերու ամրապնդման երկարատեւ շրջան մը բոլորած չէ՝ առաջին իսկ պատեհութեան իր սեփական կամքը կարենալ պարտադրելու համար:

Պատրանքներով կ՚օրօրուին նաեւ այն բոլոր ժողովուրդներն ու ազատագրական շարժումները, որոնք կը յուսաբեկուին պարզ այն պատճառով, որ առանձին են իրենց պայքարին մէջ: Ո՞վ առանձին չէ կամ չէ եղած պատմութեան մէջ՝ իր սեփական ճակատագիրը վարելու կամ վերափոխելու գործին մէջ, բացի միայն… անարժաններէն: Իսկ անարժաններէն ո՞վ է, որ յաջողած է ոտքի մնալ պատմութեան քառուղիներուն վրայ եւ պատմութիւն կերտել երբեւէ:

Քաղաքական կեանքի, առաւել եւս՝ ազատագրական պայքարին մէջ օտարին օգնութեան, արտաքին օժանդակութեան ապաւինողը եւս կէս ճամբան կը մնայ, այո՛, անտեսումի եւ արհամարհանքի իբրեւ մնայուն առարկայ բոլորի՛ աչքին հաւասարապէս:

Յարգանք կը պարտադրէ, բարեկամութեան եւ օժանդակութեան արժանի կը դառնայ միայն այն ազգը, ազատագրական այն շարժումը, որ կ՚ապաւինի բացառաբար սեփական ուժերուն, սեփականպայքարին, սեփական կարելիութեանց եւ իր սեփական սխրագործութիւններուն:

Բոլոր անո՛նք, մանաւանդ, որոնք պատմական իրենց պատասխանատուութեան տէր կը կանգնին արժանաւորապէս ու ձեռնհասօրէն, աշխարհ մը զոհողութեանց եւ անդուլ պայքարի ճամբով յանձնառո՛ւ կ՚ըլլան վարելու իրենց հաւաքական ճակատագիրը վատ թէ լաւ օրերու համար հաւասարապէս, անսասան հաւատքով՝ իրենց ապագային նկատմամբ եւ անսակարկ նուիրումով՝ իրենց մարդկային վսեմ տեսլականներու կենսագործման սխրանքին մէջ:

Ամբողջական պատասխանատուութեան յանձնառութի՛ւնն է յաջողութեան նախապայմանը ազգային ազատագրական ամէն պայքարի, ամէն ինչ տալու արիութիւնն ու առնականութիւնն է հաւաքական մեր ճակատագիրը վերափոխելու անխուսափելի հրամայականը, մարդանալու, ազգանալու, ժամանակն ու տարածութիւնը յաղթահարելու անմաշելի երաշխիքը:

Այսպէս կ՚ապրին ազգերը, այսպէս կ՚ազատագրուին մարդկային եւ ազգային հաւաքականութիւնները, այսպէս կը կերտուին, կ՚ամրապնդուին եւ կ՚ամբողջանան հայրենիքները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025