Երբ Պատ­րիար­քը Կը Մեր­ժէ Խօ­սիլ

Պատ­մա­կան օ­րեր են Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ: Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի չոր­րորդ Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը ար­դէն կա­տա­րուած է նոր էջ մը ա­ւելց­նե­լով բազ­մա­դա­րեան Սուրբ Ա­թո­ռի՝ Մայր Ա­թո­ռի տա­րեգ­րու­թեան մէջ: Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան հետ հա­մըն­թաց կ­՚ար­ձա­նագ­րուին «յոյժ կա­րե­ւո­ր» ե­ղե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­մե­նէն ու­շագ­րա­ւը Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քին կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կա­յու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւնն է: Պատ­րիար­քին ժա­մա­նաու­մը կը դադ­րէր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ըլ­լա­լէ, ե­թէ ա­միս­ներ ա­ռաջ ա­նոր Էջ­միա­ծին ու Ե­րե­ւան տուած այ­ցե­րէն ետք մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած չըլ­լա­յին այն ան­հաս­կա­նե­լի, վա­տա­բա­նու­թիւն­նե­րով լե­ցուն, հա­կաք­րիս­տո­նէա­կան կե­ցուածք­նե­րով «ամ­րագ­րուա­ծ» խօս­քե­րը, ո­րոնց ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին պա­տաս­խա­նա­տուն Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարքն է: Նուր­հան Սրբա­զա­ն վեր­ջին հանգ­րուա­նին դար­ձաւ ճա­կա­տում­նե­րու աս­պետ եւ հա­ւա­նա­բար ա­ռանց մտա­ծե­լու իր ծանր եւ միան­գա­մայն ան­պա­տաս­խա­նա­տու կեց-ւածք­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին շա­րու­նա­կեց ան­յար­գա­լից վե­րա­բեր­մունք ու­նե­նալ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նին եւ թէ իր միա­բա­նա­կից եղ­բայր­նե­րուն հաս­ցէին:

Ու­շագ­րաւ է նաեւ, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ան­թի­լիա­սի մէջ կա­յա­ցած Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ուր Պատ­րիար­քը ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով, ոչ միայն մեր­ժած էր ներ­կայ գտնուիլ, այլ նաեւ մեր­ժած էր պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ա­ռա­քել ի Պիք­ֆա­յա:

Նուր­հան Սրբա­զա­նին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մօ­տէն հե­տե­ւող­նե­րը լաւ կը հասկ­նան ա­նոր ա­րարք­նե­րուն ի­մաս­տը:

Ու ա­ւե­լորդ է այս­տեղ այդ մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տալ:

Մէկ բան յստակ է, որ Նուր­հան Ար­քե­պիս­կո­պոս հեր­թա­կան ան­գամ իր կեցուածք­նե­րը կը փո­խէ եւ Սուրբ Էջ­միած­նի դէմ բա­ցա­յայտ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րէ ետք «յօ­ժա­րա­կա­մ» կեր­պով Մայր Ա­թոռ կը հաս­նի ու ան­ձամբ կը մաս­նակ­ցի Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեանց:

Այս­տեղ ի փառս մեր ե­կե­ղեց­ւոյ միաս­նու­թեան եւ զօ­րեղ էու­թեան պէտք է փա­կել փա­կա­գի­ծնե­րը:

Թէ ին­չո՞ւ եւ թէ ինչ­պէ՞ս կը կա­տա­րուին այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, այդ կը թո­ղունք ժա­մա­նա­կին: Ժա­մա­նա­կը բո­լո­րին հա­մար մե­ծա­գոյն դա­տա­ւորն է:

Միայն մէկ տո­ղով պէտք է գրան­ցել, որ Պատ­րիար­քին կող­մէ գոր­ծուած ան­յա­րիր խօս­քե­րուն քննար­կու­մը մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ, թող որ ան­պատ­շաճ չհա­մա­րուի:

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կա­նը, ո՛ւր որ ալ ըլ­լայ ան, նախ եւ ա­ռաջ ինքն է, որ իր շրջա­պա­տին յար­գանք եւ պատ­կա­ռանք կը թե­լադ­րէ: Ոչ միայն կը թե­լադ­րէ, այլ կը պար­տադ­րէ:

Այս ա­ռու­մով նաեւ, յու­սա­լի է, որ ի­րենց ա­ւար­տին կը հաս­նին Տ. Նուր­հան Պատ­րիար­քին «աս­պա­տա­կու­մ»­նե­րը:

Վեր­ջա­պէս հասկ­նա­լի է նաեւ Ա­մե­նա­պա­տիւ Պատ­րիարք Հօր լռու­թիւ­նը: Այս­քան խու­սա­նա­ւում­նե­րէ եւ ան­հար­կի սու­րա­ճօճ­քէն ետք Տ. Նուր­հան Պատ­րիարք կը նա­խընտ­րէ լռել:

Լռել ու չպա­տաս­խա­նել յա­տուկ ի­րեն հա­մար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին հա­սած լրագ­րող­նե­րու հար­ցադ­րում­նե­րուն: Ե­րե­ւի այդ հար­ցե­րուն պա­տաս­խա­ններն ալ պատ­մու­թեան ար­գան­դին մէջ են:

Մէկ բան բա­ցո­րոշ է, որ Սուրբ Էջ­միած­նի դռնե­րը բաց են բո­լո­րին ա­ռաջ:

Ի փառս Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի պան­ծա­ցումն ազ­գիս հա­յոց:

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015