ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Նիւ Եոր­քի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լով ան­ցալ Ո­ւա­շինկ­թըն՝ իր ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ե­րէկ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գոնկ­րէ­սէն ներս ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քուե­ցաւ ի պա­տիւ Սերժ Սարգ­սեա­նին՝ «Ռաուլ Վա­լեմ­պերկ» մի­ջազ­գա­յին հիմ­նար­կին կող­մէ։ Բա­ցի հիւ­րըն­կալ հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, այս հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան շուրջ եր­կու տաս­նեակ գոնկ­րէ­սա­կան­ներ, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէր ԱՄՆ-ի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս։ Ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քէն ազ­դե­ցիկ գոր­ծիչ­ներ եւս հրա­ւի­րուած էին հա­ւա­քոյ­թին։ Գոնկ­րէ­սի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ա­ւար­տին նա­խա­ձեռ­նարկ հիմ­նար­կի ան­դամ­նե­րը «Ռաուլ Վա­լեմ­պերկ» մե­տայ­լը յանձ­նե­ցին Ռա­պըրթ Մոր­կըն­թաուին, որ թոռն է Հեն­րի Մոր­կըն­թաուի։ Գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը եւ հան­դի­պան մաս­նա­կից­նե­րը ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուին Սերժ Սարգ­սեա­նի նկատ­մամբ։ Ա­նոնք ընդգ­ծե­ցին, թէ որ­պէս Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­կամ­ներ՝ այ­սու­հե­տեւ եւս պի­տի շա­րու­նա­կեն մնալ Հա­յաս­տա­նի կող­քին՝ օ­ժան­դա­կե­լով ա­նոր հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րու լուծ­ման գոր­ծին եւ նպաս­տե­լով ա­նոր զար­գաց­ման, հզօ­րաց­ման ու բա­րե­կե­ցու­թեան։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, թէ Հեն­րի Մոր­կըն­թաու­յի ա­նու­նը իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար անջն­ջե­լի է՝ որ­պէս նուի­րեալ մը, որ գե­րա­դա­սեց ճշմար­տու­թիւ­նը լռու­թե­նէն եւ նա­խընտ­րեց դժբախ­տու­թեան մէջ յայտ­նուած­նե­րուն օգ­նե­լու ան­շա­հախնդիր, եր­բեմն ալ վտան­գա­ւոր ճա­նա­պար­հը։ «Մոր­կըն­թաուն էր Ա­մե­րի­կեան մեր­ձա­ւոր-ա­րե­ւե­լեան նպաս­տա­մա­տոյց կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րա­խօսն ու ջա­տա­գո­վը։ Այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­րիւ­րա­ւոր աշ­խա­տա­կից­ներ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, նե­րա­ռեալ Հա­յաս­տա­նը, լծուե­ցան որ­բախնամ գոր­ծին՝ վե­րա­հաս մա­հէ փրկե­լու հա­մար տասնեակ հա­զա­րա­ւոր հայ որ­բե­րը։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տե­լէն վերջ եւս ան շա­րու­նա­կեց իր մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով հայ­րե­նի­քէն ար­տաք­սուած եւ զան­գուա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րէ փրկուած հայ, ա­սո­րի եւ յոյն գաղ­թա­կան­նե­րուն։ Սա ա­մե­րի­կեան մար­դա­սի­րու­թեան խօ­սուն դրուագ­նե­րէն մին է», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Բաց աս­տի, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի եւ ա­նոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ան ներ­կա­յա­ցուց ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին հիմ­նա­կան շեշ­տադ­րում­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ յատ­կա­պէս վեր­ջին օ­րե­րուն հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կը, նաեւ պա­տաս­խա­նեց հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Սերժ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց ա­մե­րի­կա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տան-ԱՄՆ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Քննարկուե­ցան այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան եւ հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին։ Ա­մե­րի­կա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Նախագահ Սերժ Սարգ­սեա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին՝ սու­րիա­հա­յու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը պե­տա­կան հո­գա­ծու­թեան ներ­քեւ պա­հած ըլ­լա­լուն, Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոնց տրուած ա­պաս­տա­նի եւ Սու­րիոյ մէջ ա­նոնց ցու­ցա­բե­րուած կա­րե­լի ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ ալ Սերժ Սարգ­սեան դար­ձեալ մէկ­տե­ղուե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ այս ան­գամ ա­ւե­լի տար­բեր ձե­ւա­չա­փով մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015