ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) եւ Փոքրամասնական իրաւունքներու միջազգային խմբակին համատեղ նախաձեռնութեամբ կատարուած աշխատանքի մը հիման վրայ պատրաստուած է Թուրքիոյ կրթական դրութեան վերաբերեալ ուշագրաւ տեղեկագիր մը, որ վերջին օրերուն լայն արձագանգ կը գտնէ նաեւ հանրային կարծիքին մօտ։ Եւրոպական միութեան աջակցութեամբ պատրաստուած է այս տեղեկագիրը, որ կը կոչուի «Թուրքիոյ կրթութեան համակարգէն ներս գոյնի, ազգային, լեզուի, կրօնի եւ հաւատի հիման վրայ խտրականութիւն»։ Թուրքիոյ կրթական համակարգէն ներս հաւասարութեան դիտարկման առաջադրանքով ծրագրի մը շրջագծով պատրաստուած է այս տեղեկագիրը, որու ծանօթացման համար երէկ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր մամլոյ ասուլիս մը՝ «Թուրքիոյ ազգային կրթութեան համակարգի «ապազգայինները»»։ Մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Պատմութեան հիմնարկի ընդհանուր քարտուղար Ըշըք Թամտողան, նոյն հիմնարկէն Կիւրէլ Թիւզիւն եւ Փոքրամասնական իրաւունքներու միջազգային խմբակի Թուրքիոյ համակարգող Նուրճան Քայա։
Կալաթասարայի «Ճէզայիր» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ այն լուրջ խնդիրներուն, զորս կը դիմագրաւեն երկրի փոքրամասնական վարժարանները։ Միայն այս վերջիններուն մօտ է, որ Թուրքիոյ մէջ մայրենի լեզուով կրթութիւն կը ջամբուի, իսկ անոնք կը տառապին նիւթական դժուարութիւններէ եւ այլ խնդիրներէ։
Տեղեկագրին բովանդակած կէտերը մանրամասնելով ատենախօսները շեշտեցին նաեւ, թէ դասագիրքերը հեռու են ցոլացնելէ Թուրքիոյ հասարակութեան զանազանութիւնը ու կ՚ընդգրկեն թրքութեան վանող հասկացութիւն մը։ Դասագիրքերու մէջ կարգ մը խմբաւորումներուն նկատմամբ կը նկատուին նախապաշարեալ արտայայտութիւններ։