ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆՊԷՍ ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԷՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածնի շրջափակին մէջ, տակաւին օրեր առաջ արդէն սկսած էին այս տարուան Միւռոնօրհնութեան նախապատրատութիւնները: Հայաստանի մէջ սեպտեմբերեան աշնանային եղանակը բաւական բարենպաստ եղաւ մինչեւ ամսուան վերջին օրեր եւ տակաւին կը խոստանայ լաւ եղանակ մը, առանց անձրեւներու եւ ցուրտ քամիներու: Ահաւասիկ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ու հայկական պետական բոլոր կառոյցներու աշխատանքի եւ համախմբումի եւ թէ բնութեան ընծայած հրաշալի եղանակի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ կատարել Միւռոնօրհնութեան բացօթեայ նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ բուն արարողութիւնը, որ կրկին մեղմ ու հաճելի եղանակով ընթացաւ:
Հաւատացեալ հայ ժողովուրդի հարիւրաւոր զաւակներ, աշխարհի զանազան երկիրներէ, Միւռոնօրհնութեան օրը հաւաքուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ մասնակից դառնալու համար այն մեծ ցնծութեան, զոր ապրեցաւ համայն հայութիւնը՝ Սուրբ Միւռոնի օրհնութեամբ: Միւռոնօրհնութենէն տակաւին ժամեր առաջ արդէն ժողովուրդը համախմբուած էր Մայր Աթոռի շրջափակը: Միւռոնի անցած ճանապարհի, հայոց միւռոնի պատմութեան, անոր հրաշագործ յատկութիւններու մասին արժէքաւոր տեսաերիզ մը պատ-րաստուած էր, որ լայնադիր պաստառի միջոցաւ ի ցոյց տրուեցաւ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ, Միւռոնօրհնութեան արարողութեան ժամանակ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հազարաւոր հիւրեր ականատես եղան մեծաշուք, հոգեպարար հանդէսի մը, որու նմանը հայ հաւատացեալ մարդու համար ուրիշ տեղ մը եւ ուրիշ առիթով մը դժուար թէ գտնուի:
Յիրաւի, ցնծալի պահ մըն է, երբ Միւռոնի կաթսան կը դրուի տաճարի Իջման Ս. Սեղանի վրայ եւ Ս. Լուսաւորչի յաջորդ ամենայն Հայոց Ընդհանրական Հայրապետի օրհնութեան գիրը կը հրաւիրէ Լուսաւորչական հօտը՝ ականատես եւ տօնակից ըլլալու մեծ խորհուրդի մը կատարման:
Էջմիածնի մէջ հաւաքուած ուխտաւոր բազմութենէն զատ, մեծ թիւով մարդիկ ալ հնարաւորութիւն ունեցան Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ հեռարձակմամբ հետեւելու Միւռոնօրհնութեան արարողութեան:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւններուն միշտ ալ բազմահարիւր հաւատացեալներ այցելած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Ակնյայտ է, որ այսօր արդէն, Մայր Հայաստան գալը աւելի դիւրին դարձած է աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ ապրող հայութեան համար: Մեր սրբավայրը սկսած է օր է օր աւելի բազմերանգ բազմութիւն գրաւել իր մօտ, եւ Միւռոնօրհնութեան հանդէսները կամ Հայաստանի մէջ կատարուող որեւէ այլ արարողութիւն մը, իրօք, համազգային խիստ մեծաշուք բովանդակութիւն կը ստանան: Մանաւանդ այս տարին այդպիսի տարի մը եղաւ համայն հայութեան համար. Հայաստանի անկախութենէն ետք ոչ մէկ տարուան մէջ այնքան մեծ թիւով հայորդիներ այցելած են, որքան որ այցելած են այս տարի: Կարելի չէ թուարկել ցանկը այն երկիրներուն՝ ուրկէ եկած էին Հայաստան՝ ներկայ գտնուելու աւանդաբար եօթ տարին անգամ մը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող սրբազան արարողութեան: Թուրքիայէն մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Լիբանանէն, գրեթէ բոլոր հայաշատ երկիրներէն հայորդիներ, նաեւ՝ օտար հիւրեր համախմբուած էին հայութեան հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ:
Տեսնելով Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ հաւատացեալներու բազմահոծ խումբերը՝ կարելի եղաւ անգամ մը եւս համոզուիլ, որ Միւռոնը հայ մարդու համար աւելին է, քան՝ պարզապէս օրհնուած իւղ մը: Ան հայ քրիստոնեայի կապն է իր անցեալի, պատմութեան եւ իր Հայ Եկեղեցւոյ անցած դարաւոր ճանապարհին հետ:
Կ՚ըսեն, թէ երջանիկ է այն սերունդը, որ մասնակիցն ու ժամանակակիցը կ՚ըլլայ իր ժողովուրդի Միւռոնօրհնութեան: Ահաւասիկ, այս օրերուն ապրող սերունդի համար ալ կրնանք ըսել երջանիկ է ան, քանի որ ամէն հայու սրտագին փափաքն ու իղձը եղած է գոնէ անգամ մը մասնակցիլ Միւռոնօրհնութեան սրբազան արարողութեան, հետագայ օրերուն համբուրել Միւռոնի կաթսան եւ տուն վերադառնալ՝ իր հետ տանելով աստուածահիմն Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Ընդհանրական Հայրապետի օրհնութիւնները: Այսօր, այս սերունդը ունի այդ հնարաւորութիւնը:
Տեղին է յիշել երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառի խօսքը՝ «Մենք կը հաւատանք, որ այս օրհնուած Միւռոնի ամէն մէկ կաթիլին մէջ կը շողայ ճառագայթ մը աստուածային փառաց լոյսէն, քանի որ ամէն անգամ նոր Միւռոնի մէջ կը խառնուի հին Միւռոն: Ամէն նոր օրհնուած Միւռոնի մէջ կայ մէկ մասնիկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնած առաջին Միւռոնէն»:
Ինչպէս կ՚ըսեն մեր հոգեւոր հայրերը՝ քրիստոնէութիւնը հայոց աշխարհին մէջ դրոշմուած եւ ներծծուած է Սուրբ Միւռոնի անուշահոտութեամբ: Եւ նմանապէս, Միւռոնի անուշահոտութիւնն է, որ մեզի ուղեկից պիտի ըլլայ հետագայ բոլոր օրերուն եւ տարիներուն:
ՄԻՒՌՈՆԻ ԿԱԹՍԱՅԻ ՊԱՏԿԵՐԸ
Բաց խորանին վրայ դրուած արծաթեայ կաթսան, որու մէջ լեցուած էր Միւռոնը, արդէն խորհրդաւորութիւն կը հաղորդէր արարողութեան: Այդ կաթսայի մէջ առաջին Միւռոնօրհնութիւնը կատարած է Տ.Տ. Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ 1897 թուականի 14 Սեպտեմբերին: Գմբէթաւոր կաթսան Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերուած է նախիջեւանցի վաճառական Գասպար Աղա Կարապետօղլեան, 1895 թուականին: Կաթսան պատրաստուած է Պ. Օվչիննիկովի արհեստանոցին մէջ: Կաթսայի գմբէթին վրայ աղաւնի մը կայ, իսկ կաթսան ձեւաւորուած է նկարազարդ բարդ յօրինուածքներով: Գեղեցիկ եւ ակնառու են կաթսայի շուրջբոլորը զարդարած պատկերները՝ Քրիստոսի մկրտութիւնը՝ ձեռամբ Ս. Յովհաննէս Մկրտչի, Աբգար արքայի մկրտութիւնը՝ ձեռամբ Ս. Թադէոս առաքեալի, Հայոց արքայական ընտանիքի մկրտութիւնը՝ ձեռամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Միածնի էջքը, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, Հոգեգալուստը: Կաթսային համար իբրեւ բըռ-նիչներ ծառայած են ոլորապտոյտ վզիկներով սիրամարգեր: Նմանապէս արձանագրութիւններ կան կաթսային վրայ, որ կը վկայէ, թէ նախիջեւանցի վաճառականը Միւռոնօրհնութեան կաթսան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերած է ի յիշատակ իր ընտանիքին, հանգուցեալ ծնողաց եւ զաւակաց:
Շատերու համար Միւռոնի օրհնութեան պատկերը կաթսայի պատկերին հետ կը համընկնի եւ հետագայ օրերուն ալ, կաթսան կը յիշէ, իբրեւ այն սուրբ ամանը, որու մէջ սրբազան իւղը օրհնուեցաւ:
Հակառակ անոր, որ կարգապահական մեծ միջոցառումներու ձեռնարկուած էին, սակայն Միւռոնօրհնութեան արարողութեան աւարտին, հաւատացեալ ժողովուրդը, ջերմեռանդօրէն փափաք ունեցաւ ուղղուիլ դէպի Միւռոնի նոր օրհնեալ կաթսան՝ համբուրելու սուրբ իրը կամ փարուելու անոր:
Այդ հնարաւորութիւնը անոնց տրուեցաւ հետագայ օրերուն՝ մօտաւորապէս մէկ շաբաթ շարունակ, հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու եւ համբուրելու խորանին վրայ դրուած կաթսան:
Հայոց անկախութեան չորրորդ Միւռոնի սրբալոյս կաթսայի պատկերով Գերմանիոյ Մայէր դրամահատարանին մէջ երկու հազար հինգ հարիւր հատ 1000 դրամանոց արծաթէ յուշադրամ հատուած է: Հայկական դրամը նոյնպէս, ինչպէս հայ մարդու վերադարձած հաւատքը, ինչպէս հայոց դրօշը, բանակը եւ այլ ազգային արժէքներ, հայոց անկախութեան ձեռքբերումներէն է՝ ինքնութեան եւ ինքնիշխանութեան խորհրդանիշներէն: Հայաստանի զանազան կարեւորագոյն իրադարձութիւններու առթիւ միշտ ալ թողարկուած են յուշանուէրային դրամներ: Ահաւասիկ, այս մէկն ալ, որ անցեալ տարի թողարկուած է, նուիրած է այն կաթսային, որու մէջ լեցուած է Սրբալոյս Միւռոնը:
ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՔԱՒՈՐԸ
Սրբազան աւանդութեան համաձայն, երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն կատարեց, Սրբալոյս Միւռոնի կնքահայրութեան պատիւը շնորհեց հայոց Տրդատ արքային, որ ստանձնեց հայութեան համար պատրաստուած հրաշազարդ իւղի պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը:
Հայ Եկեղեցւոյ որոշ արարողակարգեր, ինչպէս՝ Ջրօրհնէքն է կամ Միւռոնօրհնէքը, ունին իրենց «կնքահայրերը»: Ջրօրհնէքի կնքահայրը կ՚անուանեն «Խաչի կնքահայր» , իսկ Միւռոնօրնէքի կնքահայրը՝ «Միւռոնի կնքահայր»: Վերջին շրջանին այս երկու արարողութիւններու կնքահայրերը եկեղեցանուէր աշխարհականներ են՝ ի նշան հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքներուն: Կնքահայրը ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը Միւռոնօրհնէքի ընթացքին: Միւռոնօրհնէքի թափօրին մէջ՝ անմիջապէս Հայրապետին առջեւը, ծիսական մետաքսէ շապիկով, կը քալէ կնքահայրը, որ սովորաբար բարձրանալով բեմ, կ՚օգնէ բանալու կաթսան:
Միւռոնի կնքահայրը կը ներկայացնէ համայն հայութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է՝ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ի տարբերութիւն Միւռոնօրհնէքի, տեղի կ՚ունենայ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր եկեղեցի ունի Խաչի իր կնքահայրը: Խաչի կնքահայր կ՚ընտրուին եկեղեցական համայնքի ամենատարբեր խաւի մարդիկ, որոնք տարուան ընթացքին իրենց մասնաւոր զօրակցութիւնը կը բերեն տուեալ եկեղեցւոյ առաքելութեան, կ՚աջակցին հոգեւոր հովիւին՝ կեանքի կոչելու անոր կողմէ նախաձեռնուած եկեղեցաշէն ծրագիրները:
Միւռոնի կնքահայրը կ՚ընտրուի՝ հաշուի առնելով ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ անոր ունեցած աւանդը: Կնքահայրութիւնը նաեւ եկեղեցւոյ գնահատանքն է ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս տուեալ անձի ունեցած կարեւոր աւանդին եւ վաստակին:
2015 թուականի Միւռոնի կնքահայր ընտրուած է Մայր Աթոռի բարերար գանատահայ Հայկ Թիթիզեան:
Ի դէպ, 2015 թուականին նախորդող երկու Միւռոնօրհնէքի կնքահայր եղած են 2001 թուականին արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էրնէքեան 2008 թուակա-նին եւ ամերիկահայ բարերար Սարգիս Պետեւեան:
Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, ձեռամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնած 21-րդ դարու երրորդ Միւռոնը, որ միաժամանակ Անկախ Հայաստանի չորրորդ Միւռոնն է: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Միւռոնի կաթսային մէջ հեղեց ծաղկանց նիւթը եւ բալասանը, որմէ ետք ձեռամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կաթսային մէջ լեցուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մէջ օրհնուած նոր Միւռոնը, որ Վեհափառ Հայրապետին մատուցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Շահան Արք. Սարգիսեան:
Այսպէսով, պատրաստ է Անկախ Հայաստանի չորրորդ Միւռոնը, որ կոչուեցաւ Յաղթութեան Միւռոն, եւ որ վստահաբար, սէր, յոյս, հաւատ եւ յաղթանակներ պիտի շնորհէ մեր ժողովուրդին...
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024