ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԲԱՐԿՈՒԹԵՆԷ
Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի բարեկամներ, բարկութեամբ օգուտ մը ապահովող մարդ կա՞յ աշխարհի վրայ։ Եղա՞ծ է որ բարկանալով դատ մը շահող մարդ գտնուի մեր շուրջը։ Թերեւս բարկութեան պատճառով արդար դատը անգամ կորսնցուցած, անիրաւ վիճակի մատնուած շա՜տ իրաւացի մարդիկ եղած են՝ որոնք զոհուած են իրենց բարկութեան պատճառով։ Արդարեւ զայրացկոտ, բարկացող մարդիկ միշտ կորսըն-ցուցած են եւ զրկուած՝ ամէն բարիքէ, նոյնիսկ իրենց արդար իրաւունքէն։
Բարկութիւն, ցասում կամ զայրոյթ, բնական զգացում մը, հակազդեցութիւն մը կարելի է ընդունիլ, երբ ան իր չափին ու սահմանին մէջ է։ Բայց ընդհանրապէս մարդ իր բարկութեան չափը չի կրնար որոշել՝ չափը եւ սահմանը կ՚անցնի եւ վնասակար, անբնական բնոյթ մը կը ստանայ անիկա։ Ուստի մարդ պէտք է անտարբերութիւն-բարկութիւն եւ բարկութեան չափազանցութիւնը զատէ իրարմէ՝ չափը եւ սահմանը լա՛ւ որոշէ անոնց։ Անիրաւութեան մը հանդէպ հակազդեցութիւն ցոյց տալ՝ դիրք որոշել բնական է եւ անհրաժեշտ։ Եւ եթէ մարդ այդ հակազդեցութիւնը ցոյց չտայ, ապա ուրեմն անիկա անտարբերութեան մոլութեան մէջ պէտք է նկատել, ի՛նչ որ վնաս կը պատճառէ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն եւ կը փոխէ կեանքին բնականոն ընթացքը։ Մարդ՝ որպէս բանաւոր էակ եւ արժանապատուութեան տէր, պէտք է հակազդէ ամէն անիրաւութեան, բայց չափ ու սահմանին մէջ։
Եւ ինչպէս ըսինք, անտարբերութիւնը մոլութիւն մըն է եւ վնաս կը պատճառէ մարդուն՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքական կեանքի մէջ։
«Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանի որ բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի» (ԺՈՂՈՎ. Է 9)։ «Բայց ես ձեզի կ՚ըսեմ.- Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, վշտանայ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը յիմար կ՚ըսէ՝ ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը անմիտ կ՚ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։ «Սիրելինե՜ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասնզի գրուած է.- Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ, կ՚ըսէ Տէրը։ Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր, քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 19-21)։ Բարկութեան պատճառած վնասը շա՜տ աւելի է քան բարկութեան պահուն, ենթակային զգացած գոհացումը։
Առաքեալին պատուէրը՝ թէ մարդ պէտք չէ՛ յաղթուի չարէն, այլ բարիով պէ՛տք է յաղթէ չարին. կարծեմ, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ շատ մը անհամաձայնութիւններու, թշնամութիւններու վե՛րջ տալու լաւագոյն միջոցն է։ Եւ որքան «լաւագոյն», այնքան ալ՝ դժուարագոյն…։
Պահ մը խորհեցէք, միասին խորհինք, խորհրդածենք։ Չարին բարիով փոխարինել, չարին բարիով յաղթել… մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, բնական պայմաններու տակ՝ ո՜րքան դժուար է։
Անկեղծ ըլլանք սիրելինե՜ր եւ քաջութիւնը ունենանք մեր սա պահուս խորհածները արտայայտելու՝ քանի՞ հոգի չ՚ըսեր.- Ինչո՞ւ ինծի չարիք ընողին բարիք ընեմ, ե՛ս ալ անոր չարութեան չարութեամբ պէտք է փոխադարձեմ։ Մարդկային բնութիւնը այս է, դժբախտաբար, չարին բարիքով փոխադարձելու գաղափարը խորթ եւ օտար, անսովոր կը թուի իրեն։
Առաքեալը դարձեալ կ՚ըսէ. «Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ…» (ԳԱՂԱՏ. Ե 19-21)։
Արդարեւ կիրքը՝ որ մարմնին գործն է, կը գրգռէ բարկութիւնը։ Այն որ տէ՛րն է իր զգացումներուն, կիրքին, եւ բանականութեամբ կը շարժի՝ գերին չ՚ըլլար բարկութեան եւ կը շահի իր արդար դատը։
Առածը կ՚ըսէ. «Բարկութիւնը կու գայ եւ կը կարմրի աչքը, բարկութիւնը կ՚անցնի՝ կը կարմրի երեսը»։ Անշուշտ այն մարդուն համար, որ կ՚անդրադառնայ իր սխալին եւ կը զղջայ ըրածին…։
Եւ դարձեալ, ժողովրդական իմաստալից խօսքերէն է. «Այն որ բարկութեամբ կու գայ, վնասով կը վերադառնայ»։ Եւ բարկութիւնը ամենամեծ վնասը կը պատճառէ ենթակային՝ բարկացոտ մարդուն՝ նուազագոյն անոր առողջութեան։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, բայց անարգանքը ծածկողը խելացի՛ է» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 16)։ Անխոհեմ մարդը շուտ կը բարկանայ, առանց մտածելու անոր հետեւանքը։ Մինչդեռ զգացումները բանականութեամբ սանձահարող մարդը՝ զո՛ւսպ մարդ է՝ չափաւոր եւ ողջամիտ մա՛րդ։ «Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ, բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 15)։ «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ՚ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չա՛ր կ՚ըլլայ» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 20)։ Բարկութիւնը անխոհեմներուն սովորական ընթացքն է՝ բնութիւնը որմէ հեռու մնալ կարելի չէ անոնց համար, քանի որ անոնք նկարագրով տկար են։ Մոլութեան մը հետամուտ ըլլալ տկարութիւն չէ՞, մանաւանդ երբ մարդ կ՚անդրադառնայ անոր վնասակար հետեւանքներուն…։
Եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց չէ՞ տուած բարկացոտներուն, թէ բարկութիւնը վնասակար է, մոլութի՛ւն մըն է։ Կարծեմ, ամէն մեղքի պէս, բարկութիւնն ալ կարծեցեալ, գրաւիչ, առինքնող քաղցրութիւն մը ունի, որմէ կը տարուին տկար բնաւորութեան տէր մարդիկ՝ բարկութեան «զո՛հ»եր…։
«Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծա՛նր է» (ԱՌԱԿ. ԻԷ 4)։
Բարկութիւնը իր հետ ունի բազմաթիւ չարութիւններ, որոնք կը ծանրանան մարդուս կեանքին վրայ եւ անտանելի կ՚ընեն զայն։ Զոր օրինակ, «չարախօսութիւն» եւ «հայհոյութիւն», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն» (ԿՈՂՈՍ. Գ 8)։ Նաեւ՝ հպարտութիւնը. «Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, որ հպարտ ու յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի» (ԱՌԱԿ. ԻԱ 24)։ Ուրեմն կ՚երեւի, թէ հպարտութիւն ու բարկութիւն՝ երկունքն ալ մահացու մե՛ղք, համընթաց են, եւ բազմաթիւ չարութիւններու առիթ կ՚ընծայեն։ Եւ նաեւ՝ կռիւ եւ հակառակութիւն. «Աղէ՛կ է անապատը բնակիլ, քան թէ կռուազան ու բարկացոտ կնոջ հետ» (ԱՌԱԿ. ԻԱ 19)։ «Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ» (ԱՌԱԿ. ԻԹ 22)։ «Վասնզի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի (=անարատ՝ զուտ կարագ) կ՚ելլէ, եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ՚ելլէ, նո՛յնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ՚ելլէ» (ԱՌԱԿ. Լ 33)։ Եւ բարկութիւնը անգթութիւն կ՚ենթադրէ. «Բարկութիւնը անողորմ է եւ սրտմտութիւնը՝ խի՛ստ. բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (ԱՌԱԿ. ԻԷ 4)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7, 2015, Իսթանպուլ