Երեքշաբթի 13, Մայիս 2025
ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Մայրերու օրը նշուեցաւ՝ թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած անմիջական հաւաքոյթով մը։ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։ Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Լենա Էնկին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց Մայրերու օրուան առթիւ։ Ժպիտ Փորթագալեան ծափահարութիւններու արժանացաւ իր արտասանութեամբ։ Թաղային խորհուրդը արձակման փուլին ծաղիկներ նուիրեց՝ հաւաքոյթի մասնակից իգական սեռի մասնակիցներուն։
Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025