ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ազգային մեծ ժողովէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Իսթանպուլի երեսփոխան փրոֆ. Ճիւնէյթ Եիւքսէլի, որ նախագահն է Արդարադատութեան յանձնաժողովի։ Պատրիարքարան այցելած միւս պատգամաւորներն էին՝ փրոֆ. Էրօլ Քելէշ (Էլազըղ), Զեքի Քորքութաթա (Պինկէօլ), Ֆերհատ Նասըրօղլու (Պաթման), տոց. Ռեսուլ Քուրթ (Ատըեաման), ինչպէս նաեւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու (Իսթանպուլ)։ Խորհրդարանականները փափաքած էին Պատրիարքարան այցելել՝ Նորին Ամենապատուութեան հետ ծանօթանալու եւ Աթոռի գործունէութեան շուրջ առաջին իսկ աղբիւրէն տեղեկութիւններ քաղելու համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց երեսփոխանները եւ գոհունակութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան անցեալին, առաքելութեան եւ գործունէութեան։ Ան կանգ առաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին վրայ։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Աթոռը այս համայնապատկերին վրայ թէեւ առանցքային տեղ մը կը զբաղեցնէ, սակայն, տասնամեակներէ ի վեր զուրկ է պաշտօնական կարգավիճակէ, որովհետեւ դադրած է իրաւաբանական անձ ըլլալէ։

Երեսփոխանները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ հիւրընկալութեան եւ իրենց փոխանցուած մանրամասն տեղեկութիւններուն համար։

Պատրիարքարանի այս հանդիպման հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային աշխարհական վարիչներ. օրինակ՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ այլն։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025