ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լիբանանը կ՚ապրի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութեանց հետաքրքրական օրեր։ Մինչ հերթաբար տեղի ունեցան ու կ՚ունենան Լեռնալիբանանի, երկրի հիւսիսային հատուածներու, Պէյրութի, Պեքաայի դաշտի եւ Հարաւային Լիբանանի ընտրութիւնները։ Ի հարկէ, այս ընտրութիւնները քաղաքական չեն. անոնք կը կազմակերպուին, ընթացք կ՚առնեն ու տեղի կ՚ունենան՝ նպատակ ունենալով բարեկարգել երկրի վարչական ներուժը ու նոր թափ հաղորդել Լիբանանի հասարակութեան։

Բնորոշիչ է, անշուշտ, որ իւրաքանչիւր երկրի պարագային ՏԻՄ ընտրութիւններուն մէջ ակնյայտօրէն ներդրուած կ՚ըլլան ընտանեկան-բարեկամական կապերը եւ իւրաքանչիւր աւան, գաւառակ կամ գիւղ կը նախընտրէ շարժիլ, առաջ մղուիլ՝ հաշուի առնելով այդ մանր նրբութիւնները, որոնք, սակայն, ունին խորքային կապեր ու կապուածութիւններ։ Լիբանանի պարագային այս բոլորը կան, բայց եւ այնպէս, այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել համայնքային դրութեան գործօնը, որ կը խաղայ հիմնական դեր։ 

Երկրի բոլոր հատուածներուն մէջ համայնքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ուժեղ կողմերը, ներկայութիւնը եւ ներուժը։ Օրինակ, երբ կը խօսուի Լիբանանի Հարաւային շրջաններուն մասին, հարկ է հաշուի նստիլ շիի համայնքին հետ, որ այդ շրջաններուն մէջ կը կազմէ ջախջախիչ մեծամասնութիւն։ Նոյն տեսակէտէ հետաքրքրական պատկեր մը կը ծագի, երբ հաշուի կ՚առնուի Լեռնալիբանանը, ուր անոր կենսական կարեւորութեամբ շրջաններուն մէջ գերակշռող կը համարուին՝ մարոնի, յոյն ուղղափառ եւ տիւրզի համայնքները։ Շրջանային բաժանում մըն ալ գոյութիւն ունի, անշուշտ, այս առումով եւ այդ համայնքային բաժանումը աւելի ցցուն դարձաւ Լիբանանը արիւնլուայ դարձուցած քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքները տարբեր առումներով ցարդ երեւելի են բոլորին համար։

Նոյն հատուածական կամ աւելի ճիշդը համայնքային բաժանումը երեւելի է Լիբանանի հիւսիսը, ուր մեծ համայնապատկերի մը վրայ երեւելի է ուժն ու գերակայութիւնը սիւննի բաղկացուցիչին, որ նոյնպէս իր ստուերը կը տարածէ Պեքաայի պարագային, ուր այս անգամ կարգ մը շրջաններու մէջ իրենց ներկայութիւնը ազդեցիկ կը դարձնեն երկրի շիիները։ Բոլորովին այլ է Պէյրութի պարագան, ուր մինչեւ վերջերս կը պահպանուէր ներքին համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ ալ մայրաքաղաքի քաղաքապետութիւնը բաժնուած պէտք է ըլլար հաւասարապէս քրիստոնայ եւ իսլամ ներկայացուցիչներու միջեւ։

Եւ այսօր մայրաքաղաք Պէյրութն է, որ կը համարուի ամենէն խնդրայարոյց շրջանը, որովհետեւ մինչեւ այս պահը չկայ, երեւելի չէ քաղաքական առաջնորդ մը, որ կարողանայ բոլորին համոզել (մա՛նաւանդ հաւասարութեան սկզբունքին չհաւատացող կողմերուն), որ Պէյրութին եւ առաւելապէս Լիբանանին համար էականը, կարեւորը ո՛չ թէ թուային բացայայտ առաւելութամբ համայնքին յաղթանակն է, այլ խորքային միասնութեան գաղափարը, որ դրական օրինակ պէտք է ծառայէ ամբողջ Լիբանանին համար։

Հայերը եւս ունին իրենց արդար բաժինը այս ընտրութիւններէն ու այդ առումով Լիբանանի հայկական համայնքը հիմնուելով իր թուային ներկայութեան վրայ՝ տիրացած է ու կը պահէ երկու քաղաքապետարաններ։ Առաջինը՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնն է (քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ), իսկ երկրորդը՝ Այնճար հայաւանի քաղաքապետարանն է, որուն քաղաքապետը մինչեւ այս փուլը Վարդգէս Խօշեանն է։

Պուրճ Համուտ հայկական աւանի կապակցութեամբ հետաքրքրականը այն է, որ այնտեղ հայերը չունին մրցակից կողմ, իբր այդ ալ անցեալ կիրակի օր Պուրճ Համուտի մէջ տեղի չունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ, այլ միայն կատարուեցան թաղապետական ընտրութիւններ եւ բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ ալ առաջադրուած հայերը արձանագրեցին համոզիչ յաղթանակ։

Այս բոլորէն անդին, հարկ է նշել, որ Լիբանանի ՏԻՄ ընտրութիւնները եթէ նոյնիսկ վարչական սրբագրման եւ բարեկարգման միտում ունին, ապա նաեւ ունին քաղաքական տեսախորք եւ անոնք կը ծաւալին, կ՚առաջնորդուին եւ նոր էջ մը բանալով պիտի աւարտին բոլորին յիշեցնելով, որ Լիբանան թեւակոխած է բոլորովին նոր փուլ մը. այդ մէկը խորագրուած է որպէս երկրի վերակառուցման եւ վերականգնման յուսալի փուլ։

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԹՆՃՈՒԿԸ 

Լիբանանի մէջ ներքին համաձայնութեան մը սկզբունքը կը համարուի դրական աւանդ մը։ Այսօր այդ դրուածքը կ՚անցնի կարեւոր քննութենէ, որովհետեւ Պէյրութի մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն սիւննի համայնքի անդամները, որոնք շատ ալ խանդավառ չեն հաւասարութեան հիմունքով կայացած համաձայնութիւններով։ Անոնք կը զգան, որ անարդարուած են ու այդ մէկը հունէ դուրս կրնայ հանել՝ Պէյրութի մէջ որպէս կանոն ընկալուած հաւասարութեան հիմունք-սկզբունքը։ Ասոր վրայ կու գայ աւելնալ նաեւ սիւննի գլխաւոր առաջնորդ-ղեկավարի մը բացակայութեան հանգամանքը, որ բոլոր առումներով կ՚ազդէ Լիբանանի ներքին քաղաքական-ընտրական տեղաշարժերուն վրայ։

ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ «ՊԱՏԺՈՒԱ՞Ծ»

Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի քաղաքական աւանդը շարունակելու կոչուած Սաատ Հարիրիի անունը անցնող օրերուն դարձեալ շրջանառութեան մէջ էր։ Այդ շրջանառութիւնը կապ ունէր ո՛չ միայն Լիբանանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով, այլ աւելի լայն պարունակով դիտուած Սաատ Հարիրիի քաղաքական ճակատագրին հետ։ 

Հարիրի, որ իր հօր նահատակութենէն ասդին (2005) կարողացաւ մեծ ինքնավստահութիւն դրսեւորել եւ մտնել Լիբանանի այնքան բարդ եւ լայն քաղաքական դռնէն ներս, այսօր յայտնուած է բարդ իրավիճակի մը առջեւ։

Ճիշդ է, որ անոր հօր անունով երդուող հանրութիւնը կը շարունակէ անշեղ մնալ Ռաֆիք Հարիրիի հիմնած նէօսիւննիական գիծէն, բայց եւ այնպէս, յայտնի է, որ Լիբանանի նման երկրի մը պարագային անհնար է, որ հասարակութիւնը՝ յատկապէս քաղաքական գիծ մը որդեգրած հասարակութիւնը մնայ առանց գլուխի կամ առանց առաջնորդի։

Այս բոլորէն անդին յստակ է, անշուշտ, որ Սաատ Հարիրի լուրջ խնդիրներ ունի Սէուտական թագաւորութեան վերին իշխանութեան եւ յատկապէս գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանին հետ։

Մինչ այդ, պէտք է յիշել Հարիրիի հետ կատարուածը. «Ռիթց» պանդոկի դէպքերը (2019), անոր կալանքի տակ առնուիլը, ապա Փարիզ մեկնիլն ու հրաժարականը։ 

Հարիրի այն ժամանակ Լիբանանի վարչապետն էր, ունէր լայն հնարաւորութիւններ, նաեւ շրջանային առումով ալ կը համարուէր արդար եւ իրաւ փոխանորդը իր հօր՝ Ռաֆիք Հարիրիի։

Հակառակ Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցած ծանրակշիռ դէպքերուն՝ Սուրիոյ ուժերու հեռացումին, ապա «Հիզպուլլահ»ի կողմէ իրականացուած 7 մայիսի (2008) տխրահռչակ իրադարձութիւններուն՝ Հարիրին կարողացաւ լեզու գտնել բոլորին հետ։

Ան նոյնիսկ Դամասկոս այցելեց ու հանդիպում ունեցաւ իր հօրը սպանութեան գործին մէջ, ինչ-որ առումներով կապ ունեցող Սուրիոյ նախկին նախագահ Պեշար Էսատին հետ, բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը չօգնեցին, որ Հարիրի ճիշդ հասկնայ «Սէուտեան խաղ»ը, նաեւ այդ երկրին մէջ պատրաստուած ու ապա ձախողութեան մատնուած պետական հարուածին մասին չպատմէ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանին։ 

Ու այս բոլորէն ետք պահ մը ճիշդ պէտք է դիտարկել Սելմանի այսօրուայ ուժն ու ներկայութիւնը ու անոր նժարին դնել Սաատ Հարիրիի անունը։

Հետեւանքը շատ ծանր է այդ բոլորին եւ Սէուտական Արաբիոյ իրական կեցուածքին «պտուղներ»ը տակաւին երկար ժամանակով պիտի ճաշակէ նոյնինքն Սաատ Հարիրին։

Ճիշդ է, որ ան վերջերս ալ, ինչպէս ամէն տարի, Պէյրութ կը ժամանէր (ըստ տեղեկութեանց՝ Սաատ Հարիրի ներկայիս կայք հաստատած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ) իր հօր յիշատակի օրուան առթիւ, բայց, հաւանաբար կան մեծ արգելքներ, որպէսզի ան դարձեալ վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։

Յարգելով խաղի կանոնները՝ Հարիրի իր հասարակութեան եւ գաղափարակիցներուն բացատրած է բուն պատճառները քաղաքական ընդհանուր խաղէն բացակայելու կապակցութեամբ, բայց եւ այնպէս, այդ բացակայութիւնը կրնայ շատ սուղ նստիլ սիւննի համայնքին համար։

Այս առումով է նաեւ, որ Լիբանանի սիւննիները այսօր կը համարուին անգլուխ, մինչեւ որ Սաատ Հարիրին ներում ստանայ, կամ ալ յայտնուի սիւննիներու նոր առաջնորդ մը, որ պէտք է վայելէ թագաւորութեան բարձր հովանին եւ վստահութիւնը։

Ուշացած է Հարիրի իր քայլերուն մէջ ու անոր մեծագոյն մեղքը ո՛չ թէ սէուտեան կլիման չհասկնալն է, այլ բացի գործած սխալները ընդունելէ, քայլ մը ընդառաջ չերթալը։ Ու այդ քայլը պէտք է ըլլար ու պէտք է ըլլայ գահաժառանգ Սելմանին դիմաց։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025