Տ. ԱՆԱՆԻԱ ՎՐԴ. ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԼՈՒՍԱՐԱՐԱՊԵՏ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս երէկ տեղի ունեցան անձնակազմի կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ նշանակուեցաւ Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան։ Այս վերջինը քանի մը տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Նոր նշանակման զուգահեռ՝ Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեանի Արեւմտեան թեմէ ներս հոգեւոր ծառայութիւնը դադրեցուած է եւ ան վերադարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Մինչ այդ, վերջին տարիներուն՝ որպէս լուսարարապետի պաշտօնակատար գործունէութիւն ծաւալած Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանն ալ նշանակուեցաւ Հայորդեաց տուներու տեսուչ։

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025