«ԾԱՂԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԵՒԵԼԻՑ ԱՇԽԱՐՀԻ» ԵՐԿԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՄԵՆԱԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՐԿԸ՝ ՍՏԵՂԾՈՒՄԷՆ ԵՕԹԸ ԴԱՐ ՅԵՏՈՅ
Մեր սեղաններուն է բացառիկ գիրք մը՝ Կիլիկեան Հայաստանի նշանաւոր իշխան եւ պատմիչ Հեթում Կոռիկոսցիի «Ծաղիկ պատմութեանց Արեւելից աշխարհի» երկը։
Զայն լոյս տեսած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանէն եւ «Մատենադարանի բարեկամներ» բարեսիրական հիմնադրամի հերթական հրատարակչութիւնն է։ Այս հիմնադրամի եւ բարերարներու համատեղ ջանքով վերջին շրջանին Մաշտոցեան մատենադարանը հրատարակած է կարգ մը արժէքաւոր գիրքեր, ինչպէս նաեւ կատարած է այլ ձեռնարկներ։
Հեթում Կոռիկոսցին, որպէս Հռոմի Կղեմէս Ե․ Պապի քով մեկնած դեսպան, անոր յանձնարարութեամբ «Ծաղիկ պատմութեանց Արեւելից աշխարհի» երկը թելադրած է ֆրանսերէնով, որ գրի առած է Նիքոլաս Ֆալքոն, իսկ Հեթումը զայն ներկայացուցած է Պապին՝ 1307 թուականին։
Մատենադարանը, ծանուցելով պատմական այս երկի հայերէն ամենաամբողջական թարգմանութեան մասին, միաժամանակ կը նշէ, որ անոր մէջ կան Արեւելքի կարգ մը երկիրներու (Փոքր Ասիայէն մինչեւ Չինաստան) եւ մոնղոլական աշխարհակալութեան մասին բազմաթիւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ Խաչակրաց նոր արշաւանքի ծրագիր պարունակող այս երկը տակաւին միջնադարին թարգմանուած է եւրոպական բոլոր հիմնական լեզուներով, յետագային ունեցած է տասնեակ հրատարակութիւններ եւ իրաւամբ կը նկատուի Արեւելքի մասին միջնադարեան եւրոպական գրականութեան նշանաւոր գործերէն մէկը։
Գիրքին խմբագիրը նշանաւոր պատմաբան Կարէն Մաթէոսեանն է, իսկ թարգմանիչները՝ Լիանա Դալլաքեան եւ Սամուէլ Գրիգորեան։ Սամուէլ Գրիգորեան նաեւ կատարած է թարգմանութեան ծանօթագրութիւնները եւ հեղինակած՝ յառաջաբանը, որ ինքնին ուսումնասիրական խոշոր գործ մըն է։
Խմբագիր Կարէն Մաթէոսեան խմբագրականին մէջ կը նշէ, որ Հեթում Կոռիկոսցիի «Ծաղիկ պատմութեանց Արեւելից աշխարհի» երկը հայ միջնադարեան պատմագրութեան մէջ զուգահեռը չունեցող բացառիկ գործ մըն է, որ ինքնատիպ է թէ՛ իր բովանդակութեամբ ու բնոյթով, թէ՛ ստեղծման նպատակով ու հանգամանքներով, ինչպէս նաեւ յետագայ ճակատագրով ու տարածման ուղեծիրով։
Խմբագիրը վստահ է, որ երկը բովանդակութեամբ ու բնոյթով իր նմանը չունի նաեւ ա՛յն տեսակետէ, որ կը ներկայացնէ 14-րդ դարու սկիզբները ապրած հայ իշխանի մը ունեցած տեղեկութիւնները Արեւելեան աշխարհի տասնչորս երկիրներու ու ժողովուրդներու մասին ուշագրաւ մանրամասնութիւններով՝ Միջերկրական ծովու արեելեան աւազանէն մինչեւ Չինաստան։
Խմբագիր Կարէն Մաթէոսեանի համոզմամբ, այս երկը ստեղծման նպատակով ու հանգամանքներով թէկուզ մոտաւոր զուգահեռը չունի, քանի որ երբ անոր հեղինակը՝ Հեթում Կոռիկոսցին 1305 թուականին իշխանի իր կարգավիճակը փոխարինեց կաթոլիկ վանականի սքեմով, դառնալով Պրեմոնտրէ միաբանութեան անդամ՝ Կիպրոս գտնուող վանքին մէջ, հնարաւոր է, որ այդ ժամանակ արդէն նպատակ ունէր Հռոմի պապին ձեռքը հասցնելու նոր խաչակրութեան ծրագիր մը։
Երկու տարի անց, ան, որպէս իր բարեկամ, Կիպրոսի կառավարիչ Ամորի Լուզինեանի դեսպան, մեկնեցաւ պապին մօտ եւ իր պաշտօնական առաքելութիւնը յաջողութեամբ կատարելէ զատ, կարողացաւ նաեւ բաւարարել քահանայապետի ունեցած հետաքրքրութիւնը՝ Արեւելքի երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակի եւ նորայայտ աշխարհակալ մոնղոլներու նկատմամբ, որու արդիւնքին յանձնարարութիւն ստացաւ գրելու այդ գործը։
Եւ հրատարակիչները կը նկատեն, որ հակառակ այս բոլորին, Հեթում Կոռիկոսցիի սոյն երկը լատիներէնէ հայերէն (գրաբար) թարգմանուած ու հրատարակուած է բաւականին ուշ՝ 1842 թուականին՝ Մխիթարեան միաբան Մկրտիչ Աւգերեանի կողմէ՝ Վենետիկ, այն ալ՝ որոշ հատուածներու կրճատումով եւ գիրքի չորրորդ գլուխի ի սպառ անտեսմամբ։ Եւ պարզ կը դառնայ, որ ըստ էութեան, հայ հանրութիւնը (նաեւ գիտական) Հեթում Կոռիկոսցիի այս երկին ծանօթ եղած է հիմնականը այդ հրատարակութեամբ։ Կստ խմբագրին, թերեւս այդ է պատճառներէն մէկը, որ զայն ասկէ առաջ չէ գնահատուած ըստ արժանւոյն։
Այսպիսով, կը սորվինք, որ Հեթում Կոռիկոսցիի «Ծաղիկ պատմութեանց Արեւելից աշխարհի» գիտական աշխարհին մէջ լայնօրէն ճանչցուած երկը՝ ստեղծումէն շուրջ 700 տարի անց, վերջապէս ունեցած է հայերէն ամբողջական թարգմանութիւն եւ նաեւ՝ արժանի հրատարակութիւն։
ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Թարգմանիչ Սամուէլ Գրիգորեան երկի՝ իր հեղինակած յառաջաբանը խորագրած է «Գլուխ գործոցի վերադարձը» եւ մանրամասն ծանօթագրած երկը, ինչ որ կը վկայէ գիտակ թարգմանիչի պատմաբանասիրական բացառիկ գիտելիքներու մասին։ Ան երկի խորագրի սկզբնամասը՝ «Ծաղիկ պատմութեանց»ը, մեկնաբանած է իբրեւ «պատմութիւններու ծաղկաքաղ», որ իր մէջ կ՚արտացոլացնէ միջնադարեան գրաւոր մշակոյթին գանձերը, իբրեւ ծաղկանոց կամ ծաղկող ու բերքատու այգի՝ պատկերաւոր ընկալմամբ։ Այդ իսկ պատճառով թարգմանիչը կարճ կերպով այս երկը կը կոչէ «Ծաղկաքաղ»։
Ըստ Սամուէլ Գրիգորեանի, Հեթում Կոռիկոսցին իր այս աշխատութիւնը հասցէագրած է եւրոպացի ընթերցողին՝ արեւմտաեւրոպական աշխարհիկ վերնախաւին եւ հոգեւոր հայրերուն եւ, անշուշտ, առաջինը՝ պատուիրատու Հռոմի Կղեմէս Ե․ Պապին՝ վերջիններս դրդելու, որ օգնութիւն ցուցաբերեն Արեւելքի քրիստոնեաներուն, այդ կարգին՝ Կիլիկիայի հայոց թագաւորութեան։ Այդ իսկ պատճառով թարգմանիչը տրամաբանական կը նկատէ, որ «Ծաղկաքաղ»ը սկիզբը թելադրուած եւ գրի առնուած է ֆրանսերէն, որմէ անմիջապէս յետոյ թարգմանուած է լատիներէնի, որ միջնադարեան Եւրոպայի գիտութեան, գրականութեան եւ մշակութային հաղորդակցութեան լեզուն էր։
Ներկայացուող հրատարակութիւնը նպատակ ունի լրացնել ցայսօր եղած բացը եւ մեր մշակութային ժառանգութեան գանձարան վերադարձնել հայ միջնադարեան հեղինակի հանրայայտ գլուխ գործոցը։
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԵՒ ԵՐԿԸ
Հեթում Կոռիկոսցին Օշին պայլի (Օշին Ա․ Կոռիկոսցի) որդին էր, որուն եղբայրներն էին Հայոց թագաւոր Հեթում Ա․-ը (1226-1269) եւ Սմբատ սպարապետը։ Անոնք որդիներն էին Կոստանդին Մոզոնի, որ աւելի շատ ծանօթ է որպէս «Կոստանդին Թագաւորահայր»:
Վերջինս 1220-1230-ական թուականներուն թագաւորութեան փաստացի կառավարիչն էր եւ կը սերէր Հեթումեան տոհմի պապեռոնեան ճիւղէն։
Հեթում Կոռիկոսցիի ծննդեան տարեթիւը յայտնի չէ։ Կարգ մը տուեալներ ու հանգամանքներ հիմք կու տան ենթադրելու, որ անոր հայր Օշինը, որ տէրն էր Կոռիկոսի, Միտիզոնի, Մանիոնի, Կանչիի եւ Կիլիկիայի ու Իսաւրիայի զանազան մասերը գտնուող այլ ամրոցներու ու գաւառներու, ամենայն հաւանականութեամբ ծնած է մօտաւորապէս 1220 թուականին։ Ան հասակ առած է ընտանիքի մը մէջ, որ սերտ ազգակցական կապեր ունէր Հայոց թագաւորական տան հետ։
Հեթում Ա․ թագաւորը անոր հօրեղբայրն էր, իսկ Լեւոն Բ․-ը՝ զարմիկը։
Հեթում Կոռիկոսցիի մայրը հաւանաբար Խաչէնի իշխան Հասան Ջալալի դուստրն էր։ Նշենք նաեւ, որ Հեթում Կոռիկոսցին ամուսնացած էր իր մերձաւոր ազգականուհիի հետ (ինչպէս եւ Միջերկրածովեան Հայաստանի բարձր դասի շատ այլ ներկայացուցիչներ այդպէս ամուսնացած էին)։
Անոր կինը Զապէլն էր (Իզապէլ)՝ Պոպուէն դ՚Իպէլինի, Կիպրոսի թագաւորութեան սենեսջալի որդիի՝ Քիի եւ Հեթում Ա․-ի դստեր՝ Մարեմի աղջիկը։ Այս ծագումնաբանական կապերը ցոյց կու տան, որ Զապէլը ո՛չ միայն Հեթում Կոռիկոսցիի կինն էր, այլեւ անոր զարմուհիի (հօրեղբօր աղջկան) դուստրը, իսկ Հեթում Ա․-ը միաժամանակ անոր թէ՛ հօրեղբայրն էր եւ թէ կնոջ մեծ հայրը։
Այսպիսով, Հեթում Կոռիկոսցիի կինը եւ զաւակները ծագումով մասամբ ֆրանկ էին։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ 13-րդ դարակէսին Միջերկրածովեան Հայաստանի բարձր դասի մեծ մասը ունէր հայ-ֆրանկեան խառն ծագում։ Այդ շրջանին թագաւորութեան գրեթէ բոլոր իշխաններու անմիջական նախնիներուն մէջ եթէ նոյնիսկ չկային ֆրանկներ, ապա անոնք առնուազն ունէին ֆրանկ ազգականներ։
Այնպէս որ, այն հանգամանքը, որ Հեթում Կոռիկոսցին կը տիրապետէր ֆրանսերէնին եւ այդ լեզուով թելադրած է Նիքոլաս Ֆալքօ տը Տուլին՝ իր մեծ աշխատութիւնը, պէտք չէ զարմանալի ըլլայ։
Ամենայն հաւանականութեամբ ան, ինչպէս եւ հայ բարձրաշխարհիկ դասի շատ այլ ներկայացուցիչներ, մանուկ հասակէն տիրապետած են առնուազն երկու խօսակցական լեզուի։ Շատ հաւանական է, որ ան լաւ գիտցած է նաեւ ուրիշ լեզուներ։
․․․Երիտասարդ Հեթում Կոռիկոսցին տեսած է Կիլիկիայի եւ Իսաւրիայի Հայոց թագաւորութիւնը անոր հզօրութեան երկրորդ բարձրակէտին (մինչեւ 1266 թուականի օգոստոսի վերջ)։ Այնուհետեւ զայն սկսած է աստիճանաբար տկարանալ մամլուքներու արշաւանքներու պատճառով, սակայն, տակաւին բաւականաչափ ուժեղ էր իր տարածքն ու աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար, շնորհիւ իր եւրոպացի դաշնակիցներու եւ մոնղոլներու։ Այս շրջանին ալ Հեթում Կոռիկոսցին մտած է պետական եւ ռազմաքաղաքական վերնախաւի նեղ շրջանակին մեջ։
Մինչեւ 1290-1300-ական թուականները Հեթում Կոռիկոսցիի կեանքի եւ գործունէութեան մասին տեղեկութիւնները խիստ սուղ են։ Հեթում Կոռիկոսցիի «Պատմութիւն Խրոնիկոնին» եւ Սմբատ սպարապետին վերագրուող տարեգրութիւններու համաձայն՝ անոր հայրը՝ Օշինը, վախճանած է 1265 թուականի դեկտեմբերի 26-ին՝ Տարսոն եւ թաղուած Հայոց թագաւորութեան մէկ այլ մայրաքաղաքը՝ Սիս։
․․․«Ծաղկաքաղ» ը պէտք է դիտարկել որպէս թէեւ ժամանակի համար յառաջադէմ, բայց նաեւ միջնադարեան մարդու երկ, որ աշխարհը տեսած է սեփական երեւակայութեան եւ աշխարհակարգի մասին իր իսկ պատկերացումներուն միջով։ Ձեւի առումով անոնք կրնան չհամապատասխանել ոչ միայն անոր դարաշրջանի իրողութիւններու մասին մեր պատկերացումներուն, այլեւ այն բանին, ինչ որ ինք՝ Հեթում Կոռիկոսցին լաւ գիտէր։
Օրինակ, «Ծաղկաքաղ»ի առաջին մասի Արեւելքի տասնչորս թագաւորութիւններու ներկայացումը չի ներկայացներ 14-րդ դարու աշխարհի իրական աշխարհաքաղաքական քարտէսը։ Մասնաւորապէս, անոր մէջ կան «թագաւորութիւններ», որոնք երբեք գոյութիւն չեն ունեցած, կամ թագաւորութիւններ, որոնք վաղուց անհետացած են։ Բայց Հեթում Կոռիկոսցիի համար ատոնք, այնուամենայնիւ, կազմած են անանցողիկ իրականութիւն, աշխարհի անփոփոխ պատկերին մէկ մասը, ուր կրնան փոխուիլ միայն տիրապետող ժողովուրդներն ու տիրակալները, բայց ոչ այն, ինչ որ, թէկուզ աւանդաբար, մէկ անգամ եւ ընդմիշտ սահմանուած է թագաւորութիւն ըլլալու․․․
(Հատուածներ Սամուէլ Գրիգորեանի յառաջաբանէն)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան