ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Առակացի հետեւեալ համարը. «Ան որ ուղիղները չար ճամբու կ՚առաջնորդէ, իր փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ. սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն» (Առ 28.10):
Պատասխան. Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Ուրիշ համար փոս փորողը, ինք կ՚իյնայ իր փորած փոսին մէջ»: Առակացի վերոնշեալ համարը կարելի է այս առածին նախամայրը համարել, որովհետեւ յստակ կերպով կը խօսի նոյն իրողութեան մասին: Ան մարդը, որ իր նմանին համար վատութիւն կը խորհի, այդ վատութիւնը այսպէս կամ այնպէս իրեն կը հանդիպի: Աւելին, ան մարդը, որ ուղիղ ընթացքի մէջ եղողները կը մոլորեցնէ, առանց հատուցումի չի՛ մնար, եւ անպայմանօրէն կը ստանայ իր պատիժը, եւ շատ յաճախ այդ պատիժը իր փորած փոսին մէջ իյնալն է:
Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին կը գրէ, թէ «ուղիղները մոլորեցնելը կամ գայթակղեցնելը զանոնք սատանային եւ անոր արբանեակներուն գործն է, եւ ով որ այսպիսի գործ կը գործէ՝ ապա սատանային դեսպանն է եւ իր գործը շատ ատելի է Աստուծոյ մօտ»:
Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ Բաղաամի խորհուրդով հրեայ ժողովուրդը մեղքի կ՚առաջնորդուի: Թուոցին մէջ կը կարդանք. «Ահա Բաղաամին խրատովը ատոնց պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տիրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ եւ Տիրոջ ժողովուրդին վրայ այն հարուածը եկաւ» (Թւ 31.16): Այս մասին նաեւ կը կարդանք Յովհաննէսի Յայտնութեան մէջ, ուր Տէրը խօսելով Պերգամոնի եկեղեցիին, կ՚ըսէ. «Բայց քեզի դէմ կարգ մը դժգոհութիւններ ունիմ: Քու շարքերուդ մէջ ունիս Բաղաամի վարդապետութեան հետեւորդներ. այն Բաղաամին, որ Բալակի սորվեցուց՝ Իսրայէլի որդիները մեղքի մղել, որպէսզի անոնք կուռքերու զոհուած միս ուտեն եւ պոռնկութիւն ընեն» (Յյտ 2.14):
Այսօր, երիտասարդները յաճախ տեսնելով, որ իրենց ընկերներէն մէկը քիչ մը տարբեր է իրենցմէ, հեռու է կեր ու խումի հաւաքներէն, որ յաճախակի կը կազմակերպուին, չի՛ ծխեր, չի՛ խմեր, աղջիկներու ետեւէ չի՛ վազեր, կը սկսին այպանել զինք, ծաղրել՝ ըսելով, թէ այդ քու ապրած կեանքդ ալ կեա՞նք է, որո՞ւ մնացած է, որ քեզի մնայ, եկուր եւ մեզի հետ կեանքը վայելէ: Որոշ երիտասարդներ, ամուր հիմքերու վրայ աճած ըլլալով եւ իրենց ատաղձը մաքուր եւ ամուր ըլլալով, կուլ չեն երթար յորձանուտին, բայց անդին ուրիշներ, տկարանալով եւ աշխարհի հաճոյքները՝ որոնք իրենց ընկերներուն կողմէ վարդագոյն կը ներկայացուին իրենց, կը քաշեն զիրենք այդ յորձանուտին մէջ, ուրկէ դուրս գալը շատ յաճախ դժուար կ՚ըլլայ:
Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ. «Ամէն ինչ քնքշութեամբ եւ կանոնաւոր ըրէ, շինութեան համար: Պէտք է ընտրես անձը, ժամանակը, կարիքն ու վայրը ըստ պատշաճի, եւ հաստատակամ ըլլաս այդ բանին մէջ: Արդարեւ, եթէ նկատի առնես այս բոլոր մանրամասնութիւնները, ապա կը խուսափիս չար ազդեցութեան ամէն տեսակի ստուերէ». եւ. «Ո՛չ մէկ ձեւով մի՛ գայթակղեցներ զանոնք, որոնց կը հանդիպիս: Ժպտադէմ եղիր անոնց՝ որոնց կը հանդիպիս: Ժպտադէմ եղիր, եղբայրները սիրող, ազնիւ եւ խոնարհ: Առատաձեռնութեան նպատակը մի՛ այլափոխեր ու մի՛ վատաբաներ, չափէն աւելի ուտելիք ուզելով»:
Մարդը, արդարեւ, զգոյշ պէտք է ըլլայ եւ իր նմաններուն գայթակղութիւն չպատճառելէ ո՛չ մէկ ձեւով: Գայթակղեցնելէ հեռու պէտք է մնայ մարդ, եթէ չուզէր, որ սատանային դեսպան եւ գործակից ըլլայ:
Տակաւին, մենք պարտաւոր ենք մեր նմաններու բարութեան եւ բարօրութեան համար աշխատիլ եւ ո՛չ թէ հակառակը: Պետրոս Շանշեանցը մեր նմաններուն նկատմամբ մեր բարութիւն ընելը չորս կէտի կը բաժնէ, գրելով.
* Մենք պարտաւոր ենք աշխատելու մեր ընկերներու սրբութեան եւ փրկութեան համար եւ այս մէկը կրնանք ընել.
ա) Ուսուցանելով անոնց պարտաւորութիւնները եւ պէտք եղած ժամանակ հաւատքի ճշմարտութիւնները, խրատելով, որ Սուրբ Գիրք կարդան՝ մեր անձը օրինակ տալով. «Հոգածու ըլլանք իրարու հանդէպ, սիրոյ եւ բարի գործերու մղելով իրար» (Եբր 10.24). «Հետեւաբար՝ քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք, ինչպէս արդէն կ՚ընէք» (Ա.Թս 5.11):
բ) Խրատելով եւ յանդիմանելով քաղցրութեամբ՝ երբ կը մեղանչեն. այս մէկը եղբայրական խրատ կ՚անուանուի. «Կը խնդրենք, եղբայրներ, խրատեցէ՛ք անկարգութեամբ ապրողները, յուսադրեցէ՛ք վհատածները, պաշտպան եղէք տկարներուն, համբերատար եղէք բոլորին հանդէպ» (Ա.Թս 5.14). «Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ» (Յկ 5.19-20). «Եղբայրդ քու սիրտիդ մէջ մի՛ ատեր. քու դրացիդ անպատճառ յանդիմանէ՛, որպէսզի անոր համար մեղք չկրես» (Ղւ 19.17):
Այս պարտաւորութիւնը պէտք է համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ կատարենք, միաժամանակ՝ խոհեմութեամբ եւ հեզութեամբ, որպէսզի չվրդովեցնենք այն մարդոց սիրտերը՝ որոնց կը փափաքինք խրատել: Այս կերպով կատարուած խրատը աւելի կ՚ընդունուի, սակայն երբեմն ալ պէտք է նաեւ ձեռք ձգել զօրութիւն եւ սաստկութիւն՝ թմրած խիղճը արթնցնելու համար: Խրատելու ժամանակ գլխաւոր պայմանը՝ սէ՛րն է եւ հոգին փրկելու փափաքը, հետեւաբար պէտք է միշտ Աստուծոյ օգնութիւնը եւ յոյսը խնդրել, միաժամանակ մեծ ուշադրութիւն դարձնել մեր պակասութիւններուն վրայ եւ ուղղել մեր վարքն ու ընթացքը. «Կամ, ինչպէ՞ս եղբօրդ կ՚ըսես. “Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ”, երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ» (Մտ 7.4). «Եղբայրնե՛ր, եթէ պատահի որ ոեւէ մէկը յանցանքի վրայ բռնուի, դուք՝ որ Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուիք՝ պէտք է հեզութեամբ զայն ուղիղ ճամբու բերէք։ Նաեւ զգոյշ եղէք դուք ձեզի, որպէսզի չըլլայ որ դուք ալ փորձութեան մէջ իյնաք։ Իրարու բեռը վերցուցէք, եւ այդպիսով կատարեցէք Քրիստոսի սիրոյ օրէնքը։ Որովհետեւ ով որ կը խորհի թէ ուրիշներէն տարբեր է՝ այնպիսին ինքզինք կը խաբէ, որովհետեւ բնաւ ալ տարբեր չէ։ Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու։ Որովհետեւ՝ իւրաքանչիւր մարդ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ինք պիտի կրէ» (Գղ 6.1-5). «Բայց եւ այնպէս՝ թշնամիի տեղ մի՛ դնէք, այլ իբրեւ եղբայր խրատեցէք» (Բ.Թս 3.15):
գ) Պարտաւոր ենք մեր ընկերոջ հոգեւոր բարութեանը օգնել, թեթեւցնելով եւ մխիթարելով նեղութեան եւ տառապանքներու մէջ, որպէսզի չյուսահատի եւ չտրտնջայ Նախախնամութեան դէմ, այլ ընդհակառակը՝ օգնենք, որպէսզի օրհնէ Աստուծոյ կամքը. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7):
դ) Պարտաւոր ենք ամէն ինչի մէջ մեր ընկերներուն բարի օրինակ ըլլալ: Ա՛յս է ամենէն հաստատ եւ ապահով ճանապարհը, որով դիւրութեամբ կրնանք մեր ընկերոջ օգնել. «Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 5.16): Ասկէ կրնանք իմանալ, թէ ինչքա՛ն ահաւորութեամբ կը մեղանչենք մենք, երբ չար օրինակով պատճառ կը դառնանք ուրիշներու կորուստին, կա՛մ խօսքով, կա՛մ գործով, որով ուրիշները կը մոլորին, կա՛մ [իրենց] պարտաւորութենէն կը հեռանան: Այսպիսի պարագաներու մէջ ինչպէս որ մեր ընկերոջ կորուստին պատճառ ենք, նոյնպէս Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու ենք անոր հոգիին համար եւ անոր գործած իւրաքանչիւր չարութեան համար: Քրիստոս «վա՜յ» կ՚ըսէ ան մարդուն՝ որ կը մոլորցնէ. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր» (Ղկ 17.1-2):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 142
Վաղարշապատ